«Հայրենիք»ի խմբագրական. Գոհաբանութեան Օրը՝ Մեր Արցախը

telethon2016arf2

Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի անկախութեան 25-ամեակը նշեցինք եւ ահաւասիկ, Նոյեմբեր ամսուայ վերջին շաբաթավերջին, Գոհաբանութեան Տօնին առթիւ, ամերիկահայ բոլոր գաղթօճախներէն ներս, կը կատարուի դրամահաւաք- թելեթոն: Այդ յիշատակելի օրուան կատարուող այս դրամահաւաքի միօրեայ արշաւը կ՛արժեւորուի հայ ժողովուրդի յարատեւութիւնն ու միասնականութիւնը` ազգային արժէքներու պաշտպանութեան, անկախ եւ ինքնիշխան պետութեան շարունակական զարգացման ու հզօրացման:

Անգամ մը եւս կիզակէտը՝ սահմանամերձ շրջաններն են, որոնք յատկապէս անցեալ Ապրիլի քառօրեայ պատերազմին, բաւական մը վնասուեցան: Թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ մարդկային վնասները շատ էին: Այս գծով, արդէն իսկ շուտափոյթ օժանդակութիւններ կատարուեցան, սակայն դեռ ալ բաւական աշխատանք կայ կատարելիք: Այս գծով համահայկական «Հայաստան» հիմնադրամը, սահմանամերձ գիւղերու կարեւորութիւնը, բարգաւաճման ծրագիրները կը կեդրոնացնէ այդ շրջաններուն մէջ, գլխաւորաբար աշխատանքներ իրականացնելով կրթօճախներու շինութեան, ճանապարհաշինութեան, վառելանիւթի մատակարարման, գիւղատնտեսութեան, անասնաբուծութեան, ջրամատակարարման, առողջապահական, մշակութային եւ մարմնակրթական բնագաւառներէ ներս:

Արցախը իր դէմ ունի մարտահրաւէրներ եւ խոչընդոտներ, որոնց համար հետեւողական ձեւով պայքար կը մղէ:

Իր միօրեայ խորհրդանշական իմաստէն դուրս պէտք է որ գայ, «Հայաստան» Հիմնադրամի համահայկական կառոյցներն ու այս միօրեայ տեւողութիւն ունեցող ձեռնարկը եւ վերածուի օրական պարտաւորութեան:

Վերջին ամիսներուն, ժրաջան աշխատանքի արդիւնք, Հատրութ քաղաքի, Սպիտակաշէն եւ Վանք գիւղերու ջրամատակարարման ծրագրերը ամբողջացած են: Իսկ, Շուշիի մօտակայ Քարին Տակ գիւղին մէջ, կառուցուած մանկապարտէզը, համայնքէն ներս, կեանքի կոչուած չորրորդ կարեւորագոյն ենթակառոյցն է, որ աւելցած է դպրոցի մարզադահլիճի, համայնքային կեդրոնի եւ վերջապէս ըմպելի
ջուրի համար նոր համակարգին վրայ:

Ենթակառուցային ծրագիրներուն կողքին կը կատարուին, նաեւ ընկերային աջակցութեան ծրագրեր, որուն ցայտուն օրինակը՝ Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքի՝ Գիւմրիի «Բնակարաններ` Ընտանիքներուն» նախաձեռնութիւնն էր: Այս առթիւ, քաղաքի Մուշ եւ Անի թաղամասերուն մէջ, 26 ընտանիքներու տրամադրուած են կահաւորուած, եւ ամէն դիւրութիւններով սարքաւորուած բնակարաններ:

Կրկին անգամ, մեր բոլորին պարտականութիւնն է, մե՛ր լումայով, մե՛ր մասնակցութիւնը բերենք այս դրամահաւաքին:

Անկասկած որ անխախտելի է Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման գործընթացը:

Արցախի ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցումը պարզ նպատակ չէ, այլ լուրջ մարտահրաւէր եւ պահանջք:

Ի վերջոյ համահայկական եւ համասփիւռքեան ճիգերով կարելի է թիկունք կանգնիլ, յատկապէս Արցախին եւ ….Արցախցիին:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»ի խմբագրական
21 Նոյեմբեր 2016

Տպել Տպել