Դաշնակցական Գործ

Կեդրոնանանք միայն Արեւմտեան Ամերիկայի տարածքին վրայ: Դաշնակցութիւնը ի՞նչ գործունէութիւն կը տանի այս ափերուն վրայ:

Այնուամենայնիւ, պարտաւոր ենք նախ նշել, թէ իբրեւ համահայկական, Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ գործող կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մէկ օղակը՝ Արեւմտեան Ամերիկայի կուսակցական կառոյցը իր մասնակցութիւնը կը բերէ համակուսակցական բոլոր աշխատանքներուն, ձեռնարկներուն, ծրագիրներուն: ՀՅԴ Բիւրոյին միջոցաւ եւ ուղղորդումով, Արեւմտեան Ամերիկայի կառոյցը թէ՛ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս ներգրաւուած է Հայաստանի ու Արցախի տնտեսական ու հասարակական ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ՝ Սուրիոյ հայութեան աջակցող նախաձեռնութիւններուն մէջ:

Սուրիոյ հայութեան աջակցութիւն ապահովելու համար, Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ գործող ՍԱՐՖը, որ համահամայնքային մարմին մըն է, Դաշնակցութենէն կը ստանայ անվերապահ զօրակցութիւն եւ կենսական դերակատարութիւն:

Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ պատանեկան բանակումներու ամէնամեայ ծրագիրով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը հարիւրաւոր երեխաներու համար կ՛ապահովէ առողջ միջավայր՝ անոնց ամառնային արձակուրդին մէկ հատուածը վերածելով դաստիարակչական անփոխարինելի փորձառութեան:

Արեւմտեան Ամերիկայի Դաշնակցական կազմը իր կարեւոր բաժինը կը բերէ տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային մակարդակի ամերիկեան քաղաքական կեանքին՝ հայկական ազդեցութեան լծակները ուժեղացնելով, ընտրութիւններուն մեր կշիռքը բարձրացնելով, հայ երիտասարդութիւնը դէպի ամերիկեան քաղաքական-հասարակական դերակատարութիւն մղելով, ինչպէս նաեւ հայութեան, Հայաստանի եւ Արցախի հանդէպ ամերիկեան քաղաքական եւ լրատուական-վերլուծական շրջանակներուն մօտ դրական կեցուածք յառաջացնելով:

Արեւմտեան Ամերիկայի հայ համայնքի կազմակերպման հարցը, անոր հայապահպանութեան կռուաններու ուժեղացումէն մինչեւ ազգային-հոգեւոր-կրթական կեանքի աշխուժացումը եւ կենսունակութեան ապահովումը, կը գրաւէ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէութեան ղեկավար մարմիններուն ու շարքերուն ուշադրութիւնը եւ աշխատանքային ծրագիրներուն կարեւորագոյն մասը:

Հայ կեդրոններէն ներս թէ անոնց տարածքէն դուրս, ամէնօրեայ ճիգ ու քրտինք կը թափուին հայ երիտասարդութեան համար ազգային միջավայր ստեղծելու, հայութեան ազգային առաջնահերթութիւններուն ի խնդիր աշխատանքներուն համահամայնքային մասնակցութիւն ապահովելու եւ ընդհանրապէս հայկական համայնքի համախմբան գործին բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու ուղղութեամբ:

Դաշնակցական գործը՝ հայութեան, հայրենիքին, հայոց պետականութեանց ծառայելու գործ է, որուն ամբողջական մասնակցութիւն բերելը իւրաքանչի՛ւր դաշնակցականի ձգտումն է:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

asbarez.com

Տպել Տպել