«Ազդակ»ի Խմբագրական. Յաղթանակներու Ընկալումը Եւ Մեր Գոյութեան Շարունակականութիւնը

FotorCreatedՄայիսը յաղթանակներու ամիս է` եռատօն բանաձեւով բնութագրուած: Պատմական իրադարձութիւններու ժամանակագրական կարգը յարգելով` Սարդարապատի դիւցազնամարտն ու Ա. Հանրապետութեան կերտումը Բ. Աշխարհամարտի հայրենական պատերազմի յաղթական աւարտը, եւ Շուշիի ազատագրման ու Լեռնային Ղարաբաղի բանակի օրուան խորհուրդով ամրակայուած երկրորդ պետութեան ստեղծումն ու այդ ճամբով Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորումը:

Պէտք է մտածել, որ մեր ժողովուրդի հաւաքական հոգեկերտուածքին մէջ որքան ուրոյն եւ խորունկ իմաստ ունի այս ամիսը, եթէ նկատի ունենանք յաղթանակներուն ձգած խորունկ ազդեցութիւնը մեր հաւաքական նկարագիրին կազմաւորման մէջ: Մեր պատմութիւնը, ցաւօք, աւելի էջեր ունի հայրենիքի կորուստի, տեղահանութիւններու, բնակչային տեղաշարժերու, թագաւորութեան անկումներու, պետականազուրկ իրավիճակներու, ջարդերու եւ ցեղասպանութեան վերաբերեալ:

Յաղթանակն ու յաղթողի հաւաքական հոգեբանութիւնը աւելի քան անհրաժեշտ է մեր ժողովուրդին համար արարելու, ստեղծագործելու եւ նոր զսպանակումով իր ուրոյն տեղը պահպանելու երկրագունդին վրայ:

Պէտք է բանալ երանգային փակագիծերը եւ հաւանաբար դիտարկել, որ «հայրենական պատերազմ»-ը, որ խորքին մէջ «մեծ հայրենիք»-ին կը վերաբերէր եւ որուն բերած նպաստը հայ ժողովուրդի համեմատական առումով ամէնէն հսկայականն էր, մեր ազգի երթին մէջ կրնայ ըլլալ, որ միեւնոյն ճակատագրականութեան համոզումը չի փոխանցեր` այն ինչ որ կը փոխանցեն Սարդարապատն ու Շուշին: Այսուհանդերձ, «մեծ հայրենիք»-ին համար մեծ յաղթանակին մէջ մեծ ներդրում ունեցած հայ ժողովուրդին համար հայրենական պատերազմի յաղթանակը եւս կը միանայ ազգային մեր պատմորոշ յաղթանակներու շարքին:

Համաշխարհային Բ. պատերազմին տարուած յաղթանակը իրաւամբ մերը կարելի է համարել նախ այն պատճառով, որ այդ պատերազմի ամենածանր ճակատներուն վրայ մարտնչելով, հայաստանցի գրեթէ ամէն ընտանիքէն ոչ միայն մասնակից, այլեւ զոհ եղած է: Համեմատական կարգով ունեցած ենք ամենաշատ զոհերը, ինչպէս եւ հերոսի շքանշանի արժանացածները: Հայութիւնը այս պատերազմը ընկալեց մեծ զգայնութեամբ, քանի որ ինք թրքական ֆաշականութեան զոհ էր: Եւ պատահական չէ, որ սփիւռքահայութիւնը իր աջակցութիւնը ցուցաբերեց խորհրդային երկրին, հակառակ անոր որ այնտեղ կ՛իշխէր ստալինեան բռնիշխանութիւնը: Սփիւռքահայեր ու նախկին ռազմագերիներ մաս կազմեցին եւրոպական բազմաթիւ պատերազմող երկիրներու դիմադրական շարժումներուն: Իսկ ամէնէն կարեւոր գործօնը թերեւս այն էր, որ կասկած չկար, Գերմանիոյ դաշնակից Թուրքիան, յարմար պահուն, պիտի ներխուժէր Խորհրդային Հայաստանի տարածք: Իրապէս ալ, ինչպէս հետագային փաստուեցաւ, Ստալինկրատի անկումը ազդանշան պիտի դառնար թրքական յարձակման համար:

Եռայաղթանակին մէջ հիմնաւորեալ ձեւով միացուած են Շուշիի ազատագրումն ու Արցախի բանակի օրուան նուիրականացումը: Ազատագրուած Շուշիով արդէն համոզիչ կը դառնար ոչ միայն ընդհանուր Արցախի ազատագրումը, այլ նաեւ երկրորդ հանրապետութեան կայացումը: Այս օրերու քաղաքական իրադարձութիւններու վերլուծման փորձը ոչ միայն Շուշիով եւ Արցախով կը դիտարկէ երկրորդ ցեղասպանութեան կանխարգիլումը, այլ գերժամանակակից մեկնաբանութիւններ կ՛ապահովէ այսօրուան իրավիճակին:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումները չէզոքացնելու միտուած երկկողմանի աշխատանք կ՛իրականացուէր թուրքեւազրպէյճանական միացեալ մեքենային կողմէ: Շատ ամփոփ բանաձեւելու համար, եթէ Կալիփոլին հակաքայլ էր այս առումով, ապա յատկապէս Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծը թէժ իրավիճակի մէջ պահելը առաջնային յանձնարարական էր Պաքուի կողմէ` տրուած ազրպէյճանական բանակին: Արցախի բանակին զսպիչ ու պատժիչ գործողութիւնները չէզոքացուցին հակաքայլերու մարտավարական խաղերը եւ տապալեցին Պաքուի յանձնարարականը: Ո՛չ Կալիփոլին, ո՛չ ալ ազրպէյճանական ոտնձգութիւններու աշխուժացումը կրցան ստուեր ձգել 100-ամեակի նշումներուն վրայ: Բոլոր հանգամանքներուն վրայ ա՛յս արժանիքով ալ կարեւոր կը նկատուի Արցախահայոց բանակի օրուան խորհուրդը:

Սարդարապատեան յաղթանակը ա. Հանրապետութեան կերտումի մեծագոյն խորհուրդին առընթեր եւ հաւանաբար անկէ առաջ ըստ էութեան համընդհանուր ցեղասպանական քաղաքականութեան տապալումն էր: Ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի ետք արեւելահայութիւնն ու Արեւելահայաստանը արեւմտահայութեան եւ Արեւմտահայաստանի ճակատագիրին ենթարկելու համաթրքացման ցեղասպանական քաղաքականութիւնը տապալեցաւ: Այս յաղթանակն էր, որ ապահովեց հայ ազգի շարունակականութիւնը: Մենք ազգովին պէտք է պատրաստուինք մեր լինելութիւնը ապահոված գոյապայքարի յաղթանակին 100-ամեակը տօնակատարելու համազգային առաջադրանքին:

aztagdaily.com

Տպել Տպել