Արա Պապյանի անարգանքը Լիզպոնի հինգ հերոսների յիշատակին

FotorCreatedՅուլիս 17ի Էրեբունիի ոստիկանատան գրաւման արարքէն ասդին, դիմատետրի վրայ Արա Պապյան դէպքերու վերաբերող իր տուեալներու ներկայացման մէջ ինքն իրեն ենթակայան սանձարձակումներու արտօնութիւն տուած է։ Այդ մէկը իր գիտնալիքն է, նաեւ իր իրաւունքը։ Կրնայ մէկը համաձայն չըլլալ, բայց չի կրնար չյարգել Պրն. Պապյանի ազատ արտայայտութեան ու մեկնաբանութեան իրաւունքը։

Պրն. Պապյանի կարգ մը սանձարձակումները երբեմն կը յիշեցնեն երբեմնի պոլշեւիկեան «ագիտպրոպ»ի («ագիտացիայի եւ պրոպագանդայի») գործելաոճը։ Օրինակ, Յուլիս 19ին, «Բացատրության պահանջ»ով մը ան իր դիմատետրին վրայ զետեղած է հետեւեալը.- «Ըստ ականատեսի վկայության, Ղուբաթլիի կողմերը հայտնվել են ռուսական мч համարանիշով ռազմական բեռնատարներ: Մտահոգիչ է, ՊՆ -ից բացատրության կարիք ունենք:»

Սեդօ Պոյաճեան

Սեդօ Պոյաճեան

Այս լուրը կարդացողը եւ ապա զայն տարածողը կ՚ ունենայ այն տպաւորութիւնը, թէ արդէն իսկ Ռուսական ուժեր Հայաստանի մեջ պատրաստ են շարժելու։ Պրն. Պապյանի «ականատես վկան» արդեօք Ղուբաթլիի պոչաւոր գայլերն ալ նկատա՞ծ է Ռուսական «ռազմական բեռնատարներ»ուն մօտերը։

Կրկին, Պրն. Պապյան ազատ է եւ իրաւունքը ունի Ռուսական «ռազմական բեռնատարներ»ու երեւման լուրը փոխանցելու։ Նոյնիսկ, ան ազատ է մինչեւ իսկ իր ականատեսի վկայութեան հետեւելով անդրադառնալու Ղուբաթլիի պոչաւոր գայլերու երեւումին։ Ան մինչեւ իսկ ազատ է անդրադառնալու Սեւանայ Լճի մէջ Ամերիկեան Վեցերորդ Նաւատորմի յայտնութեան, եթէ իր ականատեսը նման վկայութիւն տուած է։

Այս բոլորը Պրն. Պապյանի գիտնալիքն է, որ պէտք է յարգել ու հանդուրժել։

Սակայն, կարելի չէ յարգել ու հանդուրժել Պրն. Պապյանի դիմատետրային անարգական այն ելոյթը որ կը վերաբերի Լիզպոնի հինգ նահատակ Հայ տղոց։ Այդ տղաքը նահատակուեցան մեր հողային դատին համար, մեր դատին դէմ բարձրացուած լռութեան պատի քանդումին համար։ Ամէն տարուան Յուլիս ամսուան վերջերը մենք կ՚ ոգեկոչենք անոնց նահատակութեան տարեդարձը։

Երէկ, Յուլիս 20ին, Պրն. Պապյան դիմատետրին վրայ տեղադրած է հետեւեալ գրութիւնը.- «Հիմա, որ ՀՅԴ դեմ է պատանդառությանը եւ բռնությանը՝ ո՞նց է ՛՛Լիզպոնի տղոց նահատակութիւնը՛՛ նշում»

Ըստ Պրն. Պապյանի, ինչո՞ւ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կը նշէ Լիզպոնի տղոց նահատակութիւնը, երբ ան դէմ է Էրեբունիի ոստիկանատունը գրաւող խմբակի «պատանդառությանը եւ բռնությանը»։

Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ստեղծուած է Սուրբ Գործին համար։ Սուրբ Գործին յեղափոխական աւանդները մաս կը կազմեն Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան եւ աշխարհահայեացին։ Երբ կացութիւնները պարտադրեն, նաեւ վերադարձ կը կատարուի Սուրբ Գործի յեղափոխական աւանդներուն։

Երբ տասնամեակներ շարունակ մեծ, միջակ եւ փոքր պետութիւնները լուռ կը մնային Հայկական Ցեղասպանութեան ու մեր հայրենի հողերու մեծ մասի գրաւման անարդար փաստին դիմաց, կացութիւնը կը պարտադրեր որ վերադարձ ըլլար մեր յեղափոխական աւանդներուն, որպէսզի քանդուէր Հայ Դատի պահանջատիրութեան դէմ բարձրացուած լռութեան պատը։ Լիզպոնի մեր Հինգ նահատակ տղոց եւ միւս բոլոր տղոց առաքելութիւնն էր քանդել այդ պատը, վերացնել Արարատի շուրջ հաստատուած փշաթելերը։

Սուրբ գործի այդ առաքելութեան ճամբուն վրայ ինկան Լիզպոնի հինգ հայ տղաքը։

Հայաստանի նախկին դեսպան եւ ներկայիս մեր հողային դատի հետապնդման փորձագէտ Արա Պապյան ըստ ձեւի ու ըստ էութեան կ՚ անարգէ ու կը նախատէ Լիզպոնի մեր հինգ հերոսներուն յիշատակը։ Պրն. Պապյանի տրամաբանութեան չափանիշը խախտած է։ Ան այնքան կուրցած է, որ չի կրնար տարբերութիւն դնել սեփական պետութեան դէմ կրակողին եւ Թուրք պետութեան դէմ պայքարողին միջեւ։ Ցաւալիօրէն, եղբայրասպանի ու թրքասպանի տարբերութիւնը զատորոշելու կարողութենէ զուրկ է Պրն. Պապյան։ Բայց մենք գիտենք տարբերութիւնը հայկական ոստիկանատուն գրաւելու եւ Թրքական դեսպանատուն գրաւելու արարքներուն միջեւ։ Մենք գիտենք զանազանել հայ գնդապետի սպանութեան եւ թուրք դիւանագէտի սպանութեան միջեւ։

Աւելին, Լիզպոնի հինգ հերոսներուն նման մենք գիտենք մեր առաքելութիւնը եւ հաւատարիմ կը մնանք մեր աւանդներուն։

Սեդօ Պոյաճեան

Տպել Տպել