Միջինարեւելեան թէ ափրիկեան երկիրներէն դէպի Եւրոպա գաղթականներու անօրինական մուտքը երկար ժամանակէ ի վեր երեւոյթի վերածուած էր: Յատկապէս սուրիացի գաղթականներու նոր եւ յանկարծակի հոսքը համաեւրոպական ճգնաժամի վերածուելու նախադրեալները կը պարզէ:
Լուսաբանման մեծ լուսարձակներ բացուած են մարդկային աղէտի սահմանները անցած եւ կեանքի ու մահուան առանցքին վրայ մեծ վտանգներ աչք առնելով ճամբայ ելած գաղթականներու ոդիսականներուն վրայ: Ցնցիչ լուսանկարներ, ծովեզերքին մահացած մանուկի պատկեր, փշաթելերու նեղ անցքերէ սողացող ընտանիքներ կը մրցին իրարու հետ տարեվերջին ամէնէն հռչակաւոր ամսագիրներուն կողքերը գրաւելու եւ տարուան լուսանկար մրցանակին արժանանալու համար®.
Գաղթականներու յանկարծակի մակընթացութիւնը ներեւրոպական տագնապի վերածուած է. երկիրներ իրարու հետ կը բանակցին գաղթականներ ընդունելու չափաբաժինները բաշխելու եւ մանաւանդ անոնց համարժէք պիւտճէները համաեւրոպական կառոյցներէն գանձելու առումով:
Մարդկային հոսքի մաքսանենգ ճանապարհներու տրամադրումը ունի անշուշտ զուտ ֆինանսական առումով շահութային դրդապատճառ եւ մանաւանդ քաղաքական շարժառիթներ: Ամէնէն պարզունակ բացատրութիւնը այս իրականութեան, մաքսանենգային առեւտուրով զբաղող անօրինական վաճառականութիւնն է, Եւրոպա հասցնելու համար, նաւով, թէ սահմանային կէտեր հակագօտի (contre bande) եղանակով անցընելով, ապաստանեալի կարգավիճակի խոստումով:
Գաղթականական հոսքի մաքսանենգութիւնը յաճախ անհրաժեշտութիւնը կը զգայ պետական սահմանապահ մարմիններուն մէջ ծառայողներու համագործակցութեան: Գումարները կը շրջանառուին նաեւ այդ շրջանակներուն մէջ եւ արդիւնքը կ՛ըլլայ այն, որ կը կիսապաշտօնականացուի մարդկային հոսքի ընդունումը տուեալ պետութեան կողմէ:
Արդի երեւոյթները զուտ ֆինանսագաղթականականէն շատ աւելի են եւ ծայրայեղօրէն քաղաքական: Սուրիոյ մէջ ապահովական կացութեան կտրուկ մագլցողականութիւն մը չերեւաց, որուն իբրեւ անմիջական հետեւանք գաղթականական այս իրավիճակը ստեղծուէր: Այլ խօսքով, զինուորական ներկայ դրութեան համաչափ չէր յառաջացած ալիքի բարձրացումը, եւ այն ալ` այս յանկարծակիութեամբ:
Դէպի Եւրոպա մարդկային հոսքի երեւոյթը մտածել կու տայ շարժիչ գործօնի մը մասին, որուն հանգամանքը եթէ մասամբ տնտեսական է, ըստ էութեան սակայն քաղաքական է: Եւրոպա հասնող սուրիացիները Սուրիայէն նոր դուրս եկողները չեն անպայման: Թէեւ որոշ համեմատութիւն կայ նաեւ երկիրը նոր ձգողներու առումով: Հիմնականը արդէն իսկ Սուրիայէն դուրս գտնուողներն են եւ այս պարագային Թուրքիա տեղակայուածները: Մաքսանենգ ճանապարհը` թէ՛ ծովու եւ թէ՛ ցամաքի, երկու պարագաներուն ալ Թուրքիայէն կ՛անցնի: Տակաւին. տարողութիւնը նկատի ունենալով, երեւոյթը մտածել կու տայ նոր հոսքի գոյացման եւ ուղեւորման, նոյնիսկ աջակցման առումով պետական գործօնի մը մասին: Պարզ մեկնաբանութիւնը այն է, որ Անգարան միջազգային կառոյցներէն եւ յատկապէս Եւրոպայէն պիւտճէ պահանջած է իր մօտ գտնուող միլիոնաւոր սուրիացի ապաստանեալներուն համար, որուն ոչ ակնկալուած արձագանգին դիմաց իր տարածքներէն դէպի Եւրոպա մղած է որոշ համրանք:
Աւելի՛ն է սակայն պատահածը: Պատանդ-գաղթականութիւնը ճնշամիջոց է քաղաքական գործընթացներու համար: Գուցէ նաեւ հակակշիռ ճնշամիջոց Արեւմուտքի կողմէ Անգարայի դէմ կիրարկուող քայլերուն դիմաց: Այս շտեմարանը միանգամայն չի սպառեր Անգարան: Անկախ Սուրիոյ ապահովական կացութեան վերիվայրումներէն, տուեալ պահու գաղթականական նոր հոսքեր կը թակեն Եւրոպայի սահմանները:
Անգարան ներկայացման տեսքով միացաւ Միացեալ Նահանգներուն եւ հարուածեց ՏԱՀԵՇ-ի ռազմակայանները: Դիմացը առ այս պահը չի յաջողիր ստանալ միջազգային համաձայնութիւն` անվտանգութեան գօտի ստեղծելու: Անգարան կը խաղայ գաղթականներ դէպի Եւրոպա ուղարկելու վտանգաւոր խաղը:
Կը փորձէ նաեւ այս խաղը քողարկելու պատահարներու պատասխանատուութիւնը բարդել Եւրոպայի ուսերուն: Բոլորովին պատահական չէր էրտողանի յայտարարութիւնը, ուր Անգարայի վարիչը կ՛ամբաստանէր Եւրոպան Միջերկրական ծովը գաղթականներու գերեզման սարքելու յանցանքով:
Հայկական լրատուամիջոցը, համաշխարհային ուշադրութիւն գրաւած համաեւրոպական այս տագնապին լուսաբանման պահուն, անպայման մատնացոյց պիտի ընէ Անգարայի թելադրած այս վտանգաւոր խաղը:
«Ա.»
aztagdaily.com







