Ֆրանսայի Աջի թեկնածուները ընդունած են CCAF-ի պատուիրակութիւններ

Ձախէն՝ Փափազեան, Թորանեան, Ֆիյոն եւ Պուայէ

Ձախէն՝ Փափազեան, Թորանեան, Ֆիյոն եւ Պուայէ

Ֆրանսայի Աջի նախագահական թեկնածուի նախնական ընտրութեան Ա. շրջանին՝ Կիրակի, Նոյեմբեր 20-ին, լայն յաղթանակ տանելէ ետք իր վեց մրցակիցներուն դէմ, Ֆրանսուա Ֆիյոն Նոյեմբեր 27-ին՝ Բ. շրջանին ա՛լ աւելի մեծ տարբերութեամբ յաղթեց իր մրցակիցին՝ Ալէն Ժիւփէին: Ֆիյոն ստացաւ ձայներու 66,5%-ը, իսկ Ժիւփէ՝ 33,5%-ը:

Նոյեմբեր 25-ին, ընտրապայքարի վերջին օրը, յաջորդաբար երկու թեկնածուները՝ Ժիւփէ եւ Ֆիյոն ընդունած են Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) պատուիրակութիւնը:

Ժիւփէ ընդունած է CCAF-ի համանախագահներ Արա Թորանեանէ, Մուրատ Փափազեանէ, գանձապահ Նատիա Գործունեանէ եւ Լիոն-Կեդրոնական Ֆրանսայի շրջանի նախագահ Րաֆֆի Գրիգորեանէ բաղկացող պատուիրակութիւնը: Արծարծուած են Ցեղասպանութեան ճանաչման, ժխտողականութեան պատժումին վերաբերող հարցեր, Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւնները եւ Արցախի իրավիճակը: Ժիւփէ՝ քաջ գիտակից Հայերու կողմէ քննադատութեան առարկայ՝ թրքական Կալաթասարայ համալսարանի խնամակալական յանձնախումբի իր նախագահութեան եւ Վոսփոր հիմնարկի իր անդամակցութեան խնդրայարոյց հանգամանքներուն՝ ըսած է, թէ ատոնք ո՛չ Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան եւ ոչ ալ Էրտողանի վարչակարգին որեւէ զօրակցութիւն չեն նշանակեր: Ինքնարդարացման համար բացատրած է, թէ «այդ հարթակները միայն վայրեր են յարաբերելու լուսամիտ մարդոց հետ եւ պէ՛տք է պահպանել այդ յարաբերութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ այդ երկրին Կիպրոսի գրաւեալ հողերէն նահանջին ուղղուած աշխատանք տանիլ»:
fotorcreated

Իսկ Ֆիյոն աւելի խտացեալ՝ միայն համանախագահներ Թորանեանէ եւ Փափազեանէ բաղկացեալ պատուիրակութիւն մը ընդունած է: Հանդիպման ներկայ եղած է Ֆիյոնի բանբերներէն, Հայոց բարեկամ երեսփոխանուհի Վալերի Պուայէ եւս: Այս հանդիպման ալ արծարծուած է ցեղասպանութեան հարցը, որ այսօր դարձեալ օրակարգի վրայ է Արեւելքի քրիստոնեաներուն աղէտալի վիճակով: Ֆիյոն Հայոց արդար դատին մասին խօսելով՝ շեշտած է, թէ անհրաժեշտ է, որ Ֆրանսա պաշտօնական մակարդակով ոգեկոչէ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը: Անդրադարձ եղած է նաեւ Արցախի խնդրին: Նախագահութեան թեկնածուն հաւաստած է, թէ յանձնառու կ՚ըլլայ իր կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններուն եւ ծերակուտականներուն նկատմամբ անհրաժեշտ ջանքեր գործադրելու, որպէսզի «Հաւասարութիւն եւ քաղաքացիութիւն» օրինագիծը չներկայացուի Սահմանադրական խորհուրդին, անգամ մը եւս յայտնելով իր զօրակցութիւնը Հայերուն:

«ՅԱՌԱՋ»

Տպել Տպել