Հաղորդագրութիւն Թիւ 13

FotorCreated2015-ի ապրիլ եւ մայիս ամիսները վտանգի ահաւորութեան իմաստով մեծապէս ծանր եղան հալէպահայութեան համար: Այս պայմաններուն մէջ մեր ժողովուրդի զաւակներէն ոմանք ժամանակաւոր, ոմանք մնայուն կերպով տեղափոխուեցան Հալէպէն: Սակայն պատկառելի թիւ մը իր դիմագրաւած դժուարութիւններով հանդերձ շարունակեց եւ տակաւին կը շարունակէ մնալ Հալէպի մէջ` ջանք չխնայելով իր ընտանիքին եւ հալէպահայ համայնքին պահպանման նպաստելու գործին մէջ:

Կամաւորաբար Հալէպ մնացող հայութիւնը, այսօ՛ր, ամէն ժամանակէ աւելի կարիքը ունի գործնապէս զգալու, որ արտասահմանի իր ազգակիցները նեցուկ կը կանգնին իրեն եւ առանձին չեն ձգեր զինք այս վիճակին մէջ: Հալէպահայը կարիքը ունի զգալու, որ քար առ քար վերակառուցող ընտանեկան, հոգեւոր թէ կրթական օճախին համար իր ձեռքերուն հետ այլ հարազատ ձեռքեր եւս կան:

Մեր պարտաւորութիւնն է ամէն ձեւով տէր կանգնիլ մեր ժողովուրդին, եւ այս առաքելութիւնը կը պահանջէ Հալէպ մնացող հայութեան առօրեայ կեանքի բարելաւման նպաստող նախաձեռնութիւններով օժանդակութիւն կատարել: Հալէպ մնալ կամեցող հայ ընտանիքները անհրաժեշտ կարիք ունին նիւթական օժանդակութեան, եւ հալէպահայերուն պէտք է վերապահել օժանդակութեան նախապատուութիւնը:

Ո՛չ մէկ հալէպահայու համար բացարձակապէս դիւրին գործ է դարերու խորութիւն ունեցող, իր հոգեւոր եւ նիւթական մշակոյթով պատմական արժէք ներկայացնող, հայ մարդու կերտման ու մարդուժի պատրաստման դարբնոց հանդիսացող եւ հայ իրականութեան մէջ իր անհերքելի նպաստը ունեցող հալէպահայ համայնքի գոյութիւնը անցեալ նկատելը:

Հետեւաբար անհրաժեշտ է ըմբռնել եւ յարգել Հալէպ մնացողներուն պայմաններն ու մօտեցումը եւ հալէպահայուն այս ճակատագրական պահուն շարունակել անմիջական օգնութեան ձեռք երկարել:

Հալէպահայու կանչը վստահաբար անարձագանգ չի մնար:

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ

Հալէպ, 18 մայիս 2015

aztagdaily.com

Տպել Տպել