Ազգային Երեք Կուսակցութիւնները Խստօրէն Կը Դատապարտեն Ատրպէյճանական Ոտնձգութիւնները

FotorCreatedՄիակողմանիօրէն խախտելով իր իսկ կողմէ ստորագրուած զինադադարը, Ատրպէյճանի իշխանական արկածախնդիր վերնախաւը Արցախի խաղաղ բնակչութեան վրայ ուղղած է իր հորդաները, որոնք վայրագաբար անմեղ երեխաներու վրայ կրակ կը բանան:

Միջազգային հանրութեան աչքին առջեւ զարգացող եւ նոյն հանրութեան անտարբեր կեցուածքէն խրախուսուած ատրպէյճանական այս նախայարձակ գործողութիւնները կասեցուած են հայոց քաջարի զինուորներու կողմէ, որոնց շարքերը տուած են թանկագին զոհեր եւ վիրաւորներ:

Բուռն կերպով դատապարտելով ատրպէյճանական ոտնձգութիւնները, մենք, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող ազգային երեք կուսակցութեանց ղեկավար մարմիններս, մեր շարքերուն եւ համակիրներուն անունով կը յայտարարենք`

1-Մեր ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի եւ անոր անվտանգութեան երաշխաւոր Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառոյցներուն, Հայոց բանակին եւ հայրենի ժողովուրդին.

2-Մեր վճռականութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն իշխանութիւնները ատրպէյճանական ուժերը սանձելու գործնական քայլերու մղելու ուղղութեամբ.

3-Մեր ջանքերով կարեւորել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու մարմիններու կողմէ Արցախի հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը, տարածաշրջանի կայունութեան նպատակով.

4-Մեր պատրաստակամութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նեցուկը ապահովելու՝ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը պաշտպանելու ուղղութեամբ, հետեւելով Միացեալ Ազգերու ընդհանուր կանոնագրութեանց.

5-Հայկական միասնական ուժերով այս սպառնալիքին դէմ կանգնելու մեր յանձնառութիւնը, որուն միանալու կը հրաւիրենք համայնքիս բոլոր միութիւնները, յարանուանութիւնները, հասարակական կազմակերպութիւնները, իւրաքանչիւր հայորդի:
Եւ կը սգանք Հայոց Բանակի հերոս զինուորներու կորուստը: Անոնք մեր զաւակներն են, որոնց գիտակից նահատակութիւնը` մեզ առաւել զոհաբերութեամբ հայրենիքի պաշտպանութեան գործին նուիրուելու ներշնչման աղբիւր է:

Հայ ժողովուրդը իր հազարամեակներու վրայ երկարող պատմութեան ընթացքին իր գոյութեան սպառնացող բազմաթիւ վտանգներ դիմագրաւած է ու յաղթահարած: Այս մէկը դիմագրաւելու պատասխանատուութիւնը մեր ուսերուն է, բոլորի՛ս:

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Լոս Անճելըս, 2 Ապրիլ 2016

asbarez.com

05/04/2016

Տպել Տպել