«Հրանդ Տինք» Հիմնարկի Ու «Համազգային»-ի Գործակցութեամբ Հայագիտական Գիտաժողով Պոլսոյ Մէջ

7-8 հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ կայացաւ «Հայկական ինքնութեան քննական մօտեցումներ 21-րդ դարուն` խոցելիութիւն, առաձգականութիւն եւ փոխակերպութիւն» խորագրեալ գիտաժողովը, որուն կազմակերպիչներն էին «Հրանդ Տինք» հիմնարկն ու «Համազգային»-ը` հովանաւորութեամբ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ու Պոլսոյ մէջ Շուէտի գլխաւոր հիւպատոսութեան: Գիտաժողովը կայացաւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի «Անարատ յղութիւն» շէնքին «Հաւաք» սրահին մէջ:kidajoghov1_101216

«Հրանդ Տինք» հիմնարկը ամէնամեայ գիտաժողովներով կը ջանայ արծարծել հարցեր, որոնց քննարկումը անցեալի լուսաբանման ու յատկապէս ներկան վերլուծելու առումով կ՛ունենայ խիստ կարեւոր նշանակութիւն: Այդպէս էր, օրինակ, 2013-ին կազմակերպուած իսլամաց(ու)ած հայերու խորհրդաժողովը, 2012-ին Մարտինին ու 2011-ին Տիգրանակերտին նուիրուած գիտաժողովները եւ այլն: Այդպէս եղաւ նաեւ այս վերջինը, ուր օրակարգի բերուած նիւթերը, ինչպէս կը յուշէ ձեռնարկին խորագիրը, կարեւոր էին, հետաքրքրական ու արդիական:

Միջազգային այս գիտաժողովին մասնակցեցան Թուրքիայէն, Լիբանանէն, Հայաստանէն եւ աշխարհի տարբեր վայրերէ ժամանած հայ, թուրք եւ օտար մասնագէտներ, հանրային գործիչներ, որոնց կարգին նշելի են Միացեալ Նահանգներէն Խաչիկ Թէօլէօլեանի, Ռուբինա Փիրումեանի, Լոնտոնէն Հրաչ Չիլինկիրեանի, Լիզպոնէն Ռազմիկ Փանոսեանի, Պէյրութէն Մկրտիչ Մկրտիչեանի, Վաչէ Փափազեանի, Անիթա Թութիկեանի, Հայաստանէն Յարութիւն Մարութեանի, Սուրէն Դանիէլեանի, Թուրքիայէն Մուրատ Ճանքարայի, Փընար Քարաքըլչըքի, Արարատ Շեքերեանի անունները: Անգլերէն, թրքերէն կամ հայերէն լեզուներով ներկայացուած զեկուցումները կը թարգմանուէին համաժամանակեայ թարգմանութեամբ:

Գիտաժողովը սկսաւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի վարչութեան նախագահ Ռաքել Տինքի ու Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի բացման խօսքերով: Տինք նշեց, թէ թրքական ինքնութեան տեսակէտէ հայկական ինքնութեան քննարկումը առիթ մըն է ազատագրուելու հայկական մտախտէն:

Հայկական ինքնութեան վերաբերեալ իր դիտարկումները բացատրելով` Մկրտիչ Մկրտիչեան նշեց, թէ հայն ան է, որ ինքզինք կը բնորոշէ որպէս հայ:

Ապա բացման զեկոյցը ներկայացուց Միացեալ Նահանգներէն փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեան` «Ինքնութիւններու տարակուսանքը` ժամանակակից հռետորաբանութեան մէջ» խորագիրով` ընդհանուր գիծերով սահմանելով գիտաժողովին առանցքը:

«Յղացական քննարկում» խորագրեալ առաջին նիստը վարեց Մկրտիչ Մկրտիչեան: Հրաչ Չիլինկիրեանի («Ի՞նչ է «հայկականը»` հայկական ինքնութեան մէջ») ու Ռազմիկ Փանոսեանի («Հայրենիքներ ու սփիւռքներ. բազմավայր-ազգային ինքնութեան կառուցումը») զեկուցումներէն ետք, անոնք պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:

«Յետ-եղեռնեան արտայայտումներ», «Սփիւռքեան ինքնութիւններ եւ ժամանակատարածային ծաւալները», «Հայը որպէս ազգային ինքնութիւն», «Հայկական ինքնութեան կրօնական սահմանները», «Հայերը Թուրքիոյ մէջ», «Ինքնութեան ներկայացումը գրականութեան մէջ» խորագիրներով նիստերուն քննարկուեցան 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան ընկալումը 4-րդ սերունդին կողմէ, արուեստի ու հաւաքական ինքնութեան առնչութիւնները, անդրազգային ֆեմինիստ երկխօսութիւնը, հալէպահայերու, թիֆլիսահայերու, ֆրանսահայերու, ամերիկահայերու, ռումանահայերու, յորդանանահայերու, թրքահայերու, Պուրճ Համուտի հայերու բազմազան փորձառութիւնները, նիւթին` ազգային-կրօնական, լեզուամտածողական, ընկերա-լեզուաբանական ու գրական ոլորտներու մէջ ունեցած արտայայտումը:

Գիտաժողովի փակման կայացաւ ասուլիս մը, որ կը կրէր «Արդի կիրառում- ապագայ ուղղութիւններ» խորագիրը: Ասուլիսը վարեց պոլսահայ մտաւորական Քարին Քարաքաշլը, մասնակիցներն էին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժնի վարիչ Ռազմիկ Փանոսեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վաչէ Փափազեան, ընկերաբան փրոֆ. Արուս Եումուլ եւ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէն Սիլվա Քույումճեան-Մարկոսեան: Ինչպէս բոլոր նիստերու աւարտին, այս ասուլիսի աւարտին ալ մասնակիցները պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներուն:

Հոկտեմբեր 14-էն սկսեալ գիտաժողովին տեսագրութիւնը պիտի տեղադրուի https://www.youtube.com/user/HrantDinkVakfi եւ http://hrantdink.org/ կայքէջերուն վրայ: Ներկայացուած զեկոյցներն ալ կը ծրագրուի տպագրել առանձին հատորով մը:

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Պոլիս, յատուկ «Ազդակ»-ին

«Հրանդ Տինք» Հիմնարկին Եւ Համազգայինի Կազմակերպութեամբ. Հայկական Ինքնութեան Մասին Միջազգային Գիտաժողով` Պոլսոյ Մէջ

Կազմակերպութեամբ «Հրանդ Տինք» հիմնարկին եւ Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, այսօր` ուրբաթ, 7 հոկտեմբեր 2016-ին, Պոլսոյ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի «Անարատ յղութեան» շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ սկիզբ կ՛առնէ «Հայկական ինքնութեան քննական մօտեցումներ 21-րդ դարուն. խոցելիութիւն, առաձգականութիւն եւ փոխակերպութիւն» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը:

Գիտաժողովը կը տեւէ 2 օր: Ստորեւ` առաջին օրուան ժամանակացոյցը:

ՈՒՐԲԱԹ, 7 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
8:30-9:00

ԲԱՑՄԱՆ ԽՕՍՔԵՐ
9:00-9:30

ՌԱՔԵԼ ՏԻՆՔ
«Հրանդ Տինք» հիմնարկ

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութիւն

ԲԱՑՄԱՆ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄ
9:30-10:15

ԽԱՉԻԿ ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ
«Ժամանակակից ճառաբանութեան մէջ ինքնութիւններու տարակուսանքը»

———————————————————————–
I
ՅՂԱՑԱԿԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Ա. նիստ
10:15-11:00

Ատենավար
ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ
«Ի՞նչ է «հայկականը»` հայկական ինքնութեան մէջ»

ՌԱԶՄԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
«Հայրենիքներ ու սփիւռքներ. բազմավայր-ազգային ինքնութեան կառուցումը»

ՍՈՒՐՃԻ ԴԱԴԱՐ
11:00-11:15

———————————————————————–
II
ՅԵՏԵՂԵՌՆԵԱՆ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒՄՆԵՐ
Բ. նիստ
11:15-12:30

Ատենավար
ՄԵԼԻՍԱ ՊԻԼԱԼ

ՄԵՀՄԵՏ ՔԱՐԱՍՈՒ, ՄԵԼԵՔ ԿԷՕՐԵԿԵՆԼԻ, ՌԵՄԶԻՅԷ-ԵՇԻԼ-ԵԱՓՐԱՔ
«1915-ը երիտասարդներու դիտանկիւնէն. Թուրքիա-Հայաստան բաղդատութիւնը»

ՏԻԱՆՆԱ ՔԱՉՈՅԵԱՆ-ՇԱՆԶ
«(Ան) Միջոցի մէջ. հայկական անդրազգային ֆեմինիստ երկխօսութիւններ` ընդմէջ ինքնութեանց, պատկանելիութեանց ու մայրենի լեզուներու»

Յիշողութեան ու մշակութային ընկերաբանութեան աշխատութեանց միութիւն
«Յետեղեռնեան 4-րդ սերունդին մօտ ցեղասպանութեան յիշողութեան ու ենթակայութեան ստեղծումը. բաղդատական քննութիւն ու Թուրքիոյ, Հայաստանի ու սփիւռքի հայ երիտասարդներուն վրայ»

ԱՆԻԹԱ ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
«1915-էն 2015 հայկական արուեստ ու հաւաքական ինքնութիւն. տեղահանուած հայ սփիւռքի արուեստին զարգացման փուլերը (Լիբանանի օրինակը)»

ՑԵՐԵԿՈՒԱՆ ՃԱՇԻ ԴԱԴԱՐ
12:30-13:45

———————————————————————–
III
ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՏԱՐԱԾԱՅԻՆ ԾԱՒԱԼՆԵՐԸ Ա.
Գ. նիստ
13:45-14:45

Ատենավար
ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

ՅԱՐՈՒԹ ԷՔՄԱՆԵԱՆ
«Պատմելու իրաւունքը. հալէպահայերը վերջին 100-ամեակին»

ԷԼԼԻ ՓՈՆՈՄԱՐԵՎԱ
«Սփիւռքեան ինքնութեան կառուցումը» թիֆլիսահայութեան մօտ»

ՄԱՐԱԼ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
«Հայ երիտասարդներու ինքնութեան կառուցումը Ֆրանսայի մէջ, մշակութային ընկերականացումին ազդեցութիւնը դպրոցական ու ընտանեկան միջավայրերուն մէջ»

ՍՈՒՐՃԻ ԴԱԴԱՐ
14:45-15:00

———————————————————————–
IV
ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՏԱՐԱԾԱՅԻՆ ԾԱՒԱԼՆԵՐԸ Բ.
Դ. նիստ
15:00-16:15

Ատենավար
ՖԵՐՀԱԹ ՔԵՆԹԵԼ

ՔԱՐԵԼ ՊԵՐԹՐԱՄ
«Ամերիկահայերն ու անատոլեան ինքնութիւնը: Հանդիպիլ «Տան»

ՌՈՒԲԻՆԱ ՓԻՐՈՒՄԵԱՆ
«Ամերիկացի՞ հայ, թէ` հայկական ծագումով ամերիկացի: Յետեղեռնեան պայմաններ, վիճակներ ու ինքնութեան զօրութենականութիւնը Ամերիկայի մէջ»

ՔՈՆՐԱՏ ՍԻՔԻԵՐՍՔԻ
«Հայերը ժամանակակից Ռումանիոյ մէջ: Սփիւռքին ու կառոյցներուն մասնակցութիւնը` համայնքի ստեղծումին»

ԱՆՆԱ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ-ՉԱՐՓԻՆ
«Հայոց շառաւիղները Հարաւային Յորդանանի մէջ. հարցաքննել հայկական ինքնութիւնը»

ՍՈՒՐՃԻ ԴԱԴԱՐ
16:15-16:30

———————————————————————–
V
«ՀԱՅԸ» ՈՐՊԷՍ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ
Ե. նիստ
16:30-17:30

Ատենավար
ԱՐՏԱՇԷՍ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ

ՍՈՒՐԷՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
«Ինքնութեան հիմնախնդիրներու խոցելիութիւնը Հայաստանի մէջ»

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԱՐՈՒԹԵԱՆ
«1990 թուականի ապրիլքսանչորսեան երթը եւ ցեղասպանութեան զոհի կաղապարի յաղթահարման դրսեւորումները»

ՌՈՒԲԷՆ ԳԱԼՉԵԱՆ
«Ինքնութիւնը` 2600-ամեայ քարտէսներու ընդմէջէն»

aztagdaily.com

Տպել Տպել