«Ազդակ»ի Խմբագրական. Մեր Յուշարարութիւնը Եւ Հաւաքական Յիշողութեան Վերականգնումը

FotorCreated6 մայիս 2015-ը տարբեր հնչեղութիւն ունի: Այս սիւնակներէն հերթական անգամ ընդգծուած էր անհրաժեշտութիւնը Մայիս 6-ի խորհուրդը վերականգնելու, պատմական իրադարձութիւնները իրենց էութեան մէջ յիշելու եւ այդ առիթով յարգելու օսմանեան ջարդարար քաղաքականութեան զոհ գացած լիբանանցի նահատակներուն յիշատակը:

Կը թուի, որ այս տարուան Մայիս 6-ը հիմնական քայլ կ՛առնէ այդ ուղղութեամբ, յատկապէս լիբանանեան մակարդակի վրայ հաւաքական յիշողութեան կարեւոր վերադարձ կատարելու: Այդ յուշարարութեան պաշտօնը մինչ այժմ լիբանանահայ համայնքը ստանձնած էր, որ պէտք է ըսել առաջադրուած արդիւնքը չէր ձգած:

Տարբեր հանգամանքներ ազդեցիկ դարձան` հաւաքական յիշողութեան վերականգնման գործընթացին վրայ:

Պէտք է նկատի ունենալ Ապրիլ 24-ի եւ Մայիս 6-ի միջեւ գոյութիւն ունեցող նեղ ժամանակահատուածը. օրեր միայն կը բաժնեն երկու թուականները եւ այդ առումով ապրիլին հնչած քաղաքական յայտարարութիւնները եւ անոնց մէջ ներառուած լիբանանեան հաւաքական սովամահացումի յղումները նախաբան կը ծառայեն Մայիս 6-ին կատարուելիք յայտարարութիւններուն:

Յատկապէս 100-ամեակի այս տարուան ընթացքին, երբ համընդհանուր ձեւով եւ մասնաւորաբար Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ կար յատուկ ռազմավարութիւն Հայոց ցեղասպանութեան նշումի տարողութիւններուն համալիբանանեան դիմագիծ տալու, աշխատանքներուն պահանջատիրական նկարագիրին առընթեր ապահովելով նաեւ զօրակցականը, տարբեր քաղաքական հաւաքներուն, դասախօսական երեկոներուն եւ բողոքի գործողութիւններուն ընթացքին բնական անցում կատարուեցաւ նաեւ Մայիս 6-ի խորհուրդին: Այնքան մը, որ լիբանանեան պետական դէմքեր չվարանեցան ինքնաքննադատական մօտեցումով հրապարակային ձեւով հայկական օրինակը վերցնելու, չմոռնալու եւ դատապարտելու այն ինչ որ ցեղասպան պետութիւնը իրականացուց ընդհանրապէս լիբանանցիներուն եւ մասնաւորաբար Լեռնալիբանանի ժողովուրդին նկատմամբ:

Քաղաքական հայեացքը կը յուշէ նաեւ, որ լիբանանահայ գործօնին առընթեր արտաքին քաղաքական պայմաններ եւս նպաստեցին հաւաքական յիշողութեան վերականգնման ճիգերուն արդիւնաւորուելուն: Տարածաշրջանին մէջ իրականացուած ցեղային զտումները, գործադրուած` յատկապէս քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւններուն նկատմամբ, շարժիչ գործօն հանդիսացան յիշելու այն, ինչ որ պատահեցաւ Օսմանեան կայսրութեան օրերուն Լիբանանի մէջ:

Այս բոլորին վրայ նկատառելի ազդեցութիւն ունեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին յայտարարութեան յատկապէս այն բաժինը, ուր զուգահեռ կը գծուէր անցեալի եւ ներկայի ցեղասպանութիւններուն միջեւ: Միջին Արեւելքի մէջ ապրող եւ վտանգուածի զգացողութիւնը ունեցող քրիստոնեայ տարրին համար ուղեցոյց նկատուող վատիկանեան որեւէ յայտարարութիւն անպայման անցեալի եւ ներկայի ցեղասպանութիւններու զուգահեռացման ետին պիտի տեսնէր ցեղասպանութիւնները իրականացնող ուղղակի եւ անուղղակի հասցէն: Սակայն միեւնոյն հասցէն: Այդ հասցէէն եկած, եկող ու գալիք վտանգներուն քաղաքական զգացողութիւնը բարձրացուց նաեւ այն ալիքը, որ տեղ-տեղ զօրակցական բնոյթ ստացաւ, եւ անոր առընթեր` կատարեց հաւաքական յիշողութեան վերադարձի կտրուկ շրջադարձը:

Գերզգօնութիւնը պարտադիր է սակայն, այս հարցերու արծարծման ընթացքին կրօնական բաժանարար գիծերէ հեռու մնալու համար: Տեղւոյն թուրք դեսպանին մամլոյ հրապարակումներուն մէջ յստակ էր այն առաջադրանքը, որ թէ՛ պատմական եւ թէ՛ ներկայ իրադարձութիւններուն ուղղութեամբ իր կատարած մեկնաբանութիւններուն մէջ լիարժէք ձեւով փորձ կը կատարէր օգտագործելու կրօնական հանգամանքը: Հաւաքական ճիշդ յիշողութիւնը կը համոզէ, որ Մայիս 6-ին նահատակուեցան թէ՛ քրիստոնեայ եւ թէ՛ իսլամ լիբանանցիները: Այս յուշարարութիւնը եւս լիբանանահայութեան ուսերուն կ՛իյնայ:

Վերջապէս. այս բոլոր առաջադրանքներու առարկայացումը տեղի կ՛ունենայ Մայիս 6-ի բուն խորհուրդին վերականգնումով եւ Նահատակաց օրը իր պատուանդանին վերատեղադրելու պետական համապատասխան որոշումով: Նաեւ խորհրդարանին մէջ յատուկ բանաձեւով ամրագրելով Նահատակաց օրուան համալիբանանեան նշանակութիւնը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել