Բողոքի բազմամարդ պահանջատիրական ցոյց Թեսաղոնիկէի թրքական հիւպատոսարանին առջեւ

FotorCreatedՀ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան «­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան» խում­բի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Շա­բաթ՝ 23 Ապ­րի­լի ե­րե­կո­յեան, ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հիւ­պա­տո­սա­րա­նին առ­ջեւ բո­ղո­քի ցոյ­ցը: ­Ցու­ցա­րար­նե­րը հա­մախմ­բո­ւե­ցան Ա­րիս­թո­թե­լուս հրա­պա­րա­կին

վրայ տե­ղադ­րո­ւած Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան քա­րոզ­չա­կան տա­ղա­ւա­րին առ­ջեւ, ուր բարձ­րա­խօս­նե­րէն հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւն եւ լո­զունգ­ներ կը հնչէին։ ­Հա­կա­ռակ տե­ղա­ցող անձ­րե­ւին, ցու­ցա­րար­նե­րու թի­ւը հետզ­հե­տէ ա­ւել­ցաւ եւ մին­չեւ հա­մա­ձայ­նո­ւած ժամ, ար­դէն շատ մեծ թիւ մը հա­մախմ­բո­ւած էր։ Ե­րի­տա­սարդ­ներ ու պա­տա­նի­ներ, տա­րեց­ներ, ե­րե­խա­ներ, ա­շա­կերտ­ներ ու ծնողք, բո­լո­րը պատ­րաս­տա­կամ էին, հա­յու­թեան պա­հան­ջա­տի­րա­կան ձայ­նը լսե­լի դարձ­նե­լու ­Թուր­քիոյ պե­տու­թեան։ Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան ան­դամ­նե­րը եւ «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը, դրօ­շակ­ներ եւ պաս­տառ­ներ բռնած ի­րենց ձեռ­քին, հպար­տու­թեամբ կ­‘ա­ռաջ­նոր­դէին ցոյ­ցը։

Բազ­մա­մարդ ցոյ­ցին ե­կան միա­նա­լու ­Կիպ­րա­կան ՓԷՕՖ կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ­նե­րը։

Ե­ռան­դուն ու պա­հան­ջա­տի­րա­կան ցոյ­ցը ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու պար­զած պաս­տառ­նե­րու, հայ­կա­կան Ե­ռա­գոյն եւ ­Յու­նա­կան ազ­գա­յին դրօշ­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ Ար­ցա­խի ազ­գա­յին դրօ­շակ­նե­րով։ ­Կա­յին հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն լե­զու­նե­րով պատ­րաս­տո­ւած պաս­տառ­ներ եւ տար­բեր գրա­ռում­ներ, ուր խտա­ցո­ւած էին հա­յու­թեան պա­հանջ­նե­րը։ ­Լու­զունգ­ներ կա­յին, որ ուղ­ղո­ւած էին թրքա­կան եւ ա­զե­րիա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն։

Ցոյ­ցի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան կը հնչէին բարձ­րա­ձայն ար­տա­սա­նո­ւած լո­զունգ­նե­րը, ա­պա երբ ցու­ցա­րար­նե­րը հա­սան թրքա­կան դես­պա­նու­թեան շէն­քին առ­ջեւ, դէմ յան­դի­ման գտնո­ւե­ցան ոս­տի­կա­նու­թեան ու­ժե­րուն, ո­րոնք փա­կած էին դէ­պի հիւ­պա­տո­սա­րա­նի մուտ­քը ա­ռաջ­նոր­դող ճամ­բան։ ­Տեղ­ւոյն վրայ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կա­տա­րո­ւե­ցան, ա­պա ճամ­բայ տրո­ւե­ցաւ պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մը, որ մօ­տե­ցաւ հիւ­պա­տո­սա­րա­նի դրան առ­ջեւ, յու­շա­գի­րը յանձ­նե­լու հա­մար։ ­Հա­յու­թեան պա­հանջ­նե­րը ամ­փո­փող գրու­թիւ­նը զե­տեղուե­ցաւ դրան վրայ։

Ժո­ղո­վուր­դը շա­րու­նա­կեց լո­զունգ­նե­րու վան­կար­կու­մը, ա­պա ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կրա­կի տո­ւաւ ­Թա­լաթ փա­շան ներ­կա­յաց­նող խամաճիկ մը, ցու­ցա­րար­նե­րու դա­տա­պար­տող ար­տա­յայ­տու­թեանց ու բարձ­րա­ձայն սու­լոց­նե­րուն տակ։

Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թեան բո­ղո­քի ցոյ­ցը իր նպա­տա­կին հա­սաւ՝ յոյն ժո­ղո­վուր­դին ներ­կա­յաց­նե­լով հա­յու­թեան ար­դար պա­հանջ­նե­րը եւ ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ցոյց տա­լով հա­յու­թեան վճռա­կա­մու­թիւ­նը։

azator.gr

Տպել Տպել