Թուրքիա Գաղտնի Համաձայնութիւն Կնքած Է «Իսլամական Պետութեան» Հետ` Սուրիա Իր Խաբուսիկ Ներխուժման Վերաբերեալ

fotorcreatedՍուրիա եղած է միջազգային ռազմական եւ քաղաքական տարաբնոյթ դաւադրութիւններու կեդրոն` 2011 թուականի «քաղաքացիական պատերազմ»-ի սկիզբէն ի վեր: Զանազան հակամարտող կողմերու շարքին են Հըզպալլան, Իրանը, «ՏԱՀԵՇ»-ը, Իսրայէլը, Յորդանանը, քիւրտ զինեալները, Լիբանանը, Քաթարը, Ռուսիան, Սէուտական Արաբիան, այլազան ահաբեկիչներ` աշխարհի չորս կողմէ, Սուրիան, սուրիական ընդդիմադիր խումբերը, Թուրքիան, Միացեալ Նահանգները եւ ՕԹԱՆ-ի այլ պետութիւններ:

Վերջին չարագուշակ զարգացումը թրքական ներխուժումն էր Սուրիոյ սահմանամերձ Ճարապլուս քաղաք, որ գրաւուած էր ««ՏԱՀԵՇ»-ին կողմէ: Սակայն, հակառակ թրքական քարոզչութեան, Թուրքիոյ զինուժը Սուրիա չէր ներխուժած «ՏԱՀԵՇ»-ը դուրս մղելու համար, իսկ ամերիկեան ռազմաօդային ուժերը Ճարապլուսի վրայ ռումբեր չեն նետած թրքական զօրքերու յառաջխաղացումը ապահովելու համար` ըստ Քոլումպիա համալսարանի Մարդկային իրաւունքներու ուսումնասիրութեան հիմնարկի Խաղաղաշինութեան եւ իրաւունքներու

Յարութ Սասունեան

Յարութ Սասունեան

ծրագիրի ղեկավար Տէյվիտ Ֆիլիփսի: Ֆիլիփս իբրեւ աւագ խորհրդական եւ արտաքին հարցերով մասնագէտ` աշխատած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ` նախագահներ Քլինթընի, Պուշի եւ Օպամայի պաշտօնավարութեան ընթացքին:

Թուրքիոյ իսկական ծրագիրներն էին կանխել հետագայ յառաջխաղացումը` Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան հատուածէն ներս Ժողովրդական ինքնապաշտպանական ջոկատներու` քիւրտ զինեալներու, որոնք Միացեալ Նահանգներու ամէնէն վստահելի ռազմական դաշնակիցներն էին «ՏԱՀԵՇ»-ին դէմ մղած պայքարին մէջ, մինչդեռ Էրտողան Ժողովրդական ինքնապաշտպանական ջոկատները կ՛անուանէ «ահաբեկիչներ»:

Ֆիլիփս Հաֆինկթոն փոսթի իր յօդուածով բացայայտած է, որ` «Թրքական աջակցութիւն վայելող ծայրայեղական իսլամները երբեք չեն բախած ««ՏԱՀԵՇ»-ի հետ, այսպէս կոչուած` Ճարապլուսի համար մղուող մարտին մէջ: Ներխուժումէն առաջ Անգարա գործարքի մէջ մտած է «ՏԱՀԵՇ»-ի հետ: Դիմադրելու փոխարէն՝ «ՏԱՀԵՇ»-ի զինուած ուժերը պարզապէս փոխած են իրենց հանդերձանքը Սուրիական ազատ բանակի համազգեստով: Ճարապլուս «ՏԱՀԵՇ»-էն «ազատագրուեցաւ» գրեթէ առանց կրակոցի: «ՏԱՀԵՇ»-ի, նախքան թրքական ուժերու ներխուժումը, Ճարապլուսէն տարհանած էր բոլոր քաղաքայինները, որովհետեւ չէր ցանկար, որ` «խաղաղ բնակիչները ճանչնային Սուրիական ազատ բանակի անդամներու հանդերձանքով «ՏԱՀԵՇ»-ի գործուն զինեալները», գրած է Ֆիլիփս:

«Զարմանալի չէ, որ Էրտողան եւ «ՏԱՀԵՇ»-ը գործարք կնքած են: «ՏԱՀԵՇ»-ը եւ Էրտողանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը գաղափարակիցներ են», կը պնդէ Ֆիլիփս, «քանի որ երկուքն ալ Իսլամ եղբայրներ կազմակերպութեան ճիւղերն են: Հակառակ պաշտօնական հերքումներուն` մեծ թիւով ապացոյցներ կան, որ Թուրքիա 2014 թուականէն ի վեր զէնք եւ դրամական ու կազմակերպչական աջակցութիւն կը տրամադրէ ծայրայեղական իսլամներուն, Սուրիոյ մէջ: Թուրքիա նաեւ նիւթապէս ապահոված է «ՏԱՀԵՇ»-ը` փոխադրելով անոր քարիւղը եւ զայն վաճառելով միջազգային շուկայի մէջ: Ամէն ամիս մօտաւորապէս 500 իսլամ ծայրայեղական զինեալներ կը շարունակեն Թուրքիոյ տարանցիկ ճամբով փոխադրուիլ Սուրիա»:

