Ոգեկոչում…Արցախեան կամքով

Ապրիլեան 101-ամեակի Բացառիկի Խմբագրական

գգգ-1Կանուխ նշուեցաւ 101-ամեակը:

Կարիք չկար սպասելու Ապրիլ 23-24-ին:

Արդարեւ, հազիւ Ապրիլ ամիսը սկսած, չորսօրեայ պատերազմ մը՝ Արցախի մէջ բաւարար եղաւ հայորդիին սաստելու թէ 101 տարի ետք, միեւնոյն ոճով կը շարունակուի Ցեղասպանութիւնը՝ ՀԱՅԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ:

Թող չփորձուին արեւմտեան «էսթապլիշմընթ»էն թրծուած նորելուկ պատմաբաններ եւ քաղաքագէտներ անտեղի վիճաբանութիւններ կատարել թէ Ապրիլ 2-էն 5, 2016-ի պատահածները Արցախի մէջ, ոչ մէկ կապ ունին Հայոց Ցեղասպանութեան հետ:

1915-ի դէպքերը, իրադարձութիւնները…առանց դարձ-դարձիկ վերլուծումներ կատարելու եւ ծամծմելու՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատահած էր Արեւմտահայաստանի (եւ ո՛չ թէ Թուրքիոյ Արեւելեան հողամասէն ներս) մէջ, մինչդեռ Ապրիլ 2-էն 5-ի ընդհարումները պատահած էին Հայաստանի Արեւելեան շրջանէն ներս, եւ այլ երկրի մը՝ Ատրպէյճանի դէմ:

Միեւնոյն փանթրքական կիրքն է որ կը կրկնուի, Կովկասեան բարձրաւանդակէն ներս, ուր առաջնահերթ խոչընդոտը ՄԵՆՔ ենք:
Միեւնոյն թշնամիներն են թէ՛ Արեւմտեան եւ թէ՛ Արեւելեան սահմաններէն:

Թող երբեք չպնդե՛ն այդ պատմաբանները, թէ տարբեր հարցեր են Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու Արցախեան Հիմնահարցը:
Այս ամենագէտ պատմաբանները քաջատեղեակ են թէ ռազմական դաշինք մը գոյութիւն ունի Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ, եւ որեւէ վտանգ կրնայ առիթ մը ստեղծել, որ ներկայ դարաշրջանի սուլթան՝ Էրտողանը օգնութեան փութայ իր դաշնակիցին:

Դիտեցինք ու լսեցինք բարբարոսութիւններուն մասին, ուր արդէն իսկ զոհուած զինուորներ ոչ թէ միայն չարչարուած ու անարգուած են, այլ նաեւ անդամահատուած: Ի վերջոյ ի՞նչ կարելի է սպասել երկրէ մը..կամ մշակոյթէ (…եթէ գոյութիւն ունի) որուն զինուորներէն մէկը, յանձին Ռամիլ Սաֆարովի պատերազմի դաշտէն հեռու…շատ հեռու, ՆԱԹՕ-ի կազմակերպած մէկ գիտաժողովին՝ Պուտափեշթի մէջ կացինով սպաննած էր հայ գնդապետ Գուրգէն Մարգարեանը: Դեռ աւելին, ինչ սպասել երկրէ մը, որ զեղծարարութիւններ կատարելով եւ մեծ գումարներ տրամադրելով, կրցած էր բանտէն արձակել ոճրագործը եւ իբրեւ հերոս ընդունիլ իր երկրէն ներս:
1915-ի միեւնոյն պատկերները կը կրկնուին, միեւնոյն ՓԱՆԹՐՔԱԿԱՆ ոճով:

Ոճ մը, ուր խիղճ, մարդկային իրաւունքներ…պարզապէս մարդկութիւն գոյութիւն չունի: Ասոր վերջին փաստերն են Արցախի մէջ հազիւ 12 գարուններ բոլորած պատանին, 80 տարիքը թեւակոխած ծերունի զոյգը…եւ անշուշտ այդ արի հայ զինուորները, որոնք մինչեւ վերջին փամփուշտ պայքարեցան եւ ապա ինքնասպան եղան եւ յետ-մահուան ազերիական բարբարոսութիւն՝ գլխահատուեցան կամ յաւելեալ չարչարանքի առարկայ դարձան:

Այսպէս, կանուխ նշուեցաւ 101-ամեակը:

…Ե՛ւ այդ այլ ի՜նչ միասնակամութեամբ, հաւատքով եւ հայրենասիրութեամբ՝ Արցախեան կամքով:

hairenikweekly.com

26/04/2016

Տպել Տպել