Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Յեղափոխականութեան Աղբիւր

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան անուան մէջ, յեղափոխական բառը ունեցած է եւ միշտ ալ պիտի ունենայ բազմերես իմաստ ու պիտի ընկալուի իբրեւ մնայուն պատգամ, որովհետեւ ինչպէս արդարատենչ ու պահանջատէր այլ ժողովուրդներու համանման կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները, Դաշնակցութիւնն ալ հայութեան կեանքին մէջ յեղաշրջում յառաջ բեaրաւ ուժական, գաղափարական, ընկերային, մշակութային, քաղաքական, քարոզչական եւ, մէկ խօսքով, հաւաքականութեան կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ։ Սա եղաւ ու կը մնայ իր առաջնահերթ առաքելութիւնը։

Դաշնակցութիւնը հայ կեանքի մէջ առաջին ու միակ յեղափոխական կազմակերպութիւնը չէր, սակայն անոր 126 տարիներու գործն ու ներկայութիւնը ապրող վկայութիւն են, որ ան յարատեւօրէն հաւատարիմ մնացած է յեղափոխականի այն վարքագիծին, զոր զգեցած էր իր մկրտութեան օրէն սկսեալ։

Չենք ուզեր երկար կանգ առնել այն թերի մեկնաբանութիւններուն առջեւ, իբրեւ թէ յեղափոխական ըլլալ կը նշանակէ կեանքի պայմաններ ու կացութիւններ յեղաշրջել-բարեշրջել միայն ու միայն զէնքի միջոցով։ Այո. զէնքի-բազուկի ուժը հիմնական տեղ ունի իրաւունքի ու արդարութեան, ընկերային ու մարդկային հաւասարութիւններու հետապնդման մէջ. Դաշնակցութիւնը փաստօրէն հաւատարիմ ժառանգորդը եղաւ մեր աննման ֆետայիներու այն սկզբունքին, որ իբրեւ դրօշ պարզուած էր հայութեան կեանքին մէջ՝ մեր կուսակցութեանց ու յեղափոխական միաւորներու կազմութենէն ա-ռաջ իսկ, եւ այդ սկզբունքը կ՛ըսէր. «ՅԱՃԱԽ ՄԷԿ ԲՌՈՒՆՑՔԸ ԱՒԵԼԻ՛ ԱԶԴՈՒ Է, ՔԱՆ ՀԱԶԱՐ ԽՕՍՔԸ». այս սկզբունքին մարմնաւորումն ալ լուսաւորեց Դաշնակցութեան գործունէութեան առաջին տասնամեակները, ինչո՞ւ չէ նաեւ «Նեմեսիս»եան ու աւելի ուշ փուլերը, հասնելով մինչեւ Արցախ, իր այժմէականութիւնը հաղորդելով նաե՛ւ մեր սահմանները պաշտպանող ժամանակակից զինուորին, հրամանատարին ու ֆետայիներուն։ Սակայն Դաշնակցութեան յեղափոխականութիւնը թերի պիտի մնար, եթէ սահմանափակուած մնար միայն ուժական ոլորտին մէջ, որովհետեւ արդարութեան ու ազգային իրաւունքներու հետամուտ ժողովուրդներ, զէնքի-բազուկի ուժի կողքին, պէտք ունեցած են եւ պէտք ունին բազմաթիւ այլ յենարաններու, որոնցմէ որեւէ մէկը արհամարհելի չէ, մէկը միւսը չ՛արժեզրկեր, այլ մէկէ միւսը կ՛իմաստաւորէ։

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ինչպէս իր ծննդեան օրերուն ու յաջորդող տասնամեակներուն, Դաշնակցութիւնը այսօր եւս կոչուած է պահպանելու իր յեղափոխականի առաքելութիւնը։ Ի դէպ, պէտք է ընդգծել, որ Դաշնակցութիւնը ընդհանրապէս ուժի դիմած է մեր թշնամիներուն դէմ, այսինքն ընդդէմ անոնց, որոնք փորձած են ստրկացնել մեր ժողովուրդը, այլասեռումի մատնել, տարբեր ձեւերով բնաջնջել հայութիւնը, խլել անոր իրաւունքները, հողն ու ստացուածքները, փճացնել մշակութային ժառանգութիւնները։ Սակայն Դաշնակցութիւնը չէ վարանած նաեւ հազուադէպօրէն ուժի ընտրանքին դիմելու, երբ դիմագրաւած է դաւաճաններ, օտար բռնատէրներու գործակալներ եւ անուղղայ հարստահարողներ։ Դաշնակցութեան յեղափոխականութիւնը, սակայն, տարածք գտած է կեանքի այլ ասպարէզներու մէջ եւս, առանցքային դերակատարութիւն ունեցած է հայութեան կեանքի մակարդակն ու բազմակողմանի աշխարհայեացքը բարեփոխելու առումով։

Հիմնական նպատակակէտ եղած է եւ այսօր ալ է՛ ժողովուրդի կենսամակարդակի բարելաւումը. եթէ եղած է օտար հարստահարող-բռնատէր, Դաշնակցութեան գաղափարական արժէքները մղած են հայ մտաւորականը՝ ժողովուրդին մէջ սեփական ու ազգային իրաւունքներու պահպանման գիտակցութեան տարածման։ Եւ այս դրօշը բարձրացնող բանաստեղծներ ու երգիչներ արժանացած են ժողովուրդի պաշտամունքին, որովհետեւ կեանքի-ապրելու իրաւունքին չափ կարեւոր է արժանապատիւ կեանք ունենալը, չարաշահողներուն խաղալիք չդառնալը (չարաշահողը ըլլայ օտար թէ հայ), երկրի տարբեր շրջաններու եւ տարբեր ասպարէզներու մէջ գործողներու ընկերային հաւասարակշիռ դրութեան իրականացումը։ Դաշնակցութեան համար հիմնական նպատակ եղած է ու կը մնայ արտադրող զանգուածներուն բարօր կեանքի ապահովումը, դասակարգերու միջեւ վիհերու չքացումը (տարբերութիւններ միշտ ալ պիտի ըլլան. խօսքը վիհի մասին է), համաչափ բարօրութեան ստեղծումը։ Այսօր, երբ մեր հայրենիքը աւելի քան 25 տարիէ ի վեր անկախ է, այս առաջադրանքը կը մնայ հիմնական արժէք ու նպատակ. մենաշնորհներու հակակշռումը նոյնքա՛ն այժմէական է, որքան 126 եւ աւելի տարիներ առաջ…

Պէտք է անդրադառնալ նաեւ յեղափոխական գործի այն ազդեցութեան, որ Դաշնակցութիւնը բերաւ մեր մշակութային կեանքին մէջ։ Մշակոյթը ընդարձակ հասկացութիւն է, բազմաշերտ կալուած. մշակոյթը գիր է, լեզու ու հրատարակութիւն, որուն միջոցով մտաւորականը ամէն օր կապ կը պահէ զանգուածներուն հետ, կը փորձէ առաջնորդել զայն։ Մշակոյթը երգ է ու թատրոն, երաժշտութիւն է ու կերպարուեստ։ Տակաւին, մշակոյթը ունի իր քաղաքական երեսը, որ կը կոչուի քաղաքական մշակոյթ, եւ պայմանաւորուած է ժողովուրդի քաղաքականացումով, այսինքն՝ իր պատմութեան, իրաւունքներուն, կորուստներուն եւ անոնց վերատիրացման միջոցներուն գիտակցութեան զարգացումով։ Գիտակից, իր անցեալին, ներկային ու դէպի ապագայ ընթացքին իրազեկ ժողովուրդը կրնայ աւելի՛ ազդու պայքար տանիլ Դատի հետապնդման նպատակով։ Այս ծիրին մէջ ալ պէտք է դիտել լայն իմաստով քարոզչական այն յեղաշրջումը, որ Դաշնակցութիւնը իր կարելի միջոցներով՝ Հայ Դատի գործիչներով, մարմիններով, երիտասարդական եւ ուսանողական խմբակներով իրականացուցած է Ցեղասպանութենէն շատ առաջ ու յաջորդող տասնամեակներուն, մասնաւորաբար այն 70 տարիներուն, երբ Հայաստան հարկադիր բանադրանքի տակ էր ազգային իրաւունքներու մասին արտայայտուելու իմաստով։