Թուրք ղեկավարները երբեք չեն թաքցներ իրենց իրական նպատակը: Էրտողան յայտարարած է, որ կը ձգտի հետապնդել Ժողովրդավարական ինքնապաշտպանական ջոկատները եւ «մեր երկրին սպառնացող ահաբեկչական խումբերը»: Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու խոստացած է, որ Անգարա կ՛ընէ «անհրաժեշտ ամէն բան», որպէսզի քիւրտ զինեալները հեռու պահէ Թուրքիոյ սահմաններէն:

Ուաշինկթըն գոհ չէ Սուրիոյ հիւսիսը սխալ ուղղութեամբ ընթացող Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւններէն: Փենթակոնի բարձրաստիճան պաշտօնեայ Պրետ ՄաքՔըրք ըսած է Սի. Էն. Էն.-ին. «Ճարապլուսը` երբեք չէ հետաքրքրած թուրքերը, մինչեւ որ քիւրտերը ուզեցին հասնիլ հոն»: Թրքական յարձակումները քիւրտերու վրայ ՄաքՔըրք անուանած է «անընդունելի եւ խոր մտահոգութեան աղբիւր», Միացեալ Նահանգներու համար:

«Վեթերանզ Թուտէյ»-ի խմբագիրը եւս խստօրէն քննադատած է թրքական ներխուժումը Սուրիա, ինչպէս արտացոլուած է անոր ծաղրական բացատրութեան մէջ. «Թրքական զօրքերը, որոնք տարիներ շարունակ եղած են Սուրիոյ մէջ «ՏԱՀԵՇ»-ի հանդերձանքով, պարզապէս գացեր էին տուն` Թուրքիա, լաւ մը լոգցեր, սափրուեր, հագեր իրենց թրքական համազգեստը, ապա վերադարձեր` Սուրիա»:

Սուրիացի զինեալ Սաատէտտին Սոմաան, որ միացած էր թրքական ներխուժման Սուրիոյ մէջ, իր հիասթափութիւնը արտայայտած է «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին` «ՏԱՀԵՇ»-ի եւ Սուրիոյ կառավարութեան փոխարէն` քիւրտերու դէմ պայքարի մէջ մոլորութեամբ ներքաշուելու համար: «Բոլորը կը հետապնդեն իրենց սեփական շահերը, այլ ոչ թէ` Սուրիոյ», դժգոհած է Սոմաան:

«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի յօդուածին մէջ կ՛ընդգծուի, որ ապստամբ խումբերը ներքին պայքարներու պատճառով «կրնան ուժեղ քննադատութեան ենթարկուիլ, որ անոնք, լաւագոյն պարագային, թրքական կամ ամերիկեան գործակալներ են, իսկ յոռեգոյն պարագային` «ՏԱՀԵՇ»-ի դաշնակիցներ»: Բացի այդ, «Թուրքիոյ օդային հարուածներէն սպաննուած էին 35 խաղաղ բնակիչներ, քիւրտ զինեալներու հսկողութեան տակ գտնուող գիւղերու մէջ: Իսկ համացանցի վրայ տեղադրուած տեսահոլովակէն կ՛երեւէր, թէ ինչպէ՛ս ապստամբները ոտքերով կը հարուածէին քիւրտ զինեալ բանտարկեալները»: Որոշ զինեալներ, որոնք Սուրիա ներխուժման ժամանակ ուղեկցած էին թրքական զօրքերուն, ինչպէս` Նուրէտտին Զինքիի անդամները, «մեղադրուեցան Քայիտաի հետ առնչութիւն ունեցող խումբերու հետ կապեր ունենալու մէջ եւ խստօրէն դատապարտուեցան, երբ խումբ մը զինեալներ տեսագրած էին իրենց կողմէ երիտասարդ բանտարկեալի մը գլխատումը… Անոնց մասնակցութիւնը Ճարապլուսի գործողութեան կը վկայէ, որ անոնք երբեք չէին մեկուսացուեր, առնուազն` Թուրքիոյ կողմէ»:

Տէյվիտ Ֆիլիփս եզրափակած է իր «Հաֆինկթըն փոսթ»-ի մերկացնող յօդուածը հետեւեալ կանխատեսումով. «Սուրիան կ՛ըլլայ Էրտողանի Ուոթըրլոն: Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պէտք չէ ինքզինք շղթայէ Թուրքիոյ խորտակուող նաւուն»:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

aztagdaily.com

Տպել Տպել