Ակնարկ. 3 Երեսփոխան, 3 Կուսակցութիւն, 3 Առաջադրանք

FotorCreatedԹուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքով խորհրդարան մուտք գործեցին երեք հայեր` լրագրող Մարգար Եսայեան (ներկայիս իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւն), Կարօ Փայլան (քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւն) եւ փաստաբան Սելինա Էօզուզուն Տողան (Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւն):

Հայկական ներկայացուցչական պատկերին մասին անհրաժեշտ է քանի մը դիտարկում կատարել` հետագայ իրադարձութիւններուն վրայ անոնց ունենալիք հաւանական (կամ գուցէ նաեւ անհաւանական) ազդեցութիւնները կանխատեսելու համար:

Դիտարկում առաջին. Թուրքիոյ քաղաքական ամէնէն կարեւոր ուժերը չեն ուզած շրջանցել փոքրամասնական, որոնց կարգին հայկական երեւոյթը: Նոյնիսկ իր յայտարարութիւններուն ցեղապաշտական բնոյթի սահմանը հատած Էրտողանի գլխաւորած կուսակցութիւնը իր ցանկին մէջ ներառած է հայազգի Եսայեանը: Եսայեանի հրապարակագրական պատմականը կը նշէ, որ որոշ ժամանակ մը հակաէրտողանական դիրքերու վրայ գտնուելէ ետք է, որ հակած է Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան: Հեղինակ է վէպերու, որոնք կ՛արծարծեն ընդհանրապէս Թուրքիոյ հասարակութեան ընկերաբանական խնդիրները: վէպերը շօշափած են նաեւ «Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած դէպքերու պատճառով հայերու ապրած եղելութիւններու երկուութիւնները»: Կ՛ենթադրուի, որ հայկական հարցերու խորհրդարանական եւ նոյնիսկ արտախորհրդարանական արծարծումներուն ընթացքին ան դժուար թէ շեղում կատարէ իր ներկայացուցած քաղաքական վարքագիծէն: Այլ խօսքով, երկրորդ Մահճուբեան ըլլալու տարբերակը այստեղ բացառուած է: Վերջին շրջանին, «Ակօս»-ի շրջանակէն «Թարաֆ»-ի շրջանակ անցումէն ետք, Եսայեանի հրապարակագրութիւնը գործող վարքագիծին ճշդած սահմանները յարգած է, ինչ որ մտածել կու տայ, որ նման վարքագիծ մը յաւելեալ պատճառներով կրնայ դրսեւորուիլ խորհրդարանին մէջ:

Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ընտրացանկին ճամբով խորհրդարան հասած Սելինա Էօզուզուն Տողանը կեդրոն-ձախակողմեան աշխարհահայեացքով քաղաքական գործիչ է, որուն յայտարարութիւնները առաւելաբար կը շօշափեն Թուրքիոյ մէջ ազգային եւ ընկերային խտրականութիւններու վերացման անհրաժեշտութիւնը: Ազգային ինքնութեան խնդիրը այս ընդհանուր պարունակին մէջ կը շեշտուի կին երեսփոխանին համար: Ալեւի ծագում ունեցող իր ամուսինին հետ, որ որոշ ժամանակ ստանձնած էր Հրանդ Տինքի փաստաբանի պաշտօնը, Տողան աշխուժօրէն ներգրաւուած էր Տինքի սպանութեան ծալքերը բացայայտելու աշխատանքին մէջ:

Ընտրուած հայազգի երեսփոխաններէն ամէնէն յառաջադէմ դէմքը Կարօ Փայլանն է, որ ուշագրաւ յայտարարութիւններով յայտնուած է այսօր հայ քաղաքական մտքի շրջանակներուն ուշադրութեան կեդրոնը: Նախընտրական ժամանակաշրջանը կամ ընդհանրապէս Փայլանի հասարակական գործունէութիւնը նկատի ունենալով ակնկալելի է, որ ան ամէնէն յանդուգն եւ աննախադէպ յայտարարութիւններով հանդէս գայ իր օրէնսդրական կամ ընդհանրապէս պետական-քաղաքական գործունէութեան ընթացքին: Ընտրուելէն ետք իր տուած հարցազրոյցին մէջ Փայլան խօսած է Ցեղասպանութեան թրքական ինքնախոստովանանքի, ժխտողականութիւնը մերժելու, Տինքի, Սեւակ Պալըքճըի երեւոյթներուն եւ հայ համայնքի իրաւունքները պաշտպանելու անհրաժեշտութիւններուն մասին: Մէջբերել պէտք է նաեւ Փայլանին պատկանող հետեւեալ հատուածը. «Պէտք է Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութեան յանցանքը գիտակցուի, հայկական ինքնութիւնը կարգաւորուի եւ Հայաստանի նկատմամբ թշնամանքը վերանայ: Անշուշտ, ես կը յարգեմ Հայաստանի եւ սփիւռքի մղած պայքարը: Բայց կոչ կ՛ընեմ բոլորին, բոլոր հայկական կուսակցութիւններուն, անոնց շարքին` դաշնակցականներուն, եկէք այդ պայքարը այստեղ մղենք: Թուրքիա եկած ամէն մէկ հայ իր ներգործութիւնը կ՛ունենայ»: Փայլան, պարզապէս կ՛ընդգծէ Թուրքիոյ մէջ տարուելիք քաղաքական գործունէութեան համահայկական տարողութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը:

Պարզ է, որ Փայլան-Տողան երեսփոխաններու քաղաքական վարքագիծերը յաճախակիօրէն պիտի համընկնին իրարու. առաջին հայեացքով կը թուի, որ տարբեր առիթներու հակասութիւններ պիտի երեւին այս երկուքին եւ Եսայեանի որդեգրելիք դիրքորոշումներուն միջեւ: Զգօնութիւնը կրնայ օգտակար ըլլալ` Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ներհայկական հակասութիւններ հրամցնելով այլոց շահարկումները կանխելու համար: Յատկապէս հայկական հիմնական հարցերու պարագային: Այդ հարցերը հիմնական երեք ուղղութիւն կ՛ունենան. նախ տեղւոյն հայ համայնքին հետ կապուած հարցեր, ինքնութեան դէմ կիրարկուող խտրողականութիւն, բռնագրաւուած համայնքային կալուածներու վերադարձի խնդիրներ, մինչեւ կրթական ու մշակութային հարցեր: Երկրորդ. Անգարա – Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացներ եւ երրորդը, եթէ նկատի ունենանք ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան նախընտրական խոստումները, Թուրքիոյ ժողովրդավարացման պայքարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ընդունման հետ կապուած հարցեր:

550 հոգինոց խորհրդարանին մէջ 3 հայ երեսփոխան ունենալու իրականութեան դիմաց գերխանդավառուիլը օգտակար չէ: Բեկումնային պահեր ակնկալելը եւ ուղղակի հայկական գործօնի ազդեցիկութեան մասին խօսիլը եւս կրնայ իրատեսական չհնչել: Այսուհանդերձ բոլորովին այլ հանգամանքներով կրնան նոր կացութիւններ ստեղծուիլ ընդհանրապէս Թուրքիոյ համար, ուր ի շարս այլ գործօններու եւ ազդակներու հայկականը եւս կրնայ ստանալ կարեւոր նշանակութիւն: Նման պահու համար քաղաքականօրէն պատրաստուիլը հայութեան ռազմավարական օրակարգերուն մաս պիտի կազմէ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել