«Ազդակ»ի խմբագրական. Արցախի Տարածքային Ամբողջականութեան Սահմանադրականօրէն Ամրագրուող Դրոյթները

FotorCreatedԱրցախի անկախութեան կամ հանրապետութեան հիմնադրութեան 25-ամեակի նշումին ըստ էութեան այժմէական հնչեղութիւն տալու որեւէ փորձ անպայման պիտի կեդրոնանայ ապրիլեան պատերազմին, անոր հետեւած բանակցային գործընթացի գերաշխուժացման եւ անոնց զուգահեռ Արցախի սահմանադրութեան բարեփոխման ընթացակարգի սկիզբին վրայ:

Հաւանաբար ալ այս երեք ուղղութիւնները սերտօրէն փոխկապակցուած են, եթէ գրեթէ սառեցուած բանակցութիւններու թափով վերսկսումն ու միջնախագահական ձեւաչափով հանդիպումներու յաջորդականութիւնը նկատի ունենանք` քառօրեայ պատերազմին անմիջականութեամբ:

Եթէ սահմանադրական առաջադրուած բարեփոխումները ամրապնդեն եւ վերաամրագրեն Արցախի տարածքային ամբողջականութեան դրոյթները, ապա արդէն բաւական հունաւորուած կ՛ըլլայ թէ՛ կարգավիճակի եւ թէ՛ տարածքներու ուղղութեամբ արցախահայութեան կամքը:

Հայկական կողմը բանակցութիւններուն յաջողած է իր առաջադրանքներն ու միջազգային ընտանիքի մօտեցումները համատեղել եւ բանակցային ընդհանուր տրամաբանութեամբ արծարծուող հարցերուն մէջ մեկուսացնել Պաքուն:

Այս պահու դրութեամբ Վիեննան եւ Վիեննան վերահաստատող Փեթերսպուրկն են եւ այնտեղ կայացած համաձայնութիւնները`

Ա. Քննարկուած են արցախեան հակամարտութեան գօտիին վրայ ապրիլի սկիզբը կատարուած հրադադարի կոպիտ խախտումին պատճառով ստեղծուած լարուած իրավիճակը եւ անկէ դուրս գալու հաւանական ուղիները:

Բ. Համանախագահող երկիրները շեշտած են 94-ի եւ 95-ի համաձայնագիրները յարգելու եւ անոնց իրականացումէն չշեղելու անհրաժեշտութիւնը:

Գ. Համաձայնութիւն գոյացած է քայլերու ձեռնարկելու մշտադիտարկման եւ միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմի հաստատման եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի իրաւասութիւններու յաւելման առնչութեամբ` հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ բանակցութիւններու հաւանական վերսկսման համար:

Պարզ է տրամաբանութիւնը. յղում կայ այն փաստաթուղթերուն, որոնց մշակման բանակցութեան եւ որոնց տակ ստորագրութեան մասնակցած է պաշտօնական Ստեփանակերտը: Այս կը նշանակէ նաեւ, որ որեւէ նոր համաձայնագիր կամ խաղաղութեան մեծ համաձայնութիւն չի կայանար առանց Ստեփանակերտի մասնակցութեան: Ասոր զուգահեռ կարեւոր քայլ առնուած է նաեւ շփման գիծին վրայ կատարուող յարձակումները մշտադիտարկելէն անդին զանոնք հետաքննելու իմաստով. իսկ հետաքննութիւնը նաեւ պատասխանատուութեան մատնանշում եւ պատասխանատուութեան ստանձնում կ՛ենթադրէ: Կէտ մը, որ մնայունօրէն առաջ կը քշուէր հայկական կողմէն եւ կը բախէր ազրպէյճանական մերժողականութեան:

Ուրեմն հիմա առաւելները այս առումներով ի նպաստ հայկական կողմին են: Սահմանադրական բարեփոխումներուն մէջ, պահ մը զանց առնելով գերնախագահական լիազօրութիւններով հաստատելի կառավարման համակարգի անպատեհութիւնները, կարեւոր է Արցախի տարածքային ամբողջականութեան իրաւադրոյթներու ամրագրումը: Թէ՛ եղանակով եւ թէ՛ բովանդակային առումով:

Եղանակը հանրաքուէն է. միջազգային ընտանիքին կողմէ ժողովրդավար աշխատելաձեւի ընկալուած դրութիւն, որուն նկատմամբ արցախահայութիւնը փաստած է ժողովրդավար ընտրաեղանակի բարձր եւ օրինակելի կատարողականութիւն: Եւ մնալով միջազգային հանրութեան ժողովրդավարական կարգերը հաստատելու սկզբունքին կառչած, սահմանադրականօրէն Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերաճշդումը կատարելով, Ստեփանակերտը իր կամքը նախանշած կ՛ըլլայ արդէն բանակցային լուծումի համաձայնութեան ուղղութեամբ:

Մինչ Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութենէն, Չիլիի խորհրդարանէն եւ Ֆրանսայի խորհրդարանի պաշտօնական խօսափողերէն հնչած յայտարարութիւններն ու ձեւակերպումները, չհաշուած տարբեր երկիրներու նահանգային մակարդակի ճանաչումները, Արցախի միջազգային ճանաչման ուղի հարթող կարեւոր ամրագրումներ են. այս պատճառով ալ, Արցախի կառավարման համակարգի փոփոխութիւնները վստահաբար նկատի պէտք է ունենան Արցախի միջազգային ճանաչման գործին աջակցող օտարերկրեայ գործընթացներու եւ միջազգային կառոյցներու կողմէ իրաւական, ժողովրդավարական, ինքնիշխան պետութեան նոր փուլի կայացման անոնց կողմէ ընկալելիութիւնը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել