«Գանձասար»ի խմբագրական. Դեկտեմբեր Ա./2016 Հալէպ Պատմական Օրեր Կ՛ապրի

fotorcreatedՍուր­իոյ տն­տե­սա­կան մայ­րա­քա­ղաք Հա­լէ­պը վեր­ջին չորս տա­րի­նե­րուն պա­տե­րազ­մի դառ­նա­գոյն հե­տե­ւանք­նե­րը կրեց:

Զին­եալ ահա­բեկ­չա­կան խմ­բա­ւո­րում­նե­րուն Հա­լէպ թա­փան­ցու­մով քա­ղա­քի բո­լոր շր­ջան­նե­րը են­թարկ­ուե­ցան անխ­նայ հր­թի­ռա­կո­ծում­նե­րու:

Ահա­բե­կիչ­ներ մար­դաս­պա­նու­թիւնն ու քան­դու­մը որպէս մի­ջոց օգ­տա­գոր­ծե­լով` ո՛չ մար­դոց կեան­քը խնա­յե­ցին, ո՛չ անոնց բնա­կա­րան­նե­րը, ո՛չ դպ­րոց­նե­րը, ո՛չ հիւան­դա­նոց­նե­րը եւ ոչ ալ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն ապ­րուս­տի հիմ­նա­կան ազ­դակ­նե­րը` աշ­խա­տա­վայ­րերն ու ար­հես­տա­նոց­նե­րը: Նպա­տա­կը մէկ էր` ամա­յաց­նել Սուր­իոյ տն­տե­սա­կան մայ­րա­քա­ղա­քը, տարտղ­նել ու տար­հա­նել անոր բնակ­չու­թիւնը, քան­դել հա­մա­կե­ցու­թեան եւ գոր­ծակ­ցու­թեան տի­րող դրա­կան մթ­նո­լոր­տը եւ, ին­չու չէ, հա­գուրդ տալ դրա­ցի եր­կրի ախոր­ժակ­նե­րուն ու Հա­լէ­պը վե­րա­ծել թր­քա­կան նա­հան­գի: Այլ կերպ կա­րե­լի չէր բա­ցատ­րել Հա­լէ­պի կարգ մը գրաւ­ուած շր­ջան­նե­րու մէջ թր­քա­կան լի­րա­յի օգ­տա­գործ­ման պար­տադ­րու­մը, թր­քա­կան հա­ղոր­դակ­ցա­կան մի­ջոց­նե­րու օգ­տագոր­ծու­մը ու Թուրք­իոյ սահ­մա­նէն զին­եալ­նե­րու, զէնք ու զի­նամ­թեր­քի շա­րու­նա­կուող հոս­քը:

Ու հա­կա­ռակ այս բո­լո­րին, Հա­լէ­պը մնաց Սուր­իոյ ու սուր­ի­ացի­ին, եւ ո՛չ թէ օտա­րին հա­մար ապ­րող ու շն­չող քա­ղաք:

Բա­ցուող իւ­րա­քան­չիւր ար­շա­լոյ­սի հետ հա­լէպ­ցին վե­րա­նո­րո­գեց իր յոյ­սը ու բա­զում տա­ռա­պանք­ներ կրե­լով հան­դերձ քա­ղա­քին ճա­կա­տա­գի­րը չկա­պեց օտա­րին:

Հա­լէ­պաբ­նակ ժո­ղո­վուր­դին հայ­րե­նա­սի­րու­թիւնն ու սուր­ի­ա­կան բա­նա­կին վճ­ռա­կա­մու­թիւնը Հա­լէ­պի ազա­տագ­րա­կան մար­տին գլ­խա­ւոր ազ­դակ­նե­րը հան­դի­սա­ցան:

Վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն, Հա­լէ­պի զին­եալ­նե­րուն ուղղ­ուած սուր­ի­ա­կան բա­նա­կին շա­րու­նա­կուող կո­չե­րը կը նպա­տա­կադ­րէ­ին խնա­յել արիւ­նա­հե­ղու­թիւնը, թափ տալ հաշ­տու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին` նուա­զա­գոյն վնաս­նե­րով ազա­տագ­րե­լու Հա­լէ­պը եւ վերջ տա­լու փո­խա­դարձ կրա­կոց­նե­րուն:

Զին­եալ­նե­րու մէկ մա­սը ան­սաց կո­չին, սա­կայն անոնց­մէ շա­տեր մեր­ժե­ցին հար­ցե­րու խա­ղաղ լուծ­ման ու­ղին` մերթ որ­պէս վա­հան օգ­տա­գոր­ծե­լով իրենց գրա­ւած շր­ջան­նե­րէն ներս ապ­րող բնակ­չու­թիւնը, մերթ հր­թի­ռա­կո­ծե­լով սուր­ի­ա­կան բա­նա­կի վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ գտ­նուող շր­ջան­նե­րու խա­ղաղ բնակ­չու­թիւնը:

Ո՞վ օգտ­ուե­ցաւ սա­կայն այս դա­ժան պա­տե­րազ­մէն… Պար­զա­պէս Սուր­ի­ան տկա­րաց­նել փոր­ձող այն եր­կիր­նե­րը, որոնք այն­քան ալ հաշտ աչ­քով չէ­ին դի­տեր երկ­րէն ներս նա­խա­պա­տե­րազմ­եան տա­րի­նե­րուն ար­ձա­նագ­րուող յա­ռա­ջըն­թա­ցը ու պատ­րաստ էին ամէն գնով զայն կա­սեց­նե­լ եւ երկ­րին բնա­կան հարս­տու­թիւն­նե­րէն առա­ւե­լա­գոյնս օգտ­ուիլ:

Հա­լէ­պի աղէ­տին ազ­դե­ցու­թիւնը կրեց նա­եւ հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը` ու­նե­նա­լով մարդ­կա­յին, նիւ­թա­կան եւ կալ­ուա­ծա­յին բա­զում կո­րուստ­ներ, նա­հա­տակ­ներ, տարտղն­ուե­լով, բայց նա­եւ դի­մադ­րե­լով ու տո­կա­լով:

Այ­ցե­լե­ցէ՛ք Հա­լէ­պի նա­հա­տակ­նե­րու շի­րիմ­նե­րը ու այն­տեղ պի­տի կար­դաք բա­զում հայ հե­րոս­նե­րու անուն­ներ: Հե­րոս­ներ, որոնք հա­ւա­տա­ցին Սուր­իոյ ու մա­նա­ւանդ Հա­լէ­պի յաղ­թա­նա­կին: Հե­րոս­ներ, որոնք սուր­ի­ա­հայ գա­ղու­թի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան նուի­րե­ցին իրենց գա­րուն կեան­քը:

Անոնք կը սպա­սէ­ին յաղ­թա­նա­կի այս պա­հուն, բայց չտե­սան գէթ Հա­լէ­պի մաս­նա­կի ազա­տագ­րու­մը: Չհամ­տե­սե­ցին իրենց պայ­քա­րին պտու­ղը: Չտե­սան Նոր Գիւ­ղի վե­րա­կանգ­նած խա­ղա­ղու­թիւնը:

Նոր Գիւ­ղը այ­սօր ազատ կը շն­չէ… Նոր Գիւ­ղը կը գո­յա­տե­ւէ շնոր­հիւ մեր հե­րոս­նե­րուն ու պի­տի ծաղ­կի յա­նուն մեր նա­հա­տակ­նե­րուն ան­ժա­ման­ցե­լի պատ­գամ­նե­րուն:

Անոնք նա­հա­տակ­ուե­ցան յա­նուն սուր­ի­ա­հա­յու­թեան, որով­հե­տեւ զայն ան­փո­խա­րի­նե­լի ար­ժէք հա­մա­րե­ցին, իսկ անոր ինք­նու­րոյն դի­մա­գի­ծին պահ­պա­նու­մը` հա­մա­հայ­կա­կան մար­տահ­րա­ւէր:

«Գ.»

kantsasar.com

Տպել Տպել