Հաղորդագրութիւն

FotorCreatedԵրէկ կէսօրին, ՍԴՀԿ-ի Հաճնոյ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպում մը, որուն աւարտին մասնակիցները հրապարակեցին հետեւեալ հաղորդագրութիւնը:

Լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները մտահոգութեամբ կը հետեւին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմին, որ միջազգային իրաւունքի բոլոր չափանիշները խախտելով կը փորձէ ռազմաքաղաքական նոր իրավիճակ ստեղծել շրջանին մէջ:

Ազրպէյճան, իբրեւ նախայարձակ երկիր, ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը կրէ Լեռնային Ղարաբաղի անզէն ժողովուրդին պատճառած իր մարդկային եւ նիւթական վնասներուն համար: Կատարուած բարբարոսութիւնները եւ անոնց ընկերակցող ապատեղեկատուական լայն արշաւը խստօրէն դատապարտելի են եւ հարկ է, որ արժանանան միջազգային ընտանիքի պատշաճ եւ գործնական վերաբերումին: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ամրագրուած է ազգերու ինքնորոշման միջազգային իրաւունքով, անկախութեան համաժողովրդային հանրաքուէով, բայց մանաւանդ` հերոսական ժողովուրդի մը քաջարի զաւակներուն արեամբ ու քրտինքով:

Անցնող 25 տարիներուն համայն հայութեան ջանքերով կերտուած եւ պահպանուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը այսօր կը դիմագրաւէ արտակարգ պայմաններ, որոնց յաղթահարումը բոլորէս կը պահանջէ միասնակամ ու արտակարգ զօրակցութիւն: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը այս պատերազմին մէջ առանձին չէ: Ան իրեն հետ ունի բովանդակ հայութիւնը, ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի:

Լիբանանահայութիւնը, որ ղարաբաղեան պայքարի առաջին օրէն գտնուած է համահայկական պայքարի ու յանձնառութեան առաջին դիրքերուն վրայ, ամբողջանուէր կերպով կը զօրակցի 25-ամեայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետականութեան, բանակին եւ ընկրկում չճանչցող ժողովուրդին:

Այս իմաստով, լիբանանահայ երեք կուսակցութիւնները պիտի շարունակեն մօտէն հետեւիլ ղարաբաղեան նորագոյն զարգացումներուն եւ իրենց նիստերը բաց պիտի պահեն` հաւանական զարգացումներու հետ քայլ պահելու համար:

Միաժամանակ, կուսակցութիւնները պիտի պատրաստուին Ապրիլեան միացեալ ոգեկոչման` Հայ դատի հանդէպ իրենց անշեղ հաւատարմութիւնը վերահաստատելու եւ մեր արդար պահանջատիրութեան երթը շարունակելու համար:

ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Տպել Տպել