Կերտենք ա՛յն Անկախ Հայաստանը զոր կ՛երազէին պայքարի ճամբուն վրայ նահատակուած մեր անմահ հերոսնեը

Յայտարարութիւն

fotorcreatedՀամայն հայութիւնը այս օրերուն կը նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակը, որոնք ձեռք բերուեցան համայն հայութեան ջանքերով, ազնուագոյն զաւակներու զոհաբերութեամբ եւ հայրենի ու սփիւռքեան ներուժի համախմբումով:

Անկախութեան ձեռքբերման մէջ անառարկելի է նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներդրումը, 88 թուականին հրապարակ նետած «Դէպի Երկիր» կարգախօսէն սկսեալ, իր արժանաւոր զաւակներու անմնացորդ զոհաբերութեամբ եւ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի մէջ իր ստանձնած պարտաւորութիւններով:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար անվիճելի համոզում է այն, որ անկախութեան հռչակումով պարզապէս կը սկսի լիարժէք անկախութիւն ձեռք բերելու ճանապարհը: Ուստի, անցնող 25 տարիները մեզի համար եղան հռչակուած անկախութեան ամրապնդումին տանող ուղի, որովհետեւ կը հաւատանք թէ իսկական անկախութիւնը կը նուաճուի տնտեսական, զինուորական եւ քաղաքական հզօրութեամբ:

Վերոնշեալ համոզումը ունենալով, 25 տարիներու նուաճումները տեսնելով հանդերձ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը չէր կրնար անտեսել հայ իրականութեան մէջ առկայ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իրերայաջորդ իշխանութիւններուն մօտ երեւացող բացթողումներն ու բացասական երեւոյթները, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կը խանգարեն մեր պետականութեան դէպի լիարժէք անկախութիւն տանող երթը: Արցախեան գոյամարտի իր մասնակցութեամբ, ընդդիմադիր դիրքերէն թէ իշխանութեան մէջ պարտականութիւններ ստանձնելով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը երկու գլխաւոր նպատակ դրած է իր առջեւ՝ Հայաստանի ու Արցախի պետականութեան հզօրացումը եւ այդ հզօրացման խոչընդոտող բացասական երեւոյթներու դէմ պայքարը: Այդ նպատակները իրականացնելու համար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը միշտ գործած է ներքին միասնականութիւն հաստատելու նախանձախնդրութեամբ եւ աններող քննադատը եղած է մեր ազգային հզօրացման խանգարող բացասական երեւոյթներուն:

Այսօր, դէպի լիարժէք անկախութեան տանող երթը նոյն վճռակամութեամբ շարունակելու կամքով, գլուխ կը խոնարհենք մեր ազգային անկախութիւնը կերտած բոլոր նուիրեալներուն առջեւ եւ լիայոյս ենք որ համախմբուած շարքերով ու Հայաստանի մէջ համակարգային լուրջ փոփոխութիւններով քայլ առ քայլ պիտի կերտենք ա՛յն Անկախ Հայաստանը զոր կ՛երազէին պայքարի ճամբուն վրայ նահատակուած մեր անմահ հերոսնեը:

Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.

Կեդրոնական Կոմիտէ
Սեպտեմբեր 21, 2016

hairenikweekly.com

Տպել Տպել