Պելճիքայէն երեսփոխանական պատուիրակութիւն մը կ’այցելէ Հայաստան եւ Արցախ

FotorCreatedՊելճիքայէն վեց երեսփոխաններ՝ Էլս Ֆան Հոֆ (դաշնակցային խորհրդարան, Պելճիքայի Հայաստանի եւ Վրաստանի հետ միջխորհրդարանական խումբի նախագահ, CD&V), Ժորժ Տալըման (դաշնակցային խորհրդարան, Պելճիքայի Հայաստանի եւ Վրաստանի հետ միջխորհրդարանական խումբի անդամ CdH), Տավիտ Քլարինվալ (դաշնակցային խորհրդարան, Պելճիքայի Հայաստանի եւ Վրաստանի հետ միջխորհրդարանական խումբի անդամ, MR), Զոէ Ժենօ (Պրիւքսելի շրջանային խորհրդարանի անդամ, Ecolo խմբակցութեան ղեկավար), Փոլ Տելվա (Պրիւքսելի շրջանային խորհրդարանի անդամ, CD&V խմբակցութեան ղեկավար) եւ փրոֆեսէօր Սերժ Տը Փաթուլ (Պրիւքսելի շրջանային խորհրդարան, DeFI)՝ ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի եւրոպական հարցերու պատասխանատու Հեղինէ էվինյանի, կը գտնուին Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն – Արցախ:

Այցելութեան առաջին օրը, օգոստոս 31-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը Էջմիածնի մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Զոէ Ժենոն եւ Փոլ Տելվան: Պատուիրակութեան անդամները նաեւ հանդիպումներո ունեցան «Մարդկային զարգացման միջազգային կեդրրոն (International Center for Human Development) եւ «Ռազմավարական եւ ազգային ոուսումնասիրութեան կեդրոն (Strategic and National Research Center) կազմակերպութեանց հետ, եւ առիթն ունեցան այցելելու պատմութեան թանգարանը:

Սեպտեմբեր մէկին, Պելճիքայի երեսփոխանական պատուիրակութիւնը այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողով, եւ տեսակցեցաւ Հայաստան – Պելճիքա բարեկամական խումբի ղեկավար Շիրակ Թորոսեանի եւ խումբի անդամներ Կարինէ Աճեմեանի, Էլինար Վարդանեանի եւ Արմէն Ռուստամեանի հետ: Արծարծուեցան Հայաստան – Պելճիքա յարաբերութիւնները, Հայկական Ցեղասպանութիւնը, Արցախի հիմնահարցը եւ Հայաստանի մէջ մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդականացման ընթացքը: Ապա՝ պելճիքացի երեսփոխանները հանդիպեցան Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ: Ան կարեւորեց երկու երկիրներու միջեւ օրէնսդիր մարմիններու միջեւ համագործակցութիւնը, որ կը նպաստէ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման: Գալուստ Սահակեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց պելճիքացի երեսփոխաններուն 2015 յուլիսի Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունման համար:

Պելճիքացի երեսփոխանները ապա այցելեցին նախագահական պալատ եւ հանդիպում մը ունեցան ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Երկու կողմերը կարեւորած են խորհրդարանական աշխոյժ աշխատանքը՝ յատկապէս բարեկամութեան խումբերու ծիրէն ներս, որ ինքնին կ’ամրացնէ Հայաստանի եւ Պելճիքայի յարաբերութիււնները: ՀՀ նախագահը պատասխանելէ ետք երեսփոխաններու հարցերուն՝ պելճիքացի երեսփոխան Ժորժ Տալըմանը պարգեւատրած է երախտագիտութեան մետալով:

Պատուիրակութիւնը աւելի ուշ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ, ուր մօտէն ծանօթացան Հայկական Ցեղասպանութեան իրականութեան հետ:

Այժմ Պելճիքայէն պատուիրակութիւնը կը գտնուի Ստեփանակերտ, Արցախ:

Տպել Տպել