Ֆրանսահայ համայնքը Նախագահ Հոլանտի հետ պիտի հանդիպի

Ֆրանսուա Հոլանտ, Արմէն Ռուստամեան, Մուրա Փափազեան, Երեւան, 2007թ. սեպտեմբերի 6, ՀՅԴ «Ֆրիստափոր Միքայէլեան» կենտրոնում

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի հայկական համայնքը Յուլիս ամսուան ընթացքին հանդիպում պիտի ունենայ այդ երկրի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հետ՝ առաջին անգամ ըլլալով անոր նախագահութեան պաշտօնի ստանձնումէն ի վեր:

«Արմէնփրէս»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Հայ Դատի Փարիզի գրասենեակի ղեկավար Հրաչ Վարժապետեան յայտնած է. «Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վալերի Պուայէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող նոր օրինագիծը պիտի ներկայացնէ, հաւանաբար, Հոկտեմբերին: Այս անգամ եւս ընթացակարգը նոյնն է՝ քննարկում խորհրդարանին մէջ, ապա՝ Ծերակոյտին մէջ, որմէ ետք նախագահ Հոլանտ պէտք է վաւերացնէ օրինագիծը՝ առանց սպասելու, որ այն բողոքարկուի եւ ուղարկուի Սահմանադրական խորհուրդ»:

Ըստ Վարժապետեանի՝ այս հարցերը հայ համայնքի ներկայացուցիչները պիտի քննեն նախագահին հետ իրենց հանդիպման ընթացքին: Միասնաբար պէտք է պատրաստուի նոր օրինագիծը, որուն համար, նախագահի վարչակազմի կողքին, պէտք է մասնակցին նաեւ հայ մասնագէտներ եւ համայնքի քաղաքական ներկայացուցիչներ: Այս բոլոր հարցերը պիտի յստականան Հոլանտի հետ հանդիպումէն ետք:

«Թուրքիա այս անգամ եւս ամէն գնով պիտի փորձէ խոչընդոտել գործընթացը: Թրքական կողմը Հոլանտի մօտ արդէն հակաքարոզչութիւն սկսած է իրականացնելու, սակայն հայ համայնքը եւս վճռական է, եւ այդպէս պիտի մնայ մինչեւ օրինագիծի վաւերացումը, որպէսզի Ֆրանսայի տարածքին Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը օրէնքի ուժով պատժելի ըլլայ», նշեց Հայ Դատի Փարիզի գրասենեակի ղեկավարը:

Վարժապետեանի համաձայն՝ ընկերվարականներու իշխանութեան օրերուն շատ աւելի լուրջ եւ հաստատ պէտք է ըլլայ այս օրինագիծին ներկայացումն ու վաւերացումը:

Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը Փետրուար 28ին հակասահմանադրական նկատած էր Ցեղասպանութիւններու ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը, որ խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին կողմէ վաւերացուած էր յաջորդաբար՝ Դեկտեմբեր 2011ին եւ այս տարուան Յունուարին: Օրինագիծը կը պահանջէր Ֆրանսայի տարածքին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացողները պատժել մէկ տարի բանտարկութեամբ եւ 45 հազար եուրօ տուգանքով:

Տպել Տպել