Հաղորդագրութիւն

FotorCreatedՊէյրութի քաղաքապետական խորհուրդը, երէկ գումարած իր նիստի ընթացքին, ընդառաջելով Հայկական երեսփոխանական պլոքի դիմումին, միաձայնութեամբ որոշեց Քորնիշ Փիեր Ժեմայէլի (Քորնիշ Նահր) վրայ գտնուող շուրջ 750 քառ. մեթր տարածութեամբ թիւ 3940 հողաշերտը 99 տարուան համար եւ տարեկան հազար լիբանանեան ոսկի վարձակալութեամբ տրամադրել Ազգային առաջնորդարանին` համայնքային գործածութեան համար:

Այս առիթով պլոքը շնորհակալութիւն կը յայտնէ քաղաքապետական խորհուրդի նախագահին, անդամներուն եւ քաղաքական առնչակից կողմերուն:

Այս իրագործումը կարեւոր քայլ մըն է հայ համայնքի իրաւունքներու ձեռքբերման ուղղութեամբ:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ՊԼՈՔ

aztagdaily.com

Տպել Տպել