Դաշնակցական գործն ու խոսքը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը ճշդէ, կը բնորոշէ եւ կը սահմանէ Դաշնակցական գործն ու Դաշնակցական խօսքը։ Իսկ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կուսակցութեան ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎՆ է, ինչպէս կը հաստատէ Նիկոլ Աղբալեան «Մտածումներ ՀՅ Դաշնակցութեան Մասին» աշխատութեան մէջ։ Պարզ եւ մեկին, ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովը Դաշնակցութիւնն է, որովետեւ հոն կը խտանան, կը բիւրեղանան եւ կը հաստատուին բոլոր դաշնակցականներու եւ դաշնակցական մարմիններու միտքերը, որոշումները, վճիռները եւ կամքը:

Հետեւաբար,

ա. ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովի որոշումներն ու վճիռներն են միայն, որոնք կը ճանչցուին իբրեւ Դաշնակցական: Անոնք պարտադիր են բոլոր շարքայիններուն, մարմիններուն եւ ժողովներուն: Որեւէ ստորադաս ժողով, մարմին կամ անհատ շարքային կրնայ բիւրաւոր որոշումներ կայացնել, սակայն անոնք Դաշնակցական կը ճանչցուին այն չափով որ չեն հակասեր ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովի որոշումներուն:

բ. Անհատ կուսակցականները կամ մարմինները կրնան բիւրաւոր գործեր ծրագրել եւ գործադրել, բիւրաւոր խօսքեր արտասանել եւ գրութիւններ գրել: Սակայն անոնք Դաշնակցական գործ եւ յղացում, ելոյթ եւ խօսք չեն համարուիր եթէ կը հակասեն ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովի գծած ուղղութեան, որոշումներուն եւ աւանդութեանց:

Սեդօ Պոյաճեան

գ. Ամէն դաշնակցականի, դաշնակցական մարմինի եւ ժողովի ընթացքը պէտք է համընկնի ու համապատասխանէ ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովի ճշդած ուղղութեան: Իսկ ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովը իր ընթացքը կ՛որոշէ ազատ եւ անկախ: Իր այս որոշումին մէջ, «Նա յենւում է իր անդամների իմացական կարողութեան եւ փորձառութեան, լսում է բոլոր շրջանների ու մարմինների կարծիքն ու տրամադրութիւնը, նկատի ունի ամէնքի պահանջն ու դիտողութիւնը, բայց ենթակայ չէ նրանց:»(Նիկոլ Աղբալեան):

Արդ, ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովը «բուն իսկ Դաշնակցութիւնն է, նրա միտքն ու կամքը: Նա Դաշնակցութիւնն է իր ներկայ կազմով եւ անցեալ պատմութեամբ» (Նիկոլ Աղբալեան): Այս գերագոյն ժողովին ներկայ են ոչ միայն բոլոր դաշնակցականները, այլեւ հոն կը շնչեն Դաշնակցութեան «հազարաւոր հերոսների եւ նահատակների յիշատակը»:

Երբ աւարտած է Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովը, անոր վճիռները վերջնական են ու անառարկելի՝ հետեւող քառամեակին համար, այսինքն՝ մինչեւ յաջորդ ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովը: Անոր աւարտին կը դադրին «բոլոր ինքնասիրութիւններն ու յաւակնութիւնները» (Նիկոլ Աղբալեան): Կը սկսի դաշնակցական գործի նոր հանգրուան՝ իրագործելու համար ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովի որոշումները, վճիռները եւ գծած վարքագիծը, որոնք կը հանդիսանան բոլոր դաշնակցականներուն կամքը։

Ուրեմն, Դաշնակցական գործն ու Դաշնակցական խօսքը կը բնորոշուին Դաշնակցական եւ կ՚ընդունուին իբրեւ Դաշնակցական գործ եւ խօսք միմիայն այն ատեն երբ անոնք հաւատարիմ կը մնան եւ կը համընկնին ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի վճռած վարքագծին եւ որդեգրած որոշումներուն։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Տպել Տպել