Ակնարկ. Թուրքիոյ Շրջափակումը Իրանի Կողմէ

իրանԱռ այս պահը չէ յստակացած Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի 11 օգոստոսին Թուրքիա այցելութեան յետաձգման պատճառները: Նման բարձրակարգ այցելութիւններու յետաձգումը ինքնին արդէն կը մատնէ քաղաքական որոշակի ճգնաժամ: Նման պարագաներուն ընդունուած կարգը կը յիշեցնէ, որ առնուազն պաշտօնապէս նշուի պատճառը: Թէկուզ անիկա համոզիչ չըլլայ, այսուհանդերձ ինչ որ պատճառ կը յայտարարուի նման այցելութիւններու չկայացման պարագային: Ուրեմն տարբերակ առաջինը յետաձգման ճիշդ պատճառը ըսելն է. տարբերակ երկրորդը այլ պատճառով քողարկելն է չկայացումը. իսկ տարբերակ երրորդը, որ միջպետական յարաբերութիւններու ամէնէն խոր լարուածութեան մասին կը խօսի, ընդհանրապէս որեւէ պատճառ չըսելն է ու անտեսելը. պարզապէս յետաձգել կամ ջնջել այցելութիւնը:

Քաղաքական գործընթացներու օրինաչափութիւններուն մէջ պէտք է նախատեսել նաեւ այցելութեան թուականի վերականգնումը կամ յանկարծակի իրականացումը: Ասիկա քաղաքական տրամաբանութիւն է. որեւէ շարժիչ գործօն կրնայ ի մի խմբել երկու պետութիւններու պաշտօնական ներկայացուցիչները:

Բայց պահ մը ճշդենք այցելութեան չկայացման հանգամանքներու շրջագիծը եւ յիշենք, որ դրացի Սուրիոյ մէջ երկու պետութիւնները կը պատերազմին միջնորդաւորուած կարգով: Թեհրանը, որ ոչ միայն ռազմավարական գործընկերն ու զինուորական աջակիցն է պաշտօնական Դամասկոսին, այլ նաեւ ուղղակի Հըզպալլայի միջոցով կը մասնակցի պատերազմին. երբ ճակատագրորոշ պահ ստեղծուի, Հըզպալլայի զինեալները աշխուժօրէն կը մասնակցին պատերազմին եւ ետ կը մղեն իսլամականները: Միւս կողմէ, նոյնքան պարզ է, որ Անգարան մինչեւ վերջերս շատ աւելի բացայայտ կ՛օժանդակէ, կը ֆինանսաւորէ եւ անարգել անցք կը տրամադրէ ծայրայեղ իսլամականներուն, որոնք թրքական ուղղակի աջակցութեամբ կը պատերազմէին ինչպէս կառավարական բանակին, այնպէս նաեւ իրանամէտ ուժերուն դէմ: Ըստ էութեան, ուրեմն, սուրիական տարածքներուն վրայ Իրան-Թուրքիա պատերազմ է, միջնորդաւորուած կարգով:

Պահ մը ձգելով տարածաշրջանային այլ հանգուցային խնդիրները, միայն սուրիական կտրուածքով պարզ էր, որ դիւրին պիտի չըլլար առաջադրուած հանդիպումը, որ հիմնականին մէջ պատերազմող կողմերու միջեւ բանակցային հանդիպման տեսք ունէր: Այցելութեան չկայացումը անուղղակիօրէն կը յուշէ, որ թէկուզ ժամանակաւոր զինադադարի կամ բանակցութիւններու ժամը տակաւին չէ հասունցած:

Կայ նկատառելի այլ հանգամանք մը եւս: Թեհրանը կը նախապատրաստուի դուրս գալու միջազգային մեկուսացումէն, որուն համար Արեւմուտքը արդէն տուած է ազդանշաններ: Ի հարկէ դեռ երկար կը տեւէին փուլային բանակցութիւնները, մէկ քայլ առջեւ երկու քայլ ետ մարտավարական մօտեցումները, այնուամենայնիւ Թեհրանի ապաշրջափակումը առարկայանալու նախանշաններ կու տայ: Մինչ, Արեւմուտք – Անգարա երէկուան յարաբերութիւններու համապատկերը որոշակիօրէն կը մթագնի: Խնդիրը շեշտակիօրէն կապուած է միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ յայտարարած միջազգային ընտանիքին եւ Անգարայի կողմէ տարատեսակ ընկալումներուն: Ահաբեկչութիւն ըսելով Արեւմուտքը կ՛ընկալէ իսլամական ծայրայեղականները, մինչ Անգարան` նախ եւ առաջ քիւրտ զինեալները:

Ի՞նչ կը պարզուի այսօր Անգարայի առջեւ: Ներքին առումով մինչեւ այս պահը Թուրքիոյ գործող մեծամասնութիւնը չի յաջողիր կազմել համախոհական կառավարութիւն: Քաղաքական ճգնաժամին առընթեր կ՛ահագնանայ ներքին կայունութեան տապալումը. խիստ սրած է ապահովական իրավիճակը եւ թուրք-քիւրտ պատերազմի նորօրեայ տարբերակը զգալի կը դարձնէ ինքզինք: Եթէ ոչ սրած, այնուամենայնիւ նախկինը չեն նաեւ Արեւմուտք-Անգարա յարաբերութիւնները եւ որեւէ կերպով բնականոն հունի մէջ չեն մտներ Թեհրանի հետ յարաբերութիւններ մշակելու Անգարայի փորձերը: Իրանի եւ Թուրքիոյ մեծագոյն Կիւրպուլաք-Պազարկան սահմանային անցակէտը Իրանի կողմէ միակողմանիօրէն փակուած է: Պատճառը իրանեան բեռնատար մեքենաներուն վրայ իրականացուած յարձակումներն են: Կը կազմուի այն տպաւորութիւնը, որ ապաշրջափակուող Թեհրանը միակողմանիօրէն սկսած է շրջափակել Թուրքիան: Այս մէկը «զերօ խնդիրներ»-ու տեսութեան տապալման ամէնէն ցայտուն ցուցանիշներէն կրնայ նկատուիլ:

Տարածաշրջանային հրդեհը թակած է Թուրքիոյ սահմանադուռերը: Ամենայն հաւանականութեամբ սուրիական բեմագրութեան պատճէնահանման չէ, որ ականատես պիտի ըլլանք, այսուհանդերձ զինուորաքաղաքական ճգնաժամի դրսեւորումները վերածուած են երեւոյթի:

Գուցէ ասոնք մէկ մասն են Իրանի արտաքին գործոց նախարարի այցելութեան չկայացման չյայտարարուած պատճառներուն:

«Ա.»
aztagdaily.com

Տպել Տպել