Բագրատունի. «Տուն-Թանգարան Պիտի Այցելեն
Բոլոր Անոնք, Որոնք Կը Հաւատան,
Որ Պօղոս Սնապեան Չէ Մահացած Ու Չի Մահանար»
Հաւաթեան. «Ասիկա Ապացոյց Է Մեծն Սնապեանին
Տարած Բոլոր Յաղթանակներուն,
Ձեռք Բերած Յարգանքի Արժանի Վաստակին»
Իր կենդանութեան ունեցաւ տեսլականը, սակայն զայն իրականացած տեսնելէ առաջ արդէն անկենդան դարձաւ:
Հայութեամբ եւ հայկականութեամբ բաբախուն Այնճարի մէջ շաբաթ, 5 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ բազմավաստակ գրականագէտ, գրաքննադատ, կրթական գործիչ եւ մտաւորական, մուսալեռցի Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանին, ուր մտնելով կարելի չէ չզգալ լուռ, սակայն խօսուն ներկայութիւնը գլխագիր մարդուն` Պօղոս Սնապեանին: Տուն-թանգարանի բացումը նուիրուած էր նաեւ նահատակ Յովհաննէս Լուրջեանի յիշատակին:
Բացման խօսքը արտասանեց Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան, ով անդրադարձաւ ժողովուրդներուն կեանքին մէջ հայ գրականութեան կարեւորութեան` շեշտելով, որ ժողովուրդը կը գնահատուի, երբ գիտակից է գրականութեան ամրոցը ամուր ու կանգուն պահելու, զարգացնելու եւ գեղեցկացնելու հրամայականին: Ան լուսարձակի տակ առաւ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին մէջ բազմաթիւ սերունդներու գրականութեան սէր ներարկած Պօղոս Սնապեանը, ով` «անօթին տակ գրկած թուղթերէն շատ աւելին ունէր մեզի պատմելիք ամէն անգամ, երբ լսարան մտնէր գրականութիւն դասաւանդելու»: Ան նշեց. «Այսօր, յիշելով կեանքի կարգ մը դրուագներ, մխիթարանքներէն մէկը կը դառնայ այս քարաշէն կառոյցը, որ իր դռները կը բանայ գրականասէր հանրութեան դիմաց, տակաւին մատուցելու այն, զոր ինք չհասաւ ըսելու մեզի, եւ կը ձգէ, որ իւրաքանչիւրս իր կարգին յայտնաբերէ Պօղոս Սնապեան հեղինակը, խմբագիրը, դասախօսը, գրաքննադատը»:
Անկէ ետք խօսք առաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի Կեդրոնական մարմինի նախագահ Եսայի Հաւաթեան, ով յիշեց մարդու տեսակները` աննշան ապրող եւ հեռացողները, լոկ որոշ ժամանակի համար յիշուողներն ու մոռցուողները եւ անոնք, որոնք աշխարհ գալէ ետք շարժում կը ստեղծեն, ճամբայ կը բանան, պայքարելով վաստակ, իրագործում ձեռք կը բերեն,իսկ անոնց մեկնումով անսահման պարապութիւն մը կը ստեղծուի: Ան հաստատեց,որ վերջին տեսակին լաւագոյն օրինակներէն մէկն է Պօղոս Սնապեան, որ չի մեռնիր,որովհետեւ կը շարունակէ յիշուիլ իրերայաջորդ սերունդներու կողմէ: Կեանք մը ամբողջ հեւք եւ ճիգ ի խնդիր հայ գիրին, հայ գիրքին, հայ թերթին եւ հայ աշակերտին», հաստատեց Հաւաթեան: Ան մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն նկատեց Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանի գոյութիւնը Այնճարի մէջ, որ ապացոյց է մեծն Պօղոս Սնապեանի կեանքի ճանապարհին տարուած բոլոր յաղթանակներուն, ձեռք բերուած յարգանքի արժանի վաստակին:
Ապա Պօղոս Սնապեան գլխագիր ու մեծերուն մէջ իր մեծութիւնը հաստատած մարդուն մասին խօսեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան Պօղոս Սնապեանի հետ անձնական մտերմութենէն ու հարազատ կապէն մեկնած հաստատեց, որ այդ մեծ մարդն ու հայը հանդիսացաւ չխոնարհող եղէգ, սխալն ու թերութիւնը չհանդուրժող, սերունդներ կերտած եւ հայ գրականութեան մեծ ու արժէքաւոր ժառանգ ձգած անհատականութիւն: Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանի կարեւորութիւնը` միշտ հաղորդակից մնալու անոր անձին, գործին ու հարստութեան:
Աւարտին տուն-թանգարանի կառուցման գաղափարին, զայն կեանքի կոչելու ընթացքին մասին խօսեցաւ Պօղոս Սնապեանի դուստրը` Թամար Սնապեան-Սուրճեան: Ան բացատրեց, որ տուն-թանգարանին մէջ զետեղուած են Սնապեանի 32 հատորները, անոր խմբագրած գիրքերը, «Բագին»-ի բացառիկներ, «Միջնաբերդ» տարեգիրքը, «Ազդակ-գրական»էն նմուշներ, Սնապեանի անձնական իրերը, անոր վկայականները, վիճակացոյցները, Յակոբ Օշականի սրբագրութիւններով եւ թելադրանքներով յորդուն աշակերտական շարադրութեան տետրակները, դիմանկարներ, լուսանկարներ, անգտանելի եւ հնատիպ գիրքեր, Յակոբ Օշականի վերարկուն, Արամ Մանուկեանի գրիչը, Եդուարդ Պոյաճեանի ընկոյզի փայտով շինուած գրադարանը, նամակներ, ձեռագիրներ եւ այլն:
Ապա տեղի ունեցաւ «Պօղոս Սնապեան տուն-թանգարան»-ի պաշտօնական բացումը, եւ ներկաները առիթ ունեցան շրջագայելու եւ հաղորդակից դառնալու Պօղոս Սնապեանի ու անոր արժէքաւոր ժառանգութեան հետ:
aztagdaily.com








