Թուրքիան պիտի վերադառնա՞յ խալիֆայութեան եւ պիտի ջնջէ՞ օրինականութիւնը

20140816_ldp005_0Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած «պետական հարուած»ի փորձէն ետք, տարիներէ ի վեր օրէնք, ժողովրդավարութիւն եւ մարդկային իրաւունքներ հաստատելու փորձերը աւազով շինուած տան մը պէս փուլ եկան:
Քաղաքակիրթ երկիրները աստիճանաբար կը համոզուէին, որ Թուրքիան կը յառաջդիմէր օրէնք եւ իրաւունք յարգելու մարզին մէջ, որպէսզի կարելի ըլլար անոր անդամակցութիւնը Եւրոմիութեան, որուն դարպասին առջեւ կանգնած է ան երկար տարիներէ ի վեր:

Փաստական իրողութիւն է, որ պատճառ-պատրուակը վար առաւ Րէճէփ Էրտողանի դիմակը, հազարաւորներ,- լրագրող, մտաւորական, զինուորական, քաղաքական գործիչ,- բանտ դրուեցան, թերթեր եւ այլ լրատուամիջոցներ փակուեցան, համալսարաններու դասախօսներ հեռացուեցան իրենց պաշտօններէն:

Այլ խօսքով, լախտի հարուածը իջաւ ժողովրդավարութեան, օրէնքի, ազատութիւններու վրայ: Եւրոմիութեան անդամակցելու նախապայմաններէն մին, մահապատիժի վերացումը կրնայ յետս կոչուիլ եւ վերահաստատուիլ ամբոխի ճնշման տակ, ամէն կարգի ընդդիմութիւն անկարելի դարձնելու մոլեռանդութեան որպէս զէնք:

Նոյնիսկ եթէ արտակարգ վիճակ յայտարարուի երկրի մը մէջ, օրէնք եւ իրաւունք չեն վերանար, արդարադատութիւնը կը շարունակէ գործել, մարդկային իրաւունքները չեն անհետանար եւ ոչ ոք կրնայ ինքզինք ապահով եւ պաշտպանուած զգալ:

Եւրոմիութիւնը կը զգուշացնէ եւ կը դատապարտէ, բայց Րէճէփ Էրտողանի համար այդ վերաբերումները կը համարուին Թուրքիոյ ներքին գործերուն միջամտութիւն:
Հանրագրութիւններ եղան եւ կը շարունակուին: Անոնք կը պահանջեն, որ ազատ արձակուին բոլոր անոնք որոնց դէմ հիմնաւորուած ամբաստանութիւններ չկան: Կարելի չէ կարծիքի տարբերութիւնը յանցանք համարել: Կը պահանջեն նաեւ որ դատավարութիւնները ըլլան արդար:

Հանրագրութիւն մը կը խօսի բանտային չարչարանքներու մասին: Ոչ մէկ ձեւով ընդունելի են ֆիզիքական պատիժները, թէեւ անոնք թրքական բանտի սովորութիւներուն մաս կը կազմեն: Նոյնիսկ արտակարգ վիճակի պարագային թոյլատրելի չեն անոնք:

Միջազգային օրէնքով, անկախ դէտեր իրաւունք պէտք է ունենան բանտարկեալներուն հանդիպելու, ուր որ ալ գտնուին անոնք: Արեւմտեան երկիրները կ’իմանան որ բանտային չարչարանքներ կան: Օրէնք է նաեւ որ բանտարկեալները ունենան իրենց պաշտպան փաստաբանները եւ հերթական կերպով հանդիպում ունենան անոնց հետ, ինչպէս նաեւ իրենց ընտանիքի անդամներուն: Միջազգային դէտերը այսօր կրնա՞ն հսկել այս իրաւունքի ճիշդ գործադրութեան:

Այսօր պարզ է, որ Թուրքիոյ մէջ, արտակարգ վիճակը պատճառ-պատրուակ է ճնշելու եւ հալածելու մարդիկ՝ որոնք խաղաղ միջոցներով տարբեր կարծիքներ ունին, այլախոհ են: Արտակարգ վիճակը ազատութիւն չի տար լայնածիր մաքրագործումներ ընելու հասարակութեան, լրատուամիջոցներու, արդարադատութեան, կրթութեան եւ այլ մարզերու մէջ:
Մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարական սկզբունքներու դէմ գրաքննութեան ենթարկել այն բոլոր լրատուամիջոցները որոնք քննադատական վերաբերում կը ցուցաբերեն իշխանութեան նկատմամբ, նոյնիսկ երբ երկրին մէջ արտակարգ վիճակ հաստատուած է:

Այս կացութեան մէջ կը գտնուի Թուրքիան եւ մոլեռանդ ամբոխը կը քաջալերուի ծայրայեղ խստութիւն պահանջելով: Այդ ամբոխը կը պահանջէ մահապատիժի վերահաստատումը, եւ ոչ ոք կրնայ կասկածիլ որ այդ պահանջը կը թելադրուի իշխանութեան կողմէ, որ հանդուրժէ, հակառակ երկրի գրուած օրէնքին:

Այս մտածումներով հանրագրութիւններ կան, նամակով դիմուած է երկրի նախագահին:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը Անգարա կ’երթայ մեղմացնելու համար ճնշումը, մինչ իր երկրին մէջ ցոյցեր տեղի կ’ունենան բռնութիւններու դէմ: Ամերիկայի փոխ-նախագահը նախապէս արդէն գացած էր: Եւրոմիութեան պատասխանատուներ քննադտութիւններով հրապարակ կու գան, արեւմտեան մամուլը կ’անդրադառնայ բրտութիւններու եւ ապօրինութիւններուն:
Բայց Թուրքիան կը շարունակէ իր նոր բռնատիրութեան ճամբան: : Ինչպէս անցեալին, ինք չէ որ տեղի պիտի տայ, այլ քաղաքական մրցակցութիւններ պատճառ պիտի ըլլան, որ հանդուրժուին մարդկային եւ միջազգային օրէնքներու խախտումները:

Թող թոյլ տրուի զարմանալ եւ խօսիլ միշտ գործող երկու չափ երկու կշիռի մասին:

Ինչպէ՞ս կը պատահի, որ Սատտամ Հիւսէյնի եւՊաշար Ասատի դէմ օրէնքի եւ իրաւունքի անունով պատերազմ կը յայտարարուի, առանց կանգ առնելու ծայրայեղութիւններու առջեւ, իսկ Թուրքիոյ հետ կը խօսուի զգուշութիւններով, փափկանկատութեամբ, չվշտացնելու ակներեւ հաճոյակատարութեամբ:

Հայերը լաւ գիտեն Թուրքիան չվշտացնելու եւ սիրաշահելու համար իրենց վճարած գինը: Այսօր այդ գինը կը վճարեն քիւրտերը եւ Թուրքիոյ յառաջադէմ ու լուսամիտ մարդիկը, որոնք թերեւս օր մը պիտի յաջողին արիւնարբու սուլթանի վեադարձին առջեւ թումբ կանգնելու:

Չեմ խորհիր, որ աշխարհի քաղաքակիրթ ժողովուրդները չեն ճանչնար Թուրքիան, տեղեակ չեն իրադարձութիւններէն:

Անցեալին ալ գիտէին, թէ հոն տեղի կ’ունենային ջարդեր, տեղի ունեցաւ ցեղասպանութիւն:
Կրնա՞նք մտածել որ պատմութիւնը կը կրկնուի:

Իսկ թող թոյլ տրուի չզարմանալ, որ աւերներէ փրկուածներուն համար քաղաքակիրթ աշխարհը բարեսիրութեամբ հրապարակ պիտի գայ, միաժամանակ բարենիշ տալով նախնադարեան հրէշային արարքներու հեղինակներուն:

Եւ դեռ պէտք է յիշեցնել, որ թրքական «Ճումհուիյէթ» թերթին դէմ հալածանք կայ, անոր տնօրէնը բանտարկուեցաւ, որովհետեւ հրապարակեց այն փաստը որ Թուրքիան մեղսակից էր կրօնամոլական ծայրայեղական պետութեան եւ անոր ահաբեկիչներուն:

Միշտ պէտք է մտածել քաղաքական կեանքի մէջ շահախնդրութեան ներշնչած երկու չափ երկու կշիռի մասին:

Իրաւունքը կը պատկանի անոր, որ կշիռքը իր ձեռքին մէջ ունի:

Եւրոմիութիւնը, ազատութիւններու եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան Ամերիկան, մանաւանդ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը չըհամարձակեցան քննիչ մարմին մը գործուղելու Թուրքիա, որպէսզի գիտնան, եթէ չեն գիտեր, եւ դիրքորոշուին:

Միթէ՞ շատ կը պահանջուի: Կամ դրամի կայսերապաշտութեան խա՞ղը կը խանգարուի, եթէ «դաշնակիցներ» արդարութեան եւ ճշմարտութեան լուսարձակ բանան:

Մարք Յարութիւնեան
Փարիզ

hairenikweekly.com

20/11/2016

Տպել Տպել