Արթուր Մկրտչեան. Արցախի պետականութեան կերտողը

FotorCreatedՍեպտեմբեր 2-ին կը տօնենք Արցախի Հանրապետութեան հիմնադրման 25-ամեակը։ Ազգային նուաճում մը, որ կը պատգամէ թէ մենք կարող ենք ազատագրել մեր պապենական հողերը, թէ մենք կարող ենք քայլ առ քայլ առաջ գնալ դէպի Միացեալ Հայաստան։ Այս նուաճումը կը պարտինք մեր Արցախեան ազատամարտիկներուն։ Այդ ազատամարտիկներու շարքին առաջնագոյններէն էր ԱՐԹՈՒՐ ԱՍԼԱՆԻ ՄԿՐՏՉԵԱՆ։

Արթուր Մկրտչեանը վերընձիւղումն իսկ էր Արամ Մանուկեանի։ Ան Դաշնակցական էր՝ միսը միսէն, ոսկրը ոսկրէն։ Ան իր մէջ կը խտացնէր Դաշնակցականի բոլոր առաքինութիւնները։ Ան մտաւորական էր, ազատամարտիկ էր, քաղաքական գործիչ էր։ 32 տարեկան հասակին ան Արցախի Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նախագահն էր։ Այդ հանգամանքով ան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան առաջին նախագահն էր։

Արթուր Մկրտչեան Արցախեան ազատամարտի ու պետականութեան թէ մարտական ու թէ գաղափարական առաջնորդն էր։ Իր տեսութիւնը շատ բիւրեղ եւ յստակ էր.-

«Արցախն աղքատ բարերար չէ, որին պէտք է օգնել, Արցախը պէտք է նուաճել, Արցախը պէտք է գրաւել, Արցախը պէտք է մերը դարձնել։»

«Թող ոչ մեկի մտքով չանցնի, թէ Ղարաբաղում հայ չապրելով` Ղարաբաղը կարող է Հայաստանի մաս դառնալ: Հողը նրանն է, ով էդ հողի վրայ ապրում է եւ պաշտպանում է այդ հողը։»

Սեդօ Պոյաճեան

Սեդօ Պոյաճեան

«Առաջին հարցը կանոնաւոր բանակ ստեղծելն է, չնայած դա շատ դժուար կլինի, որովհետեւ համապատասխան միջոցները բացակայում են: Ամրացնել Ղարաբաղի սահմանները եւ մտածել Ղարաբաղի ներսում ժողովրդի կենսապահովման հետ կապուած հարցերը լուծելու ուղղութեամբ: Արցախի Հանրապետութեան յարաբերութիւնները Ադրբեջանի հետ պայմանաւորած կլինի նրանով, թէ Ադրբեջանը ինչքանո՞վ կճանաչի հայ ժողովրդի իրաւունքն Արցախում ապրելու։»

Արցախը պէտք է մերը դարձնել։ Հողը նրանն է ով հողի վրայ կ՚ապրի եւ կը պաշտպանէ զայն։ Այս նպատակին համար հրամայական է կանոնաւոր բանակի ստեղծումը։

Արթուր Մկրտչեանի այս պատգամները այսօր իրականութիւնն են։ Մեր պարտականութիւնն է այդ իրականութիւնը յարատեւելի դարձնել՝ յանուն Արցախի, յանուն Միացեալ Հայաստանի, յանուն Արցախեան պետականութեան կերտիչ Արթուր Մկրտչեանի։

Արթուր Մկրտչեան։ Ահաւասիկ իսկական հերոսը, իրական ազատամարտիկը, արժանավայել նախագահը։

Արթուր Մկրտչեան։ Ահաւասիկ օրինակելի նախագահ մը, որու օրինակին պարտին հետեւիլ Հայաստանի Հանրապետութեան անցնող թէ գալիք նախագահները։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Տպել Տպել