Ուրբաթ 2 Դեկտեմբեր 2016ին Սիտնիի Dee Why ճաշասրահէն ներս տեղի ունեցաւ երգահանդէս նուիրուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 126-ամեակին:
Երգահանդէսի ընթացքին ՀՅԴ «ԴՐՕ» Կոմիտէի խօսքը փոխանցեց ընկեր Հայկ Գայսէրեան:
Խումբ մը պատանիներ ներկայացուցին Պանք Օթոմանի խորհուրդը:
Իսկ օրուայ պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մէջ Հ.Յ.Դաշնակցութեան խմբակցութեան ղեկավար ընկեր Արմէն Ռուստամեան:
Յեղափոխական եւ ազգային երգերով երեկոն խանդավառեց Քրիստափոր Արապեան:
(Ամբողջական թղթակցությունը շուտով)








