Տեսակէտ. Տողատակի Մատնանշում, Կոչ Եւ Պատգամ

vaho_102116
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա հինգշաբթի, 20 հոկտեմբերին յայտարարած է. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափը փոփոխութեան ենթարկելու շուրջ քննարկումներ չկան, սակայն Մոսկուա միայն պիտի ողջունէ, եթէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ երկիրները, ներառեալ Թուրքիան, կառուցողական դերակատարութիւն ունենան ղարաբաղեան տագնապի լուծման ջանքերուն մէջ»:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Նախքան Զախարովան, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման մէջ Թուրքիոյ դրական դերակատարութեան հարցին վերաբերեալ նոյնպիսի յայտարարութիւն մը կատարելով ըսած էր. «Թուրքիա կրնայ դրական դեր խաղալ` ապահովելով Լեռնային Ղարաբաղի ապաշրջափակումը եւ տնտեսական համագործակցութիւնը շրջանին մէջ»:

Ռուսական դիւանագիտութեան բարձրագոյն ներկայացուցիչներուն վերոնշեալ յայտարարութիւնները իրողութեան մէջ նախ եւ առաջ տողատակի հաստատում մըն են, թէ Թուրքիան դրական դերակատարութիւն չունի ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման մէջ, ինչ որ իբրեւ Մինսքի խմբակի անդամ պարտականութեան կատարման մէջ թերացում մը կը նկատուի` նկատի ունենալով, որ, ինչպէս Զախարովա կ՛ընդգծէ. «Մինսքի խմբակի բոլոր անդամներուն ուղղակի պարտականութիւնն է ներդրում ունենալ ղարաբաղեան տագնապի լուծման ջանքերուն մէջ»: Քաղաքական-դիւանագիտական գետնի վրայ Անգարայի բացայայտ ազրպէյճանամէտ կողմնորոշումը, Հայաստանի Հանրապետութեան շրջափակումը եւ Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ ժխտական զարգացումներուն անոր ուղղակի մասնակցութեան բազմաթիւ երեսները (սպառազինութեան մատակարարում, ազրպէյճանական ուժերու մարզում, մասնայատուկ ուժերու եւ կամաւորներու առաքում եւ այլն) կու գան ընդգծելու Զախարովայի մեղմ կերպով մատնանշած այդ թերացումին տարողութիւնը:

Զախարովայի եւ Լաւրովի յայտարարութիւնները թերացումի մը մատնանշումը ըլլալու կողքին նաեւ Թուրքիոյ ուղղուած տողատակի կոչեր են` փոխելու իր վերոնշեալ երկարամեայ ոչ կառուցողական դերակատարութիւնը:

Սակայն Զախարովա իր յայտարարութեան սկիզբէն իսկ կ՛ընդգծէ, որ նոյնիսկ եթէ Թուրքիան կառուցողական դերակատարութիւն ստանձնէ, ան Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր պիտի չդառնայ, որովհետեւ ներկայ «ձեւաչափը փոփոխութեան ենթարկելու շուրջ քննարկումներ չկան», եւ Անգարա կրնայ արժանանալ միայն Մոսկուայի դրական գնահատանքին, որ գործնական գետնի վրայ շօշափելի արտայայտութիւն մը կրնայ ունենալ միայն այլ օրակարգի մը մէջ:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
25 Հոկտեմբեր 2016

Տպել Տպել