Հալէպի մեջ փառաշուք տօնակատարութեամբ նշուեցաւ Հ.Յ.Դ 125- ամեակը

FotorCreated

«Սուրիահայութիւնը կը շարունակէ մնալ Միջին Արեւելքի մեր հայահոծ կարեւորագոյն կռուաններէն մէկը մեր համազգային ծրագիրներուն եւ անժամանցելի Դատին վերջնական լուծման համար»․ Ըսաւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան

Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2015ին, երեկոյեան ժամը 5․00ին Հալէպի «Գ․ Եսայեան» սրահէն ներս հոծ բազմութեան ներկայութեան փառաշուք հանդիսութեամբ նշուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 125-Ամեակը։

Տօնակատարութեան ներկայ էին Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան, հալէպահայ երեք համայնքապետները, Հ․Հ․ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսը, հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական, Ազգային Վարչութեան եւ Կրօնական Ժողովներու անդամներ։

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հ․Հ․ զոյգ քայլերգներով։ Այնուհետեւ օրուան հանդիսավարներ Գօգօ Յարութիւնեան եւ Մարիա Սարգիսեան, տպաւորիչ առոգանութեամբ ներկայացուցին Հ․Յ․Դաշնակցութեան Ծննդոցը՝ Մանիֆեստը, որմէ ետք Արմէն խորոզեան իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ երգեց «Ով Հայոց Որդի» հայրենասիրական երգը։ Ապա Խումբ մը երէց եւ կրտսեր սերունդներու ներկայացուցիչներ՝ Ղազար Ղազարեան, Սեւանայ Հալլաճեան, փոքրիկն Ղազար Ղազարեան, Վեհան Պարսումեան եւ Անի Պուղուրեան ասմունքեցին հայ ազատագրական շարժման հանգրուաններուն նուիրուած քերթուածներու համադրում մը։

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Հ․Յ․Դ․ 125Ամեակին առիթով Հալէպ ժամանած Արցախեան Ազատագրական պայքարի ազատամարտիկ, յեղափոխական երգերու մեկնաբան Մկրտիչ Մկրտիչեան(Մակիչ), մեկնաբանելով «Գարահիսար» եւ «Սոսկումն Ահաւոր» յեղափոխաշունչ երգերը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց։

Կարօ Իւզպաշեան հանգամանօրէն ներկայացուց Պատկան Մարմնի խօսքը, անդրադառնալով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գործունէութեան Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ։ Իւզպաշեան շեշտեց, թէ մեր դիմադրութեան յենակէտը պիտի ըլլայ Անկախ, ժողովրդավար եւ ազգային պետականութեան տէր Հայաստանը, Հայ Դատը իբրեւ հիմք, ազգի ինքնութեան եւ հայրենիքի հզօրացման, իսկ արտերկրի հայութիւնը որպէս կռուան համազգային ռազմավարութեան, ապա աւելցնելով ըսաւ, որ հայ ազգը հզօր ուժ է իբրեւ հաւաքական ներդաշնակ կազմակերպութիւն եւ իբրեւ միացեալ Հայաստանի իրաւատէր։ Իւզպաշեան անդրադառնալով սուրիահայութեան տագնապին եւ յատկապէս հալէպահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ անոր անկոտրում կամքին եւ դիմադրողականութեան, յարգանքով յիշեց սուրիահայ նահատակները եւ հաստատեց, որ անոնց պատճառած ցաւը շատ աւելի մեծ է, քան տնտեսական ու բնակարանային ահաւոր վնասները։ Անդրադառնալով պատերազմի հետեւանքով Սուրիան լքող հայ զանգուածներուն ան ըսաւ․ «Փառք ու պատիւ բոլոր անոնց, որոնք հաստատուեցան հայրենիք, ընտրելով հայուն վերջին կանգառը՝ Հայոց Հայրենիքը ու հարց տուաւ, թէ բոլոր անոնք, որոնք նախընտրեցին իրենց ապահովութիւնը գտնել հայրենիքէն անդին, հեռաւոր ափերու մէջ, ինչպէ՞ս պիտի երաշխաւորեն իրենց շառաւիղներու ազգային դիմագիծի պահպանումն ու ապահովութիւնը։

Օրուան խորհուրդն ու պատգամը փոխանցեց Հ․Յ․ Դ․ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան, որ ըսաւ․ «Հայ ազատագրական շարժման առաջնո՛րդ կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 125ամեակը կը տօնակատարենք անզուգական, երազային Հալէպին մէջ:FotorCreated

Զարեհ Վեհափառներուն Հալէպը
Հրաչ Փափազեաններուն Հալէպը
Սահակ Նալպանտեաններուն Հալէպը
Առաքել Թերզեաններուն Հալէպը.
Ու տակաւին շատ շատերու, որոնք այս կեանքէն հեռացան, բայց
մեզի ձգեցին աւանդութիւնը,
մեզի փոխանցեցին կարգապահութիւնը,
կուսակցական բարոյականութիւնը,
լուռ գործելու դաշնակցականի նկարագիրը։

Որոնք պահեցին այս անփոխարինելի գաղութը հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններու, որոնք կազմաւորեցին հալէպահայը, հաւաքական նկարագիր տուին անոր, կերպարներ կերտեցին։

Որոնք հասան Սփիւռքին, մարդուժ արտադրեցին անդադար ու անընդհատ եւ իրենց փոխանցուած արժէքները տարածեցին աշխարհին մէջ, հոն ուր մեր կազմակերպութիւնը կեանք ունեցաւ եւ հոն ուր հայկական շունչ պէտք է հասնէր։

Եզակի այս միջավայրն է, որ վտանգուած է այսօր.

