«Ազդակ»ի Խմբագրական. Լիբանանի Մէջ Նահատակուածներուն Հայրենական Գնահատականը

FotorCreatedՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ եւ կոմիտէներուն կազմակերպութեամբ ու գործադրութեամբ շրջան առ շրջան, թաղ առ թաղ լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան մարտերուն ինկած նահատակները յիշելու ձեռնարկներու շարքը այսօր իր լրումին կը հասնի կեդրոնական հաւաքով: Երիտասարդական-ուսանողական ջահերթի ելակէտը այս պարագային խորհրդանշական իմաստ ունի: Այդ ելակէտը կ՛ամփոփէ համաժողովրդային ինքնապաշտպանութեան ընթացքին մեր նահատակներուն յիշատակը, խորհուրդը, սփիւռքի ժամանակակից պատմութեան մէկ կարեւոր էջը լեցուցած հրաշալի հերոսներու ինքնանուիրումի փաստը:

Ջահերթին ելակէտը աննկատ չէ մնացած նաեւ հայրենի պետութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն կողմէ: Օրին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեանի եւ աւելի ուշ Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի այցելութիւնները Նահատակաց յուշարձանին խորհուրդ եւ ուղերձ կը պարփակէին իրենց մէջ:

Տակաւին խորհրդային վարչակարգի օրերուն, մեր հայրենիքի վարիչները գիտակցելով օրհասի տարողութեան, լուսարձակներէ հեռու, փութացած էին բազմաբնոյթ օժանդակութիւն հասցնել հայահոծ թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան լծուած համակարգին: Եւ անկախ օժանդակութեան առարկայական բնոյթէն ու քանակէն, այն զգացումը, այն գիտակցութիւնը, որ կ՛ամրագրուէր օժանդակութեան այդ եզակի օրինակով, ամէնէն նուիրական համոզումն էր աշխարհի որեւէ անկիւն ապրող հայուն. երբ օրհասական պայմաններու մէջ հայ համախումբ կեանքը խնդրոյ առարկայ կը դառնայ, երբ կազմակերպ համայնք մը ֆիզիքապէս կը վտանգուի, հայրենիքը, ինչ վարչակարգի տակ ալ գտնուած ըլլայ, անտէր չի ձգեր իր հայրենակիցները:

Միակողմանի չէր անշուշտ տիրութիւն ու հոգատարութիւն գործնապէս ցոյց տալու այս փաստը. երբ հնչեց Արցախի ազատագրութեան ժամը, ու անկէ առաջ տակաւին երբ հայրենիքը հարուածեց ահաւոր երկրաշարժը, աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ ապրող հայերը, նոյնիսկ այս առիթով իրենց արմատներուն վերադարձ կատարողները, փութացին օգնութեան: Տակաւին չէր անկախացած Հայաստանը: Արցախի մէջ տակաւին կ՛իշխէր ազրպէյճանական բռնատիրութիւնը:

Թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ թէ՛ Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու խոնարհումները լիբանանահայ նահատակներուն յիշատակին այս բոլոր խորհուրդները կը պարփակէին: Այս հերոսները իրենց կեանքին գնով պաշտպանած էին հայկական թաղամասերը, որպէսզի կանգուն մնար սփիւռքի միջնաբերդը: Իսկ սփիւռքի միջնաբերդին ամրութիւնը հայրենիքի ամրութիւն կ՛ենթադրէր: Լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան մարտերը սոսկ ինքնապաշտպանութիւն չէին բառացի ստուգաբանական իմաստով: Ինքզինք պաշտպանել չէին անոնք սոսկ գաղութի հասկացողութեամբ: Այդ պաշտպանութիւնը նաեւ սփիւռքին էր ու հեռահար նպատակով նաեւ հայրենիքին:

Հայրենիքի պաշտպանութեան մարտեր էին նաեւ ուրեմն լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան կռիւները: Այդ միջնաբերդէն էր, որ զինուորական առումով կրակէ մկրտութիւն ստացան, եւ երբ հայրենիքի սահմաններն ու արցախեան Հայաստանը վտանգուեցան, լիբանանահայ նահատակներուն զէնքի ընկերները, իրենց ընկերներուն երազանքը իրականացնելու համար իրենք զիրենք գտան հայրենական խրամատներու մէջ: Անոնցմէ ոմանք ալ անշնչացան այդ դիրքերուն վրայ` այս անգամ պաշտպանելով հայրենիքի սահմանները:

Հիմա պահն է, որ այդ օրերուն, հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու հնարաւորութիւնը չունեցած տղաք, որոնք հայրենիքը պաշտպանելու համար պաշտպանեցին հայկական թաղամասերու սահմանները, ստանան իրենց գնահատականը: Եւ ճիշդ այստեղ է խորհուրդին կիզակէտը: Սփիւռքի մէջ ծնած, դաստիարակուած, կազմաւորուած եւ նահատակուածին նկատմամբ հայրենիքի գնահատականին, պարգեւին, պատուոյ գիրին մէջ կայացած ազգի մէկութեան սքանչելի եւ անխորտակելի խորհուրդը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել