Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Քննարկումներու Ընթացքին Դատապարտուեցաւ Ազրպէյճանի Կողմէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Առաջարկներու Մերժումը

FotorCreatedԵւրոպական խորհրդարանը երեքշաբթի օր իր գումարած լիագումար նիստի ընթացքին այլ հարցերու կողքին անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած կացութեան: Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութիւնը յաւելեալ մեծ ջանքեր պիտի գործադրէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման համար, տագնապ մը, որ արդէն շատ տառապանքներ պատճառած է:

Ըստ անոր, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը կը շարունակէ վտանգ հանդիսանալ Եւրոպական Միութեան դրացնութեան մէջ շրջանային անվտանգութեան համար, ինչպէս նաեւ արգելք է Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ ամբողջ շրջանի զարգացման:

«Շատ ուրախ եմ, որ կը կատարենք այս քննարկումը: Իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Հայաստան ու Ազրպէյճան կատարած իմ այցելութիւններուս հիմնական հարցերէն մէկն էր: Ասիկա անգամ մը եւս կը յիշեցնէր, թէ ինչքա՛ն վտանգաւոր է ձգձգուած տագնապը: Տագնապի` վերջին եւ աննախադէպ լարումէն օրեր առաջ մենք զգուշացուցած էինք, որ սթաթիւս քոն անկայուն է: Լարուած իրավիճակէն լայնածաւալ զինուորական գործողութիւնները կրնայ շատ փոքր քայլ մը ըլլալ», նշեց Մոկերինին:

Ան նաեւ շեշտեց, որ Հարաւային Կովկասը շատ կարեւոր շրջան մըն է Եւրոպայի համար: «Անիկա ինկած է Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Միջին Արեւելքի քառուղիներուն վրայ: Անիկա զարգացման հսկայական կարելիութիւն ունի, սակայն այդ զարգացումը ետ կը մղուի անկայունութեան եւ պատերազմին պատճառով: Լայնածաւալ տագնապը որեւէ մէկուն շահերէն չի բխիր եւ անել ճանապարհ է: Այս տագնապը կը խարխլէ երկու երկիրներու, անոնց դրացիներու զարգացումը եւ մերձեցումը Եւրոպական Միութեան հետ», ընդգծեց Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչը:

Անոր խօսքով` ապրիլի սկիզբը բռնութիւնները հասան 1994-էն ի վեր աննախադէպ մակարդակի: «Բոլորս տեսած ենք տեղեկութիւնները` կապուած ծանր զէնքերու օգտագործման, զոհերու մեծ թիւին, ներառեալ` քաղաքային զոհերու մասին: Պաքուէն եւ Երեւանէն յայտարարութիւնները կը վկայեն, որ մենք լուրջ վտանգ ունինք, եթէ իրավիճակը շուտ չհանդարտի», ըսաւ Մոկերինի:

Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան երեսփոխանները խորհրդարանական կապերու միջոցով կրնան իրենց ներդրումը ունենալ խաղաղութեան գործին մէջ:

«Մենք կը շարունակենք պնդել զինադուլի պահպանման եւ խաղաղ հոլովոյթին մէջ յառաջ շարժելու վրայ: Մասնաւորաբար, քաղաքայիններու թիրախաւորումը պէտք է դադրի: Սակայն ակնյայտօրէն մենք չենք կրնար համաձայն ըլլալ սթաթիւս քոյին, եւ մեր քաղաքական նպատակը պէտք է ըլլայ այն, որ կողմերը վերսկսին բանակցութիւնները տագնապին համապարփակ լուծման ուղղութեամբ», շեշտեց Մոկերինի:

Ըստ անոր, Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի համանախագահներուն կողմէ առաջարկուած Մատրիտեան սկզբունքներուն հիման վրայ խնդիրի լուծման: «Սակայն, մենք բոլորս ալ գիտենք, որ ի վերջոյ լուծումը կողմերուն ձեռքն է: Անոնք պէտք է պատրաստ ըլլան իմաստալից փոխզիջումներու դիմելու յանուն խաղաղութեան», ըսաւ ան:

Ֆետերիքա Մոկերինի նաեւ շեշտեց, որ զինադուլը պահպանելու եւ բանակցութիւններու մէջ ներգրաւուելու զուգահեռ պէտք է ստեղծել յառաջընթացի համար անհրաժեշտ միջավայր: Քայլերը եւ յայտարարութիւնները, որոնք կրնան առաւել բարդացնել արդէն իսկ բարդ միջավայրը, պէտք է դադրին:

«Եւրոպական Միութիւնը լիովին կ՛աջակցի այն միջոցներուն, որոնք կրնան օգնել այս իրավիճակին մէջ, ինչպէս օրինակ` սպաննուած զինուորներու մարմիններու վերադարձը իրենց ընտանիքներուն: Այսպիսի գործիքակազմ անցեալ շաբաթ գործի դրուած է Միջազգային կարմիր խաչի եւ ԵԱՀԿ-ի կողմէ: Մենք նաեւ կարիքը ունինք նոր ջանքերու, որոնք պիտի ուղեկցին քաղաքական հոլովոյթին, ներառեալ` յառաջադէմ անվտանգութեան միջոցառումներու, ինչպէս օրինակ` ԵԱՀԿ-ի առաջարկած զինադուլի խախտումներու հետաքննութեան գործիքակազմը, որուն կ՛աջակցի Եւրոպական Միութիւնը», ընդգծեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավարը:

«Ի լրումն համանախագահներու ջանքերուն` քանի մը տարի է, որ Եւրոպական Միութիւնը կը խրախուսէ կողմերուն միջեւ խաղաղ շփումները: Այսօր այս ջանքերը աւելի կարեւոր են, քան երբեւիցէ: Տագնապին լուծումը պիտի շարունակէ ըլլալ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի` իբրեւ գործընկեր երկիրներու հետ Եւրոպական Միութեան երկխօսութեան օրակարգին վրայ: Բռնութիւններու նմանատիպ պոռթկումէն ետք բանակցութիւններու եւ վստահութեան մասին խօսիլը, գիտեմ, կրնայ անտեղի թուիլ, սակայն այդպէս չէ, իրականութեան մէջ ատիկա միակ տրամաբանական քայլն է: Բանակցութիւններու այլընտրանքները պիտի ըլլան աւելի շատ մահերն ու կործանումները: Հիմա բոլորը կը հասկնան, որ սթաթիւս քոն կրնայ տանիլ միայն բռնութեան: Պէտք է խաղաղութեան համար կարելիութիւն ստեղծենք», ամփոփիչ կոչ ուղղեց Մոկերինին:

Երեսփոխաններու Կեցուածքներ

Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Լիւքսամպուրկը ներկայացնող Ֆրանք Էնկել խօսք առնելով նշեց. «Ազրպէյճան շատ երկար ժամանակէ ի վեր կը շարունակէր խախտել զինադուլը: Ազրպէյճան այդպէս կը վարուի, որովհետեւ կը հաւատայ, որ այդ շրջանին մէջ բոլոր հայերը պէտք է անհետանան: Ճիշդ այս է պատճառը, որ ան միշտ մերժած է այն ամէնը, ինչ որ Մինսքի խմբակը առաջարկած է: Իսկ Մինսքի խմբակը կրնայ առաջարկել միայն փոխզիջումը, որ Ազրպէյճանը չ՛ուզեր»:

Ըստ անոր, հասկնալի է արդէն, որ Հայաստանն ալ կրնայ փոխզիջում չցանկալ երկրի մը հետ, որ կացինով սպանութիւն կատարած Ռամիլ Սաֆարովը կը դարձնէ ազգային հերոս, որ Հունգարիոյ կողմէ արտայանձնուած է Ազրպէյճանին, հակառակ անոր որ ատիկա երբեք պէտք չէր տեղի ունենար: «Այս պարագային միակ կարելի քայլը Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչումն է: Անիկա ժամանակին հռչակուած է լիովին համապատասխան գործող խորհրդային սահմանադրութեան: Անիկա երբեք չէ ընդունուած, հիմա ժամանակն է այդ մէկը ընելու», եզրափակեց Ֆրանք Էնկել:

Լեհ երեսփոխան Մարեք Եուրեք նշեց. «99 տարի առաջ Հռոմի Պենետիկտոս ԺԵ. պապը խաղաղութեան իր ուղերձին մէջ կոչ ուղղեց` դադրեցնելու պատերազմական կոտորածները եւ ապահովելու Հայաստանի անվտանգութիւնը: Մենք գիտենք, թէ պատմութեան ընթացքին ինչքա՛ն տառապած է այս ժողովուրդը: Ես չեմ խօսիր միայն Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որ տեղի է ունեցած շուրջ 100 տարի առաջ: Ես կը խօսիմ հայկական անկախութեան ծագման մասին` 80-ականներու վերջաւորութեան եւ 90-ականներու սկիզբը», նշած է Եուրեք:

Երեսփոխանը խօսած է սեփական երկրի սահմաններու անվտանգութիւնը ապահովելու Հայաստանի իրաւունքին մասին` նշելով. «Հայաստան յատուկ իրաւունք ունի ապահովելու իր սահմաններու անվտանգութիւնը: Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը նոյնպէս անվտանգութեան իրաւունք ունի: Մենք պէտք չէ մոռնանք զիրենք: Որքան աւելի շատ ներկայացուած ըլլանք այդտեղ, այդքան աւելի շատ պիտի կարենանք աջակցիլ Հայաստանի անվտանգութեան»:

Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Կիպրոսի ներկայացուցիչ Մաւրիտիս Քոսթաս յայտնեց, որ զինուորական տագնապը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծում չի կրնար բերել: Ան նշեց զինադուլի դրութեան խախտումները հետաքննող գործիքակազմի կիրարկման կարեւորութիւնը: Հայաստանը համաձայն գտնուած է քննարկել այդպիսի գործիքակազմի կիրարկման մանրամասնութիւնները, իսկ Ազրպէյճանը` մերժած: Ան աւելցուցած է, որ տուեալ գործիքակազմի կիրարկման պարագային երկու կողմերուն մօտ ալ կարելի պիտի ըլլայ փրկել մարդկային կեանքեր:

Կիպրոսը ներկայացնող այլ երեսփոխան մը` Էլենի Թէոխարուս իր կարգին յայտնեց. «Եւրոպական Միութիւնը պէտք է աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին, որ կը պայքարի իր ազատութեան համար: Անոնք չեն կրնար ձգուիլ անարդարութեան մէջ: Մենք պէտք է ճանչնանք Լեռնային Ղարաբաղը եւ պատժամիջոցներ կիրարկենք Ազրպէյճանի դէմ: Ատիկա մեզի պիտի մօտեցնէ խաղաղութեան հաստատման»:

Ռումանացի երեսփոխան Պուշոյ Քրիսթիան-Սիլվիու յայտնեց, որ Մինսքի խմբակի համանախագահ Ռուսիան պէտք է գործէ բացառապէս յանուն խաղաղութեան հաստատման, ինչին կը հակասէ այդ երկրին կողմէ հակամարտող կողմերուն զէնք մատակարարելու փաստը:

Ան ոչ միայն մտահոգիչ, այլ նաեւ անընդունելի նկատեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին ծիրին մէջ բռնկած վերջին լարուածութիւնը: «Այս նոր լարուածութիւնը բացարձակապէս անընդունելի է երկու պատճառով: Նախ, անմեղ մարդոց կեանքեր խլեց. մեզի համար ատիկա չափազանց բարձր գին ունեցաւ, ինչ որ երբեք չենք կրնար հանդուրժել: Երկրորդը, որովհետեւ մենք ականատես եղանք ոչ միայն զինադուլի վերջին խախտումին, այլ նաեւ ամէնէն ծաւալուն գործողութիւններուն` 1994-ին կնքուած զինադուլի համաձայնութենէն ետք: Կը կարծեմ, որ այսօր թշնամանքին վերջ դնելու ուղղուած կոչերը այսուհետեւ բաւարար չեն եւ, անկեղծ ըսելով, 22 տարի ուշացած են», նշեց Քրիսթիան-Սիլվիու:

Ան ընդգծեց, որ ժամանակն է, որ Եւրոպական Միութիւնը լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերուն, իսկ Ռուսիան գործէ բացառապէս յանուն խաղաղութեան հաստատման: «Ինչպէ՞ս կրնայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրը ըլլալ խաղաղութեան վնասողը եւ միաժամանակ երկու երկիրներուն հիմնական զէնք մատակարարողը», խօսքի վերջաւորութեան հարց տուաւ Եւրոպական խորհրդարանի անդամ երեսփոխանը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել