Ընկ. Արա Տէմիրճեան. կենսագրական

unnamedԱրա Տէմիրճեան ծնած է Քեսապ, 1948 Յունուար 18-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Քեսապի ազգային վարժարանէն ներս, ապա` յաճախած է Հալէպի Գարէն Եփփէ ճեմարանը: Պէյրութի Հայկազեան եւ Լիբանանեան համալսարաններէն ստացած է քաղաքական գիտութեանց վկայականը:

Հետեւած է Հ.Յ.Դ. կուսակցական դպրոցի դասընթացքներուն, ընկ. Հրաչ Տասնապետեանի կնքահայրութեամբ` 1968-ին անդամակցած է Հ.Յ.Դ. շարքերուն: Անդամակցած է Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութեան, եւ աւելի ուշ հանդիսացած է Զ.Ո.Մ.-ի ատենապետ:

Արաբերէն լեզու դասաւանդած է Պէյրութի Սուրէն Խանամիրեան Ազգային վարժարանէն եւ «Համազգային»ի Նշան Փալանճեան Ճեմարանէն ներս:

Եղած է Հայկական երեսփոխանական պլոքի քարտուղար ապա, 1977-էն սկսեալ մինչեւ մահը վարած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի գործավարութիւնը, որուն պատճառով շրջան մը (1986-1996), նոյն պաշտօնով տեղափոխուած է Յունաստան։

2008 Դեկտեմբերին գումարուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին կողմէ ընտրուած է եւ այնուհետեւ վերընտրուած՝ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ:

Արա Տէմիրճեան նշանակալի ներդրում ունեցած է Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան հիմնադրութեան մէջ: Կուսակցական կեանքին ընթացքին, անմիջական գործակիցը եղած է ընկերներ՝ Գէորգ Առաքելեանի, Սարգիս Ազնաւուրեանի, Աբօ Աշճեանի, Հրաչ Տասնապետեանի եւ Հրայր Մարուխեանի:

Պսակուած է 1975-ին, Զարմիկ Կէօքճեանի հետ, որուն անակնկալ մահը 2014-ին իրեն համար եղաւ հիմնական կորուստ մը:

Յետ կարճատեւ հիւանդութեան, մահկանացուն կնքեց Չորեքշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Պէյրութ։

Արա Տէմիրճեան ունի երեք զաւակ՝ Պետօ, Սարհատ եւ Լալա, եւ՝ երեք թոռներ:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 19 Նոյեմբեր, 2016-ին, ժամը 01։00-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Լիբանան։

Տպել Տպել