Լիբանանեան Ազգային Ուժերու, Անձնաւորութեանց Եւ Կուսակցութեանց Հանդիպումը Դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը

FotorCreatedԼիբանանեան ազգային ուժերը, անձնաւորութիւնները եւ կուսակցութիւնները իրենց հերթական հանդիպումը գումարեցին հինգշաբթի, 16 ապրիլ 2015-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական, արաբական եւ շրջանային վերջին իրադարձութիւնները: Աւարտին, ժողովականները հաստատեցին հետեւեալը.

– Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հանդիպումը կը դատապարտէ օսմանցի իշխողին գործադրած ջարդերը հայ ժողովուրդին դէմ` իր զօրակցութիւնը յայտնելով իրաւազրկուած հայ ժողովուրդին:

Ժողովականները կ՛ողջունեն Հռոմի պապին կեցուածքը, որ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը` դիտել տալով, որ օսմանեան այս ջարդերը այսօր կը կրկնուին Սուրիոյ մէջ, հաւատադրժողական ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ, որոնք կը վայելեն զօրակցութիւնը օսմանեան բռնատիրութիւնը վերահաստատել ձգտող Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի:

Այն բռնատիրութեան, որ այսօր կ՛ուզէ վերահաստատել` թրքական գաղտնի սպասարկութեանց ցանցերուն կողմէ զինուող ու ֆինանսաւորուող ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի ահաբեկիչներուն կողմէ հոսեցուող ծերերու, կիներու եւ մանուկներու արեան եւ դիակներուն վրայ:

-Ժողովականները կանգ առին Զինուորական ատեանին մէջ կատարուած խոստովանութիւններուն առջեւ, զօրավար Համուտի դերակատարութեան շուրջ` հիւսիսային Լիբանան զէնք մտցնելու, այդ զէնքերը տեղական ճակատներու ղեկավարներուն բաժնելու եւ Թրիփոլիի ընտանիքներուն դէմ ջարդեր կազմակերպելու գծով:

Ժողովականները լիբանանեան պետութենէն պահանջեցին զօրակցիլ դատարանին եւ դատավարութեանց ընթացքին չարտօնել որեւէ միջամտութիւն:

aztagdaily.com

Տպել Տպել