Ակնարկ. Անկանխատեսելի Կերպար Եւ Կանխատեսելի Քաղաքականութիւն

Ճնշող կանխատեսումները շրջուեցան, երբ առտուան կանուխ ժամերուն յայտարարուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու 45-րդ նախագահ ընտրուած է Տանըլտ Թրամփ: Ամերիկեան լրատուադաշտը (եւ ոչ միայն ամերիկեան), որոշակի առումով իրաւամբ ստեղծած էր շեշտուած կարծրատիպ Թրամփի կերպարին շուրջ, յատկապէս զայն դարձնելով անկանխատեսելի, հետեւաբար նաեւ ենթաընկալումով` վտանգաւոր:

Մինչ Հիլըրի Քլինթընը, որ արդէն պետական հաստատութիւններու ուղիներէն անցած կայացած պետական գործիչ էր, կայունութեան եւ կանխատեսելիութեան առումով ընդհանուր ընկալումին վրայ իբրեւ այդպիսին ազդած էր:

Հիմնական ուղղութիւններու տարբերութիւնը այստեղ կը սկսէր. մէկը գործարար ասպարէզէ կը ցատկէր ուղղակի նախագահական աթոռին, մինչ երկրորդը քոնկրեսի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան անցքերէն երկար ճամբայ կտրած էր հասնելու համար նախագահի թեկնածուի կարգավիճակին:agnarg_trump_111016

Ամերիկեան հասարակութեան քուէարկելու չափանիշները, ցուցաբերած զգայնութիւնները եւ նախընտրած դիրքորոշումները բաւական բարդ է յստակացնելը, այդ պատճառով ալ ընդհանուր ուղղութիւններու գնահատումով պէտք է փորձել Թրամփ երեւոյթի կայացման փաստին հետ հաշուի նստելու ճիգը:

Քլինթընի ռազմատենչութիւնը երեւաց ոչ միայն իր անցեալի պետական կենսափորձով, այլ նաեւ յայտարարութիւններով եւ յայտնապէս փաստաթուղթերու գաղտնազերծուած տարբերակներու հրապարակայնացումով: Թրամփի պարագային կարծր դիրքորոշումը կը վերաբերէր ներամերիկեան հարցերու: Ամերիկան հզօրացնելու իր նախընտրական հռետորաբանութիւնը կը հասնէր ցեղապաշտական, խտրականութեան եւ հակաժողովրդավարական սկզբունքներու` անգամ մը եւս ինքնահակասութեան մէջ դնելով ամերիկեան համակարգը, որ ժողովրդավարացում արտադրելու ինքնակոչ առաքելութեան ստանձնումով քաոսային իրավիճակներ ստեղծելու պատճառ կը դառնայ այլ տարածաշրջաններու մէջ:

Թրամփի ճառերուն յատակագիծերը պատրաստողները վստահ էին, որ ներամերիկեան քաղաքականութեան վրայ գերկեդրոնանալով եւ երկրորդական ու երրորդական գիծ մղելով արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւնները, Թրամփ աւելի ազդեցիկ գործօններ պիտի ապահովէր քուէահաւաքի իր աշխատանքին մէջ:

Դասական-կանխատեսելի կերպարը ընդդէմ գործարար-անկանխատեսելիին աւարտեցաւ ի նպաստ երկրորդին: Այս պարագային ամերիկեան հասարակութեան ընկալումի, փիլիսոփայութեան եւ հարցերը նեղ ամերիկեան տեսանկիւններէ դիտելու իրականութիւնը կը բանայ որոշ փակագիծեր, որոնց կ՛արժէ անդրադառնալ: Պատահածը իբրեւ ամերիկեան տիպի նացիականութեան յաղթանակ կարելի է բնորոշել: Անշուշտ համոզուած, որ Քլինթընի կամ Թրամփի ընտրութիւնը Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան վրայ որեւէ հիմնական փոփոխութիւն զգացնել պիտի չտար: Պաշտպանութեան կամ արտաքին գործոց նախարարութեան վերլուծական կեդրոններուն հրապարակած նիւթերը կը վերաբերին յառաջիկայ քսանամեակին, եւ այնտեղ կ՛երեւայ նաեւ Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքական ուղեգիծը, որ նախագահէ նախագահ փոփոխութեան առընթեր հիմնական ոստոստումներ չի կատարեր: Այս առումով ալ, եթէ Փենթակոնի վերլուծական կեդրոնը Թուրքիոյ մասնատման մասին նախատեսութիւն ըրած էր եւ խօսած քրտական շարժումի ծաւալման մասին, ապա Էրտողանի ցուցադրած խանդավառութիւնը կրնայ քաղաքականօրէն իրատեսական չըլլալ նախագահի փոփոխութեան դիմաց:

Ամերիկեան հասարակութիւնը այս քուէարկութեամբ ընդգծեց նաեւ, որ հակացեղապաշտականութիւնը կամ մարդկային իրաւունքները արտաքին սպառումի համար օգտագործուող նիւթեր ու կարգախօսներ են, այլ երկիրներ «ժողովրդավարացնելու» համար:

Աշխարհը կը թուի ընտրած ըլլալ ծայրայեղականութիւններու ուղին: Ծայրայեղականութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ կը դրսեւորուի կրօնական խաւարամտութեամբ, մինչ Միացեալ Նահանգներու մէջ` նման կերպարի նախընտրութեամբ:

Քաղաքականօրէն ճիշդ պիտի չըլլար ակնկալելը, որ Թրամփով Ուաշինկթըն կտրուկ փոփոխութիւններ պիտի բերէ յատկապէս իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Տակաւին տեսանելի չէ Միացեալ Նահանգներ-Մեքսիքա պատի կառուցումը. ոչ ալ` Միջին Արեւելքի մէջ կրօնական ծայրայեղականութեան արմատախլումը:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել