Ակնարկ. Բացառե՛լ Ցնցումը

FotorCreatedԵրեւանի մէջ արձանագրուող իրադարձութիւնները կը մտահոգեն բոլորս: Համահայկական լուսարձակներու տակ են գրաւուած ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը, գրաւողները, պատանդները, զոհի պարագան, վիրաւորները, պահանջները, պաշտօնական հաղորդագրութիւնները, ընթացող-չընթացող բանակցութիւնները:

Մէկ կողմէ կան իրաւապահ եւ անվտանգութեան համապատասխան մարմիններու պաշտօնական հաղորդագրութիւններն ու անոնց ընկերացող կոչերը` սնուելու միայն պաշտօնական լրահոսէն, անուղղակիօրէն ապատեղեկատուութեամբ չնպաստելու համար վտանգաւոր կացութիւններու ստեղծման: Միւս կողմէ` ժողովուրդը փողոց դուրս հանելու կոչեր, կայքերու եւ այլընտրանքային լրատուութիւննեու ճամբով շրջանառութեան մէջ դրուող ստուգուած-չստուգուած լուրեր, այլազան մեկնաբանութիւններ: Գիտակցելի է անշուշտ, որ նման իրավիճակներու պարագային շատ բարդ է լրատուութիւն ուղղորդելը կամ անոր վերահսկելը: Այս առաջադրանքը ներկայ բաց համակարգի պայմաններուն մէջ իր բացասական ընկալումը ունի. նոյնիսկ ամենաթէժ իրավիճակներու մէջ հայկական տեղեկատուութիւնը չփակուեցաւ կամ չսահմանափակուեցաւ, ի տարբերութիւն անմիջականօրէն «հարեւան» մեր երկիրներուն:

Պահուան լրջութիւնն ու ծայրայեղ նրբութիւնը կը շեշտեն հայկական լրատուամիջոցներու պատասխանատուներուն ինքնավերահսկողութեան խիստ անհրաժեշտութիւնը: Այս դաշտը, ա՛յո, տուեալ պահուն պահին պէտք է նկատի ունենայ բազմերես հանգամանքներ եւ կեդրոնանայ առաջնային անմիջական մարտահրաւէրներու վրայ:

Ի վերջոյ կարելի չէ – երբ տակաւին յստակ չէ մարդոց ճակատագիրը ու չ՛երեւիր կեանքի սպառնալիքներու տակ գտնուող երկկողմանօրէն ձեւաւորուելիք աւարտը- անցնիլ արդէն պատճառահետեւանքներ վերլուծումներու, ենթադրական մեկնաբաններու, փոխադարձ ամբաստանութիւններու միջազգային ընդհանուր ընթացող գործողութիւններ շարքին տեղադրելու Երեւանը:

Նման թողարկումներ կամ գրառումներ ամենայն հաւանականութեամբ կը նպաստեն Նրավիճակներու գերլարումին եւ թէժացման: Իրաւապահ մարմիններէն գրոհի բացառումը կամ գրաւման գործողութիւն իրականացնողներէն օրէնքին ենթարկուելու կեցուածքներու ակնկալութիւնները չափ ակնկալիք-պահանջք է նաեւ տեղեկատուութեան ոլորտի գործիչներէն եւ այս պարագային գրառում կատարողներէն բացարձակ ինքնավերահսկողութիւն` նպաստած չըլլալու համար հաւանական որեւէ ցնցումի:

Այս հանգրուանին ցնցումի բացառութիւնն է, որ միահամուռ, համակողանի պիտի արծարծուի առաջադրուի եւ պահանջուի:

Կը թուի, որ փակուղիէն, անել վիճակներէ դուրս գալու բանակցային տարբերակներ սկսած են ուրուագծուիլ: Ուժի կիրառման բացառումը եթէ մնայուն կերպով շեշտելի սկզբունքէ արտաքին հակառակորդին հետ բանակցութիւններ շարունակելու համար, ապա աւելի քան անշրջանցելի հրամայականի պէտք է վերածուի ներքին սուր հակասութիւններու հանգուցալուծելու համար:

Պետականութիւն հասկացողութիւնը եւ պետական համակարգը ամբողջ կառուցուած է կարգ ու կանոնի, իրաւական դրոյթներու վրայ եւ հիմնովին գիտակցելի է անշուշտ, որ իրաւադրոյթներու պահպանման աշխատանքի լծուած ծառայողները հարուածելը պատժելի է օրէնքով, թէ նման իրաւախախտումներ եւ օրինազանցութիւններու ամենաթողութիւնը արգելակած կ՛ըլլայ իրաւական պետութեան կայացման աշխատանքը: Այս առաջադրանքներով ալ, այլ խօսքով իրաւական պետութիւն կայացնելու առաջնային հրամայականին համար բարեփոխուած Սահմանադրութիւնը նկատելի ոստում կատարեց դատական իշխանութիւններու անկախացնելու ճամբուն վրայ:

Բարեփոխուած Սահմանադրութիւնը պետութեան իրաւականացման, յաւելեալ ժողովրդավարացման եւ այս առումներով համակարգային անցնցում փոփոխութեան կարեւորագոյն երաշխիքն է:

Բարեփոխուած Սահմանադրութեան կենսագործման ուղիները հանգրուանային են, դրականօրէն հեռանկարային եւ իրատեսօրէն զարգացման հորիզոններ ցոյց տուող, բայց մանաւանդ իբրեւ եղանակ` անցնցում:

Հիմա ալ պէտք է բացառե՛լ ցնցումը:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել