Ա.Մ.Ն. Րոտ Այլընտ Նահանգի կոչը` ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը

Փրովիտէնս.- Հինգշաբթի Մայիս 17-ին, Րոտ Այլընտի ներկայացուցչական Տունը բանաձեւ մը որդեգրեց, պահանջելով որ Ա.Մ.Ն. կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: Բանաձեւին մէջ կը նշուի թէ, Արցախի պետութիւնը, հետեւողական ձեւով կը գործէ իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն եւ շարունակ ճիգ կը թափէ միջազգային մակարդակի վրայ Արցախի հիմնահարցի խաղաղ լուծման համար:

Այս յատուկ նիստին, Ուաշինկթընի իր կեդրոնատեղիէն ժամանած էր Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մօտ Արցախի հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, որ քուէարկութեան աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Ռոտ Այլընտի Ներկայացուցիչներու Տան, այս բանաձեւին որդեգրման համար: «Այս բանաձեւը կը քաջալերէ ազատ եւ անկախ Արցախի ցանկութիւնը եւ կը յուսամ որ, այս խորհրդարանի յանձնառու կեցուածքը մարդկային իրաւունքներու եւ արդարութեան սկզբունքներուն նկատմամբ տիպար օրինակ մը պիտի դառնայ այլ խորհրդարաններու մօտ, Միացեալ Նահանգներու մէջ թէ այլուր…», ըսաւ ան:

Նշենք թէ ներկայացուցիչ Աւետիսեան, յառաջիկայ քանի մը օրերուն, պիտի շարունակէ իր հանդիպումները Ռոտ Այլընտի մէջ, Արցախի համար տնտեսական գործակցութիւն կատարելու համար:

Բազմաթիւ հայորդիներ ներկայ էին այս բանաձեւի որդեգրման նիստին: Բացման խօսքի ընթացքին, խորհրդարանի Նախագահ` Կորտըն Ֆոքս, բարիգալուստ մաղթեց տեղւոյն գաղութի ներկայացուցիչներուն, որոնք ժամանած էին պարոն Ռոպերթ Աւետիսեանի հետ: Անոնց շարքին էին` Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ` Անի Հարոյեան, Ռոտ Այլընտի Հայ Մշակութային Հաստատութեան ներկայացուցիչ Յակոբ Տօնոյեան, Հայ Երիտասարդաց Միութեան ներկայացուցիչ Լեւոն Աթթարեան եւ Սուրբ Վարդանանց Եկեղեցւոյ Հոգաբարցութեան անդամ Ստեփան Էլմասեան:

Նշենք թէ, միեւնոյն ժամանակ, «Քեփիթըլ Հիլ»ի մէջ, Ծերակուտականներ Ճէյմս Լանժըվին եւ Տէյվիտ Սիսիլինի հանդէս եկան, իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով Արցախի ժողովուրդին: «Քսան տարի առաջ, Արցախի ժողովուրդը պայքարեցաւ եւ զոհուեցաւ իր անկախութիւնը վերականգնելու` Ազերիներու ճնշումէն եւ խտրականութենէն: Կը միանամ Արցախի ժողովուրդին, այսօր ոգեկոչելու համար անկախութեան քսանամեակը, Հանրապետութեան Բանակի ստեղծումը, եւ Շուշիի ազատագրումը», ըսաւ Սիսիլինի: Իսկ Լանժըվին յայտնեց.- «Փափաքս է թէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը կրնայ իրականանալ առանց յաւելեալ զոհերու:…Հիմնական է որ, ներկայիս Միացեալ Նահանգները պահեն իրենց սկզբունքային դիրքորոշումը, շրջանի խաղաղութեան առնչութեամբ»:

Վերջերս քոնկրէսական Էտըմ Շիֆի առաջնորդութեամբ տարուած ջանքերուն շնորհիւ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Պետական եւ արտաքին գործողութիւններու յատկացումներու ենթայանձնախումբը վաւերացուցած էր առաջարկներ, որոնց շնորհիւ` Արցախի տրամադրուելիք օժանդակութիւնը կրնայ երկու միլիոնէն հինգ միլիոն տոլարի բարձրանալ:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Տպել Տպել