«Հայրենիք»ի խմբագրական. Ջաւախք…Երա՞զ Թէ Մղձաւանջ

javakhk-2

Զարմանալի անկանկալ մը չէր, որ քանի մը շաբաթ առաջ, Վրաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Քվեմօ-Քարթլիի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդը որոշեց այս ընտրութիւններուն չսատարել որեւէ քաղաքական ուժի:

Պատճառը յստակ էր: Արդարեւ 2012-ին, նակախագախ Սահակաշվիլին տապալած եւ երկրին ղեկը ստանձնած «Վրացական երազանք» դաշինքը, հակառակ, նախընտրական օրերուն կատարած իր խոստումներուն, ոչ մէկ շօշափելի յառաջդիմութիւն կրցած է արձանագրել շրջանէն ներս:

Միայն ընկերային-տնտեսական, ենթակառոյցներու բարելաւման ուղղութեամբ է, որ կատարուած են որոշ փոփոխութիւններ:
Աննախադէպ երեւոյթ մը պատահեցաւ «Վրացական երազանք»ի ղեկավարութեան օրերուն, որ համահաւասար է ճերմակ ջարդի: Արդարեւ, Ջաւախքի բոլոր շրջաններէն ներս, արգիլուեցան Հայաստանի Հանրապետութենէն մինչ ժամանող այբբենարաններու, մայրենի լեզուի եւ հայ գրականութեան դասագիրքերու մուտքը: Քանի մը տարիէ ի վեր այդ տարածաշրջաններու հայ աշակերտները, զրկուած են այդ տարրական դասագիրքերէն: Ահազանգային է կացութիւնը եւ կրկին տեղին է հաստատել թէ պատահածը համահաւասար է ջարդի, շատ աւելի վտանգաւոր ճերմակ ջարդի:

Աւելցնենք, որ ջաւախահայութեան կրթական կեանքի պատմութեան մէջ ասիկա աննախադէպ երեւոյթ էր:

Որո՞նք են Ջաւախեցիին հիմնական պահանջները, որոնք Վրաստանի սահմանադրութեան մէջ արձանագրուածներն են` ազգային փոքրամասնութիւններու եւ մասնաւորապէս այդ շրջանի իրաւունքներուն պաշտպանութեան վերաբերող: Արդարեւ 1999-ին Վրաստանը ստորագրած է մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան Եւրոպական շրջանակային ծաւալուն նախապայման մը, որ պարզապէս ստորագրուած են եւ բազմաթիւ կէտեր դեռ չեն վաւերացուած: Այս կէտերէն առաջինը ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն է, իսկ երկրորդը` տարածաշրջանային լեզուներուն կարգավիճակը: Այսպէս, Ջաւախքի բնակչութիւնը ազգագրական ժողովուրդ մըն է, որ պատմականօրէն կ՛ապրի իր հողերուն վրայ, բայց չի տիրապետեր երկրի պետական լեզուին, միջազգայնօրէն սահմանուած իրաւունքը ունի խօսելու իր մայրենի լեզուն, այսինքն` հայերէն:

Այս գծով, անցեալ քառամեակին տիրապետող «Վրացական երազանք»ի խոստումները մնացին «Ջաւախքեան Մղձաւանջ», այսինքն սպասումներով, եւ գէթ նոյնիսկ, այլ պարագաներու` յուսախաբութիւններով եւ հակասական ապրումներով լեցուն շրջան մը:

Տեղին է անգամ մը եւս ահազանգել: Ջաւախքի հարցին լուծումը պէտք է ըլլայ ազգային առաջնահերթութիւններու կարգին, մանաւանդ որ, թէ՛ աշխարհագրականօրէն եւ թէ՛ տնտեսական բմագաւառէն ներս, Ջաւախքը Հայաստանի համար կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն եւ, ի տարբերութիւն Արեւմտահայաստանին, կը հանդիսանայ հայկական այնպիսի հող, ուր մինչեւ օրս կ՛ապրի հայկական կազմակերպուած հասարակութիւն՝ շնչող բնակչութիւն:

Միայն հիմնահարցի ներկայացում չէ որ պէտք է կատարել, այլ քայլ մըն ալ առջեւ երթալով` իբրեւ հայորդի, պարտաւոր ենք գործնականապէս օժանդակել Ջաւախքին, դէպի ինքնավարութիւն ձգտող ուղիի բազմատեսակ հարցերու լուծման:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ», 25 Հոկտ. 2016

Տպել Տպել