եւ երբ վտանգուած է Հալէպը, վտանգուած ենք մենք բոլորս իբրեւ Սփիւռքահայութիւն։
Ռազմագիտական հասկացողութեամբ, երբ վտանգուած է միջնաբերդը կը սկսի մահ ու կենաց կռիւը, միջնաբերդը փրկելու կռիւը։

Այս պարագային, Սփիւռքի հայկական ոգին փրկելու կռիւը,
Սփիւռքի հայեցիութիւնը պահելու կռիւը,
եւ թող չափազանցութիւն չհամարուի՝ Սփիւռքահայու տեսակը պաշտպանելու գոյամարտը։

Իսկ այս գոյամարտը միայն Հալէպի կռիւը չէ, այլ բոլորի՛ս կը պատկանի, որովհետեւ Հալէպը մեզ բոլորս իբրեւ հայ, իբրեւ հայեցի դիմագիծ, կերտած է եւ օգնած է որ կերտուինք.այո՜ անզուգական Հալէպը։

Այսօր, ա՛յս միջնաբերդին եւ ա՛յս պայմաններուն մէջ տօնակատարուող Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան Օրը մեզ կը մղէ վերարժեւորելու կուսակցութենէն անդին, պատմական ակունքներուն հասնող դաշնակցականութեա՛ն արմատաւորման տարբեր հանգրուանները. Սկսած ազատատենչ Հայկ Նահապետի սլացող նետի կամքէն, անցնելով իմացեալ մահը գերադասող Վարդանանց խորհուրդի ոգիին, եւ ապա Խրիմեան Հայրիկի Երկաթէ շերեփով ու Ռաֆֆիի զարթօնքով մարմնաւորուած միտքերէն.գաղափարական այս առանցքներն էին, որոնք իբրեւ կամք, միտք ու խիղճ առարկայացան Դաշնակցութեան Հիմնադիրներուն մօտ եւ ծնունդ տուին հայ ժողովուրդի մեծագոյն խորհուրդներէն Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան»։

Բանախօսը աւելցուց, որ «ամեակները առիթ են ոչ միայն ներկայացնելու կազմակերպութեան փառահեղ գործունէութիւնը, այլեւ հաշուետուութիւն կատարելու եւ բացթողումները լուսարձակի տակ առնելու։ Այնուհետեւ 125ամեայ երկարատեւ գործունէութեան ընթացքին ձեռք բերուեցան հսկայական նուաճումները թուարկեց, ապա նաեւ նշեց թէ բնական է, որ երկարատեւ գործունէութեան եւ իր պատմութեան ընթացքին Դաշնակցութիւնը ունենար նաեւ որոշ բացթողումներ, որոնց մասին ան չէ վարանած գրել, արծարծել եւ խոստովանիլ ի պահանջեալ հարկին եւ ներկայացուց այդ բացթողումները։FotorCreated

Հուսկ, անդրադառնալով սուրիահայութեան տագնապին հանգամանօրէն պարզաբանեց Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի մօտեցումը սուրիահայութեան հարցին գծով շեշտեց «Սուրիահայութիւնը կը շարունակէ մնալ Միջին Արեւելքի մեր հայահոծ կարեւորագոյն կռուաններէն մէկը մեր համազգային ծրագիրներուն եւ անժամանցելի Դատին վերջնական լուծման համար»։

Ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի, յաջորդաբար ներկայացնելով՝
«Տունն իմ Հայրենի», Հայրենասիրական երգերու շարք, «Է Հէյ Ոտքի Հայ Ժողովուրդ» եւ «Ձօն Դաշնակցութեան» երգը, նուիրուած Հ․Յ․Դ․ 125 Ամեակին։ Վերջին երգին հեղինակն էր Տոքթ․ Ղազար Պօղոս իսկ երաժշտական մշակումը կատարած էր Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեան։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահան Ս․ Արք․ Սարգիսեան իր սրտին խօսքով շնորհաւորեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն ու ողջ հայ ժողովուրդը Հ․Յ․Դ․125 ամեակին առիթով, ապա շեշտեց, թէ հայ կեանքէն ներս գոյութիւն ունին երեք խմբաւորումներ՝ անտարբեր ու կրաւորական, աշխոյժ ու գործունեայ, առաջնորդող ու նպատակասլաց։ Այս վերջինի փաղանգին կը պատկանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ նպատակասլաց իր պայքարով կը ղեկավարէ հայ կեանքը։

Հ․Յ․Դ․125 ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Զուարթնոց» երգչախումբի եւ խումբ մը կրտսեր պատանիներու կատարողութեամբ հնչած Հ․Յ․Դ․ Քայլերգով։

kantsasar.com

Տպել Տպել