«Ազդակ»ի Խմբագրական. Երիտասարդութիւնը` Բարձունքի Վրայ

FotorCreated100-րդ ապրիլ 24-ին հաշուըւած օրեր մնացած են, եւ հայկական աշխարհը ամբողջ կ՛եռայ 100-ամեակի նշումներով: Ընդհանուր գնահատական թէ՛ գաղափարախօսական, թէ՛ բովանդակային եւ թէ՛ ներազգային ու միջազգային մակարդակներու վրայ արձանագրած ձեռքբերումներուն, կանխահաս է կատարելը: Տարին ամբողջ 100-ամեակով բնորոշուած է եւ աշխատանքները կը ներառեն տակաւին հետագայ ամիսները:

Այս ուղղութեամբ գերաշխուժ վիճակի մէջ է լիբանանահայ համայնքը: Այս սիւնակներէն կատարուող աշխատանքներուն ռազմավարական մօտեցումներուն, արտաքին հանգամանքներուն եւ անոնց ձգած ազդեցութիւններուն մասին խորհրդածութիւններ կատարուած են: Անցնող շաբաթավերջը կը ստիպէ կեդրոնանալ յատուկ երեւոյթի վրայ, որ հեռանկարային է պարզապէս այն առումով, որ շեշտակիօրէն երիտասարդական բնոյթ կը կրէ թէ՛ իբրեւ նախաձեռնութիւն եւ թէ՛ այս անգամ մանաւանդ իբրեւ ստեղծագործութիւն:

Դաշնակցական ուսանողութեան, երիտասարդութեան եւ պատանեկան միութեանց կողմէ շաբաթավերջին կազմակերպուած ձեռնարկները թէ՛ ընտրուած ժամանակի, թէ՛ թեմաներու, բովանդակութեան եւ թէ՛ ուղղուածութեան առումներով համակարգաւորուած, ծրագրաւորուած եւ նպատակայնութեամբ յատկանշուած էին:

Եթէ Այնթուրայի որբանոցի ընտրութիւնը, ոչ միայն այսօրուան գործող դպրոցի շրջանակները, այլեւ ընդհանրապէս ԼԵՄ-ի մասնաճիւղի աշխարհագրական միջավայրի` լիբանանեան քաղաքական եւ ինքնակառավարման շրջանակները յաջողեցաւ ներգրաւել եւ փոխանցել հիմնական պատգամը, ապա մեր պատանիները Պէյրութի գլխաւոր հրապարակին վրայ ստեղծագործական բեմականացումներ հրամցուցին հանրութեան` դասական ընկալեալ սովորութիւններէ դուրս բերելով Ցեղասպանութեան հարցին շուրջ իրազեկուածութիւն ապահովելու միջոցները: Իսկ Զաւարեանի կազմակերպած բազմահարիւր կանթեղներու դէպի երկինք բաց թողելը գրաւեց այդ ժամերուն գլխաւոր մայրուղին օգտագործող բազմահազար լիբանանցիներուն ուշադրութիւնը: Մինչ երիտասարդութեան մասնակցութիւնը այսուհետեւ այսու նաեւ թաղային շրջաններու մէջ իրականացուող միացեալ ձեռնարկներուն կամ Ցեղասպանութեան վերաբերող նոր հրապարակուած ժապաւէններու ցուցադրութիւնը գրաւեց ձեռնարկներուն առանցքային բաժինը որոնողներուն ուշադրութիւնը: Այս բոլորին կուտակումը ինքնին կը նպաստէ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք 100-ամեակի երիտասարդական միացեալ հիմնական ձեռնարկի նախապատրաստութեան:

Ցեղասպանութեան շուրջ իրազեկումի աստիճանի բարձրացման միտող այս ձեռնարկները հասան լիբանանցիին, որ արդէն ամիսներէ ի վեր տարբեր առիթներու, յատկապէս լիբանանեան ակադեմական եւ աշակերտական շրջանակներու մէջ կազմակերպուող աննախընթաց նախաձեռնութիւններով այս կամ այն ձեւով կ՛առնչուի 100-ամեակի առիթով երկրին մէջ ստեղծուած ընդհանուր մթնոլորտին:

Ուղերձ առաջինը այս բոլորին` լիբանանեան հասարակութեան հասանելի դառնալն է: Լիբանանցի անձնաւորութիւնները ոչ թէ հրաւիրելն է մեր ձեռնարկներուն, այլ ձեռնարկները զուտ լիբանանեան միջավայրերու մէջ կազմակերպելն է:

Ուղերձ երկրորդը` երիտասարդութեան նախաձեռնողականութիւնն է: 100-ամեակի նիւթով կազմակերպուող ձեռնարկներուն կարեւորագոյն համեմատութիւնը երիտասարդական բնոյթ կը կրէ:

Երրորդը` նախաձեռնութիւններու տարատեսակ բնոյթն է: Ցոյցեր, որոնք տեղի կ՛ունենան Ցեղասպանութիւնը ցարդ չճանչցած եւ չդատապարտած երկիրներու դեսպանատուներուն առջեւ եւ որոնց առիթով կը յղուին պահանջագիրներ: Զուգահեռ բեմականացումներ` առանց ամպագորգոռ յայտարարութիւններու պատգամ հասցնելու արդի մեթոտաբանութեան կիրարկումով:

Չորրորդը` ստեղծագործ միտքն է: Այս տարի դաշնակցական երիտասարդական միաւորները հանդէս կու գան ոճի նորարարութիւններով, ժամանակին համահունչ միջոցներով եւ ատով իսկ կը գրաւեն ոչ միայն լիբանանցիներուն, այլ նաեւ Լիբանանի մէջ ապրող օտարազգիներուն ուշադրութիւնը:

Ուղերձներու շարքը կարելի է երկարել: Հիմնականը այն է, որ երիտասարդութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` բարձունքի վրայ է, քաղաքական ուղերձ յղելու իր պատրաստուածութեամբ, ներազգային գործընթացներուն մանրամասնութիւններուն իրազեկ, լիբանանեան հասարակութեան ճիշդ փոխանցումները կատարելու, եւ այդ բոլորին համար ժամանակակից ձեւերն ու ստեղծագործ միտքը օգտագործելու առումով: Եւ ճիշդ ա՛յս է հեռանկարայինը: Երիտասարդութիւնը կը հաստատէ այսպիսով, որ մեր իրաւատիրական երթը կ՛ընթանայ ճիշդ հունով: Նաեւ ճի՛շդ աշխատակարգով:

aztagdaily.com

Տպել Տպել