Ոչ Թէ Խոստումներու, Այլ Լուծումներու Ժամանակն Է

fotorcreatedՔանի մը շաբաթէն, Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ (կարճ՝ ՏԻՄ). այսինքն պիտի ընտրուին քաղաքապետներ եւ քաղաքապետական աւագանիի անդամներ, ինչպէս նաեւ գիւղապետներ: Այնպէս որ ընտրական քարոզչութեան գործընթացը, համապատասխան մթնոլորտով, սկսած է:

Մեծ գիւտ մը ըրած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, որ աշխարհի բոլոր երկիրներու պարագային, նախընտրական մթնոլորտը կը յատկանշուի խոստումներով: Թեկնածուները կը խոստանան այս ընել, այն ընել, եթէ հանրութիւնը իրենց քուէ տայ: Մ. Նահանգներու մէջ ահաւասիկ առնուազն 9 ամիսէ ի վեր ընտրական մթնոլորտ կայ: Նոր նախագահ պիտի ընտրուի յառաջիկայ Նոյեմբերի առաջին Երեքշաբթի օրը (ի դէպ… վա՜յ Ամերիկային ու ամբողջ աշխարհին, աչքի առջեւ ունենալով գլխաւոր երկու թեկնածուները):

Ամերիկեան նախընտրական այս մթնոլորտին մէջ, բոլոր թեկնածուներն ալ (յատկապէս տուեալ կուսակցութեան մը թեկնածուն ճշդելու նախնական փուլին) անխտիր կը յայտարարէին. «Եթէ ընտրուիմ, յաջորդ օրն իսկ այս պիտի ընեմ, այդ պիտի ընեմ»: Իսկ ամբոխի վերածուած լսարանն ալ խելայեղ ծափահարութիւններով կը դիմաւորէր «ջարդել-փշրելու» այս անհեթեթութիւնները:

Վաչէ Բրուտեան

Վաչէ Բրուտեան

Այս «մշակոյթը» յատուկ չէ միայն Մ. Նահանգներուն: Աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, պատկերը վերիվարոյ նոյնն է: Նաեւ՝ Հայաստանի մէջ:

Մէկ տարբերութեամբ, որ գէթ մեր երկրին մէջ կա՛յ բանականութեան ձայն:

Գիւմրիի, Վանաձորի եւ այլ տեղերու մէջ, Դաշնակցութեան թեկնածուները հանրութեան կը ներկայանան հարցերու լուծման այլընտրանքներով, ծրագիրներով ու զանոնք կեանքի կոչելու կամքով:

Եթէ լաւ հետեւինք ՏԻՄ նախընտրական զարգացումներուն, դիւրաւ պիտի նկատենք, որ Դաշնակցութեան թեկնածուները աչքառու չափով ժլատ են իրենց խոստումներուն մէջ: Մինչ Գիւմրիի մէջ գործող քաղաքապետը հպարտութեամբ իր նախընտրական կարգախօսը դարձուցած է… պաշտօնէութեան ամսականները ժամանակին վճարած ըլլալու իրողութիւնը, իբրեւ մեծ «նուաճում», անդին սակայն, Դաշնակցութեան թեկնածուները ոչ թէ խոստումներ կը շռայլեն, այլ՝ տուեալ քաղաքի բարելաւման ու զարգացման ծրագիրներ կը ներկայացնեն հանրութեան, միաժամանակ շեշտելով, որ ունին անհրաժեշտ կամքը զանոնք գործադրելու իմաստով:

Այս մօտեցումը մաս կը կազմէ դաշնակցականի մտածողութեան: Անցնող խորհրդարանական ընտրութիւններուն, Դաշնակցութեան թեկնածուները, իրենց նախընտրական հաւաքներուն ընթացքին, ժողովուրդին բառացիօրէն եւ բազմիցս կրկնեցին. «Ոսկու սարեր չենք խոստանում ձեզ»: Փոխարէնը, ներկայացուցին ծրագիր: Մանաւանդ՝ շեշտեցին սեփական խիղճով եւ ոչ թէ ընտրակաշառքով քուէարկելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ ընտրակաշառք տալն ու առնելը հաւասարապէս չարիք են ու յանցանք:

Հայաստանաբնակ մեր ժողովուրդը շատոնց յագեցած է ընտրական խոստումներէն: Եւ իրաւունք ալ ունի, վստահաբա՛ր:

Վանաձոր քաղաքի աւագանիի դաշնակցական թեկնածու Արմէնուհի Կիւրեղեան քանի մը օր առաջ յայտարարեց, թէ ինք ու իր ցանկակիցները խոստումներ չեն շռայլեր, այլ՝ լուծումներ կ՛առաջարկեն քաղաքի զարգացումին համար, որովհետեւ իրենք լաւ գիտեն քաղաքին դիմագրաւած հարցերը եւ հետեւաբար նաեւ, լա՛ւ գիտեն այդ հարցերը լուծելու եղանակը:

Անոնք լաւ գիտեն, թէ արդար չէ խոստումներ շռայլելը. անոնք լաւ գիտեն, թէ ժողովուրդին ոչ թէ խոստումներ պէտք է տալ, այլ՝ ծրագիրներ եւ լուծումի այլընտրանքներ ներկայացնել ու թող ժողովուրդը ի՛նք վճռահատէ իր բանականութեամբ ու դատողութեամբ:

Այսօր Հայաստան կը գտնուի փոխանցման փուլի մը մէջ: Յառաջիկայ տարի խորհրդարանական ընտրութիւններ կան: Նոր սահմանադրութիւնը աստիճանաբար ուժի մէջ պիտի մտնէ, եւ կառավարման համակարգը նախագահականէն պիտի փոխուի խորհրդարանականի: Հետեւաբար, ՏԻՄի ընտրութիւնները նախերգանքը պէտք է համարել յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ մանաւանդ ոճի ու մթնոլորտի իմաստով: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ժողովուրդին մօտ այժմէն իսկ զարգացնել այն մտածողութիւնը, որ իր քուէն երկրին համար արժէք կ՛ունենայ այն ատեն, երբ կը տրուի ոչ թէ խոստումին, այլ ծրագիրին եւ լուծումի այլընտրանքներուն: Որովհետեւ մեզի անհրաժեշտ են լուծումներ եւ զանոնք իրագործելու անհրաժեշտ քաղաքական կամք:

Ահաւասիկ ճիշդ ա՛յս մթնոլորտն է, որ անհրաժեշտ է տիրական դարձնել Հայաստանի մէջ: Մեր ժողովուրդը յոգնած է շառաչուն խոստումներէն. բոլորս ալ «ձանձրացած» եւ զզուած ենք աջուձախ շռայլուող անէծքներէն: Ոչ խոստումները արժէք ունին, ոչ ալ հայհոյանքներն ու անէծքները: Ատոնք հաւասարաչափ չարիք են մեր երկրին ու ժողովուրդին համար:

Արժէք ունին միայն արդարութեան վրայ կառուցուած ծրագիրները ու զանոնք կեանքի կոչելու ատակ քաղաքական կամքը:

Իսկ Դաշնակցութեան թեկնածուները մեր ժողովուրդին կը ներկայանան թէ՛ ծրագիրներով եւ հարցերու լուծման այլընտրանքով եւ թէ անհրաժեշտ կամքով:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

asbarez.com

16/09/2016

Տպել Տպել