Մեղաւոր է Դաշնակցութիւն

FotorCreatedՀայրենիքի մէջ եղբայրասպան կռիւներու առաջքը առնուեցաւ։ Հիմա ժամանակն է բարեկարգելու մեր ժողովրդավար կառավարման եղանակը, բաւարարելու մեր ժողովուրդի սոցիալական ու տնտեսական կարիքները, նաեւ ամրացնելու մեր պաշտպանական կարողութիւնները։ Սակայն, փոխանակ այս հիմնահարցերուն ընթացք տալու եւ լուծումներ գտնելու, երբեմնի բթամիտ մարդիկը արշաւի ձեռնարկած են մեղադրելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։ Այո՛, մեղաւոր է Դաշնակցութիւնը, որով ետեւ մերժեց եղբայրասպանութիւնը, որովհետեւ մերժեց շիկացնել կացութիւնը, որովհետեւ յորդորեց կողմերը խօսիլ իրարու մայրենի լեզուով եւ ոչ թէ զէնքով, որովետեւ խրախուսեց բոլորին չդիմելու իրարու դէմ հաշուեյարդարի, որովհետեւ ճիգ թափեց որպէսզի չարատաւորուի ազատամարտիկի պայծառ դիմագիծը։ Այս բոլորին համար մեղաւոր է Դաշնակցութիւնը։

Սեդօ Պոյաճեան

Սեդօ Պոյաճեան

Սփիւռքի մէջ գաղութները ողջմտութիւնը պահեցին հայրենիքը պաշտպանելու՝ առանց կողմնորոշուելու հակադիր կողմերուն ի նպաստ կամ դէմ։ Սփիւռքահայութիւնը նաեւ յատուկ իմաստութիւն ցուցաբերելով ներքին պառակտումի չգնաց, հակամարտ կողմերու չվերածուեցաւ։ Հիմա ժամանակն է աւելի ամրապնդելու Սփիւռքահայութեան միասնութիւնը եւ մշտական հայրենասիրութիւնը։ Սակայն նոյն բթամիտ մարդիկը, փոխանակ խորացնելու մեր գաղութներու միասնութիւնն ու հայրենասիրութիւնը, ձեռնարկած են արշաւի՝ մեղադրելու Դաշնակցութիւնը։ Այո՛, մեղաւոր է Դաշնակցութիւնը նաեւ գաղութներու մէջ, որովհետեւ չքաջալերեց մեր ժողովուրդի դիմակալած հարցերը բռնամիջոցներով լուծելու գործելակերպը, որովհետեւ ընթացք չտուաւ օտար ափերու վրայ Հայաստանի մաքուր դիմագծի արատաւորման, որովհետեւ մերժեց օտար պետութիւններու առջեւ հայրենի պետութեան վարկաբեկման սատարող իմաստակ արարքները, որովհետեւ հետամուտ եղաւ գաղութներու ներքին միասնութեան պահպանման։ Այս բոլորի համար եւս մեղաւոր է Դաշնակցութիւնը։

Սակայն, Դաշնակցութիւնը մեղաւոր հռչակելու բթամիտ փորձերը նորութիւն չեն։ Ասիկա հին յանկերգ է, որուն արմատները կ՛երթան Օսմանեան կայսրութեան դէմ Դաշնակցութեան ձեռնարկած ազգային ազատագրական պայքարի օրերուն։ Բթամիտներուն օտար տէրերը կը փոխուին, բայց բթամիտներն ու իրենց յանկերգը կը մնան նոյնը՝ «Մեղաւոր է Դաշնակցութիւն»։

Այս յանկերգի մասին մեր ժողովուրդը իր յատուկ ոճով սեփական իր վճիռը տուած է գեղեցիկ երգով, որուն խորագիրն է «Մեղաւոր է Դաշնակցութիւն»։ Այս երգի ճամբով մեր ժողովուրդը կ՛ըսէ, մեր ազգային կեանքին մէջ ինչ փորձանք ալ պատահի՝ կարկուտ, կայծակ, երկրաշարժ, մարդիկ կը մեղադրեն միայն Դաշնակցութիւնը։ Ինչպէս, երգը կը բացատրէ.-

«Կարկուտ, կայծակ եւ երկրաշարժ,
Սով, պատերազմ, հիւանդութիւն,
Ո՛վ չի գիտեր, թող գիտենայ,
Մեղաւոր է Դաշնակցութիւն։»

Երգին ճամբով մերը ժողովուրդը նաեւ կ՛եզրակացնէ,

«Տօ Ի՞նչ ասեմ, ո՞ր մէկն ասեմ,
Ի՜նչ օյուններ չսարքեցին,
Ամէն հնար ի զուր անցաւ,
Կայ՝ կը մնայ Դաշնակցութիւն։»

Բթամիտները պիտի շարունակեն սարքել «օյուններ» եւ ապա յայտարարել «Մեղաւոր է Դաշնակցութիւն։» Սակայն մեր ժողովուրդը աւելի լաւը գիտէ, որ բոլոր հնարները միշտ ի զուր պիտի անցնին, քանի որ կայ, կը մնայ եւ պիտի շարունակէ գործել Դաշնակցութիւնը՝ ի սպաս մեր ժողովուրդին ու Հայաստանին, ի խնդիր Արցախի ամրակայման եւ մեր բռնագրաւեալ պապենական հողերու ազատագրման։

Սեդօ Պոյաճեան

Տպել Տպել