Ակնարկ. Իրաւական Պահանջատիրութեան Առաջին Քայլերը

FotorCreatedԱնթիլիասի մէջ օրեր առաջ տեղի ունեցած դասախօսական երեկոներն ու մամլոյ ասուլիսը ծառայեցին Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ յարուցուած դատին հիմնական իրաւական ուղիները ըմբռնելու:

Այսպէս. երկու թուրք անձնաւորութիւններու ներգրաւուածութիւնը այս հարցին` արխիւային եւ իրաւական խնդիրներու համակարգման անհրաժեշտութիւն կ՛ընդգծէ: Օսմանեան արխիւներու մասնագէտ Թաներ Աքչամը եւ Թուրքիոյ ու ընդհանրապէս միջազգային օրէնսգէտ Ճեմ Սոֆուօղլուն իրենց ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները կը փոխանակեն հիմնահարցին թէ՛ պատմաիրաւական եւ թէ՛ ներկայ Թուրքիոյ սահմանադրութեան դրոյթները նկատի ունենալով:

Պարզ դարձաւ, որ Օսմանեան կայսրութեան արխիւներուն մէջ գտնուող նիւթերուն համաձայն, Օսմանեան կայսրութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ճանչցած է իբրեւ անկախ միաւոր: Այս փաստը կ՛երեւի նաեւ Ճեմալ-Թալէաթ նամակագրութեանց մէջ, ուր յստակ ընդգծում կը կատարուի այս հաստատումին: Արխիւային այս նիւթերը անհրաժեշտ են Սիսի կաթողիկոսարանին ժառանգորդը իբրեւ իրաւատէր ճանչնալու իրաւական հիմքի ամրագրման առումով:

Նուրբ հարցադրումը այստեղ կը վերաբերի իրաւաժառանգորդ նկատուելու երկկողմանիութեան: Այսինքն` այսօրուան Թուրքիա իրաւական առումով յաչս թէ՛ Թուրքիոյ օրէնսդրութեան եւ թէ՛ մանաւանդ միջազգային օրէնքին կը նկատուի՞ պատասխանատու իր նախորդ պետութեան, վարչակարգին գործունէութեան: Այս հարցը ըստ էութեան շատ աւելի խորքային է, քան Սիսի կաթողիկոսարանին հետ կապուած խնդիրը: Այն առումով, որ շեշտակիօրէն կը վերաբերի Ցեղասպանութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնելու միջազգային օրէնքին հիման վրայ կայացած իրաւական դրոյթին: Բայց վերադառնալով Սիսի կաթողիկոսարանի դատին, իրաւական մեկնաբանութիւնները հակառակորդ կողմը կրնայ զարգացնել այն մօտեցումով, որ պատասխանատուութեան շարունակականութեան օրէնքը կը յենի տուեալ տարածքի սահմաններուն եւ այնտեղ ապրող ժողովուրդի պահպանման հիմքերուն վրայ:

Թուրք պատմաբանին եւ թուրք փաստաբանին հանդիպումները արծարծեցին աւելի զգայուն կէտ մը եւս, որ անհրաժեշտութիւնը ունէր պարզաբանման: Փաստաբան Սոֆուօղլուն յստակեցուց, որ առաջադրուածը այս դատին ոչ թէ Սիսի կաթողիկոսութեան դիմաց փոխհատուցումի կարգով նիւթական ստանալն է, այլ նոյնինքն կաթողիկոսութեան ու կաթողիկոսապատկան կալուածներու վերադարձը:

Ոչ միայն նիւթական, այլ նաեւ ընդհանրապէս փոխհատուցումը այստեղ մերժելի է դատ յարուցող կողմին համար: Յաւելենք անմիջապէս, որ մեր պահանջատիրական բառապաշարին մէջ փոխհատուցում բառեզրի օգտագործումէն խուսափումը հրամայական է. փոխհատուցումը կալուածներու, ինչքերու, եկեղեցիներու, ընդհուպ մինչեւ տարածքներու` կրնայ շատ հանգիստ տեղաւորուիլ Անգարայի ծրագիրներուն մէջ: Նախկին արտաքին գործոց նախարար (ներկայիս վարչապետ) Ահմեթ Տաւութօղլուն, ամբողջ փոխհատուցումի ռազմավարութեան վրայ կայացուցած էր թաւշեայ ժխտողականութիւնը: «Հրամմեցէք համատեղ հայրենիք» խաղը փոխհատուցումներու հիման վրայ կը փորձէր չէզոքացնել հայկական պահանջատիրական շարժումը:

Շփոթը, որ կրնայ ահազանգում յառաջացուցած ըլլալ, բխած է դատի բացման համապատասխան փաստաթուղթի ճշդած ձեւակերպումներէն, ուր դատ բացողը պահանջած կալուածին համապատասխան արժեգինը ընդհանուր գումարի տարազին տակ պարտաւոր է նշել: Ասիկա որեւէ կերպ չի նշանակեր, թէ կալուածին փոխարէն նիւթական հատուցումը կը բաւարարէ պահանջող կողմը:

Այս յստակեցումները անհրաժեշտ էին. եւ հանդիպումներն ու մամլոյ ասուլիսը նպաստեցին այս կէտերուն յստակեցման: Յստակեցուած կարեւոր կէտը նաեւ այն է, որ դատի արծարծման ամբողջ իրաւական հայեցակարգը թիրախ ունի Եւրոպայի մարդու իրաւունքներու դատարանը: Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը հանգրուան մըն է, որ պիտի սպառի դիմելու համար յաջորդին` եւրոպականին:

Սիսի կաթողիկոսարանի պահանջը մեր իրաւական պահանջատիրութեան առաջին նախադէպն է: Իրաւական հարթ ուղիներ անպայման չեն սպասեր մեզի: Օրէնքի մեկնաբանութիւններ, միջազգային օրէնքի համապատասխանեցման փորձեր, եւրոպական իրաւաչափութիւններու իրազեկում, այս բոլորը հսկայական համակարգումի աշխատանքներն են:

Ամէնէն հիմնականը այն է, որ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջը դէպի իրաւական պահանջատիրութիւն առաջին քայլն է, որ կը կատարէ:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել