Րոպէ Առաջ

fotorcreatedՐոպէ առաջ պէտք է իրագործուին բարեփոխումները. այսպէս կը սկսի Կարէն Կարապետեանի գլխաւորած կառավարութեան ծրագիրի նախաբանը: Բարեփոխումներ, զորս իրականացնելու գործին պիտի ներգրաւուի եւ օգտագործուի «Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջ ներուժը»:

Ծրագիրը կը հաստատէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին «գերագոյն արժէք է», եւ որ կառավարութիւնը պարտի ապահովել անոր պաշտպանուածութիւնը, արժանապատուութիւնը, կենսամակարդակի բարձրացումը, արդար հասարակութեան մէջ ապրիլը եւ ապագայի հանդէպ լաւատեսութիւնը:

Անվիճելի այս գաղափարները տարբեր ձեւակերպումներով հրամցուած են մեր ժողովուրդին՝ նախկին կառավարութիւններուն կողմէ: Ի՞նչ է այս ծրագիրին իւրայատկութիւնը, որուն համար կ՛արժէ հաւանաբար չզլանալ անոր սատարումը:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Կառավարութիւնը կը յայտարարէ, որ զարգացման սովորական մօտեցումները չեն կրնար ձեւաւորել առաջընթացի այն թափը, որ համահունչ է Հայաստանի առաջ ծառացած մարտահրաւէրներուն:

Անսովոր մօտեցումներուն կողքին, կառավարութիւնը հացի ու ջուրի պէս կարիքը պիտի ունենայ ժողովուրդի վստահութեան եւ նեցուկին:

Արդարեւ, եթէ առաջարկուած ծրագիրով նախատեսուած կառավարական կազմին մէջ կրճատումներ իրականանան, ապա անգործներու թիւի արագ աճ պիտի արձանագրուի՝ դժգոհ քաղաքացիներու շարքերը ընդարձակելով: Այս զանգուածը, առաւել՝ արդէն իսկ վատ վիճակի մէջ ապրող մեծամասնութիւնը, հասարակութեան մէջ վտանգաւոր աստիճանի լարուածութիւն կրնան յառաջացնել, եթէ կառավարութեան ժամանակ տալու տրամադրուած չըլլան, իսկ նման տրամադրուածութիւն կարելի է ակնկալել, եթէ կառավարութիւնը, իր կարգին, «րոպէ առաջ» ստուերի ու կաշառակերութեան դէմ պայքարի շօշափելի նշաններ ցոյց տայ եւ արդար համակարգ ստեղծելու նախանձախնդրութիւնը համոզի՛չ քայլերով ապացուցէ: Այդ պարագային, կառավարութիւնը նաեւ իր կողքին կանգնած պիտի տեսնէ համայն հայութեան ողջ կարողականութիւնը։

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

asbarez.com

20/10/2016

Տպել Տպել