Սփիւռքը Հայաստան չէ

fotorcreatedԵս Սփիւռքահայ եմ։ Մեծ հայրս Ցեղասպանութենէն վերապրող էր հազիւ տասը տարեկան հասակին։ Հայրս ծնած է հայրենիքէն հեռու՝ Լիբանանի մէջ։ Ես ծնած ու մեծացած եմ Լիբանանի նման հմայիչ երկրի մը մէջ։ Սակայն Սփիւռքահայ եմ։ Հայաստան մայր հայրենիքս է։ Կը փափախէ սիրտս Հայաստանով։ Իբրեւ քաղաքական գործիչ, համակ աշխատանքս Հայաստանի համար է։ Սակայն Սփիւռքը Հայաստան չէ։ Եւ իբրեւ այդպիսին, իմ պարտականութիւնս է զօրակցիլ Հայաստանին ու հայրենի ժողովուրդին։

Իմ զօրակցութիւնը բացառաբար բարոյական ակունքներէ պէտք է բխի։ Ես հայրենիքի մէջ չեմ ապրիր։ Ուստի իրաւունք չունիմ հայրենիքիս պարտադրելու ներքին կեանքի վերաբերող ուղղութիւններ։ Նոյն իմաստով, իրաւունք չունիմ միջամուխ ըլլալու հայրենիքիս ներքին հարցերուն։ Իմ պարտականութիւնս է հայրենիքիս ու ժողովուրդիս հետ ըլլալու։ Իմ պարտականութիւնս է վեր պահելու հայրենի պետութեանս արժանապատուութիւնը՝ նոյնիսկ երբ համաձայն չեմ անոր որդեգրած ներքին քաղաքականութեան։

Սեդօ Պոյաճեան

Սեդօ Պոյաճեան

Ներքին քաղաքականութիւնը ներքին հարց է։ Արար աշխարհի եւ օտարի առջեւ ես իրաւունք չունիմ պախարակելու եւ վարկաբեկելու իմ պետութիւնս, նոյնիսկ երբ համաձայն չեմ հայրենիքիս Նախագահին, Վարչապետին կամ Կառավարութեան առած քայլերուն։ Իմ հայրենիքիս ներկայացուցիչը իմ հայրենի պետութիւնն է։ Իմ հայրենի պետութեան ներկայացուցիչը իմ հայրենի կառավարութիւնս է։ Թէ՛ պետութիւնս եւ թէ կառավարութիւնս իմ հեղինակութիւններս են՝ անկախ անոնց որդեգրած ընթացքէն։

Նշմարա՞ծ էք արդեօք որեւէ այլ ժողովուրդ, որուն սփիւռքը արար աշխարհի առաջ պախարակէ եւ վարկաբեկէ իր պետութիւնն ու կառավարութիւնը։ Ո՛չ Իռլանդացիները, ո՛չ Իտալացիները եւ ոչ ալ Հրեաները այդ կացութեան մէջ չեն զետեղեր իրենք զիրենք։ Իռլանդացիները զօրակցութիւն կը հայցեն Հիւսիսային Իռլանդայի քաղաքական իրաւունքներուն։ Անոնք կը սատարեն իրենց հայրենակիցներու զինեալ պայքարին՝ առանց դատապարտելու անոր հեղինակներու ահաբեկչական գործունէութիւնը։ Անոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս կ՚աջակցին այդ պայքարին, առանց խնդրոյ առարկայ դարձնելու այսպէս ասած ժողովրդավարական ընթացակարգի բացակայութիւնը։ Իտալական սփիւռքը իր կարգին հեռու կը մնայ Իտալիոյ ներքին հարցերէն։ Անոր միակ մտասեւեռումն է սատարել եւ աջակցիլ Իտալիոյ՝ կարեւոր չէ թէ ո՜վ է կանգնած իշխանութեան գլխին եւ թէ ինչպիսի՞ միջոցներով կը կառավարուի երկիրը։

Իսկ հրէական սփիւռքը օրինակելիութեան գագաթնակէտը կը հանդիսանայ։ Նշմարա՞ծ էք որեւէ սփիւռքցի հրեայ որ պախարակէ ու վարկաբեկէ Իսրայէլը՝ հակառակ անոր ունեցած ներքին պառակտումներուն։ Բնականաբար ո՛չ։ Ամերիկայի եւ Քանատայի հրէական սփիւռքին աւելի քան ութսուն տոկոսը դէմ է վարչապետ Պէնժամին Նեթէնեահուիին։ Սակայն, ցարդ հրապարակաւ ոչ մէկ անհատական թէ խմբային կեցուածք ցուցաբերուած է անոր դէմ՝ Ամերիկայի թէ Քանատայի տարածքին։ Ընդհակառակը, Ամերիկացի բոլոր հրէաները ոգի ի բռին կ՚աշխատին, որպէսզի Ամերիկեան քոնկրէսը ոչ թէ 38 այլ 45 միլիառ տոլար աջակցութիւնը տրամադրէ Իսրայէլին՝ ի հեճուկս իրենց ընդդիմացած Նեթէնեահուի վարչապետութեան։

Այս օտար օրինակները ցաւ կը պատճառեն երբ դէմ յանդիման կը գտնուինք սփիւռքահայ մարդոց, որոնք առանց վաւերական դոյզն իսկ ներդրում ունենալու հայրենի կեանքէն ներս, յաւակնութիւն ունին պոռոտախօսելու հայրենիքի ներքին կեանքի մասին։ Այս մարդիկը, յանուն Ամերիկեան կամ Քանատական ժողովրդավարութեան, պատրաստ են վարկաբեկելու մեր պետութիւնը եւ պախարակելու մեր կառավարութիւնը՝ առանց իսկ օր մը ապրելու մեր ժողովուրդի դժուարին կեանքը։ Իբրեւ Ամերիկացի կամ Քանատացի քաղաքացիներ, այս մարդիկը ցարդ ոչ մէկ ցուցական հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են ի տես իրենց քաղաքացիական երկիրներու ներքին հարցերուն, որոնք իսկապէս ահաւոր են։ Սակայն, իբրեւ հայ ծագումով ամերիկացիներ կամ քանատացիներ, իրենք իրենց իրաւունք վերապահած են «ժողովրդավարութիւն» բերելու Հայաստանէն ներս։ Հեգնականը այն է, որ նոյն առաքելութեան մղուած են Հայաստանէ ներս ազատօրէն գործող Ճորճ Սորոսի կամ նմանօրինակ այլ օտար ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ, որոնց մօտ Հայաստանը «ժողովրդավարականացնելու» տենչի յետին նպատակները ալ բացայայտումի չեն կարօտիր։

Ինչպէս միլիոնաւոր տոլարներու ներդրումը, նոյնպէս եւ կիթառի լարերով մի քանի երգ կատարելը կամ մի քանի ֆիլմերու մէջ դերասանութիւն ընելը Սփիւռքահայու մը իրաւունք չի տար, որպէսզի միջամուխ ըլլայ Հայաստանի ներքին կեանքին։ Մանաւանդ, այդ ճամբուն վրայ օտար երկիրներու մէջ հրապարակային վարկաբեկումի ենթարկէ Հայաստանը։

Իբրեւ Սփիւռքահայ իմ իրաւունքն է մտահոգուելու, քննադատելու եւ սրբագրումի առաջարկ ներկայացնելու իմ հայրենի իշխանութիւններուն։ Սակայն, այդ իրաւունք կը մնայ իրաւունք այնքան ատեն որ զայն կը կիրակեմ պատշաճ խողովակներով՝ հեռու օտարի աչքէն։

Ի վերջոյ մեր հայրենիքի ներքին հացերու լուծում բերողները պիտի ըլլան մեր հայրենի ժողովուրդը, մեր իշխանութիւնները եւ մեր հայրենի կազմակերպութիւնները։ Իբրեւ Սփիւռքահայ մեր պարտականութիւնն է աջակցիլ այդ գործընթացինն՝ առանց արտաքին անտեղի վայնասունի եւ աղմկարարութեան։

Պէտք է գիտակցինք։ Մենք Սփիւռք ենք եւ կը սատարենք մեր հայրենիքին։ Սակայն մենք Հայաստան չենք։ Այն Սփիւռքահայը որ հակառակ համոզումը ունի, անոր կը մնայ նախ երթալ ու հաստատուիլ Հայաստան։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Տպել Տպել