Վերջապէս, Դաշնակցութեան համար յեղափոխական գործ է եղած, այսօ՛ր ալ է ժողովրդավարութեան լիարժէք մարմնաւորումը մասնաւորաբար մեր հայրենիքին մէջ, Հայաստանով ու Արցախով։ Այս գետնին վրայ, աւելի քան երկու տասնամեակներէ ի վեր տիրող երեւութական ժողովրդավարութիւնը իսկական ժողովրդավարութեան տանելու համար, հայրենի քուէարկողը յեղափոխականանալու մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւէ այսօր, որպէսզի փոքրամասնութեան մը կողմէ երկիրի կարողականութեանց վրայ հաստատուած մենաշնորհներու էջի փակման գործը մտնէ ամբողջացման հունի մէջ, նորակազմ կառավարութեան կողմէ որդեգրուած նախաքայլերը չդատապարուին մնալու սահմանափակ ու շպարային։ Ժողովրդավարական յեղափոխանականացում կը նշանակէ իսկական հաշուետուութեան բերել այն փոքրամասնութիւնը, որ ըստ կամս օրէնքներու մշակումով սեփականացուած է հսկայական նիւթական միջոցներ, որոնք այլապէս պէտք էր հոսէին պետութեան, երկրի՛ն ու ժողովուրդին հաւաքականութեան բարօրութիւնը երաշխաւորող գանձանակներուն մէջ։ Պէտք է թօթափել այն հոգեբանութիւնն ու ներմուծուած մտածողութիւնը, ըստ որուն՝ աշխարհի մեծ ու փոքր երկիրներուն մէջ ալ նոյն վիճակը կը տիրէ, մենք կրնա՞նք զարտուղի ըլլալ (չէ՞ որ երգի, պատկերասփիւռային յայտագիրներու մէջ ալ առաւելաբար կը յարինք ուրիշը կապկելու, եւ հոն ալ պէտք ունինք յեղափոխական ձեռքի մը ներգործութեան…)։

Այս բոլորէն անդին, մեր ազգային իրաւունքներու հետապնդումը, ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ այսօր ու վաղը կը կարօտի յարատեւ յեղափոխականութեան։ Գիտենք. մեզ շրջապատող պայմանները, աշխարհի մօտակայ թէ հեռաւոր շրջաններու մէջ վերիվայրումները, մինչեւ իսկ մեր գլխաւոր թշնամիին՝ Թուրքիոյ ռազմաքաղաքական դիրքն ու խուսանաւումները որոշ հանգրուաններու եւ փուլերու կը ստեղծեն անվաղորդայն հորիզոններ, սակայն նոյն այդ զարգացումներու ճշգրիտ «ընթերցումն» իսկ մեզ կը մղէ Դաշնակցութեան ոճով յեղափոխականացումի, որովհետեւ՝

Յեղափոխականը ո՛չ միայն կարողութիւնը կը զարգացնէ ճշգրտօրէն գիտակցելու իր բազմերես իրաւունքներուն, այլ նաեւ ճկունութիւնը ձեռք կը բերէ տու;ալ պայմաններուն մէջ իր գործածելիք միջոցները ընտրելու եւ քայլ առ քայլ ուղղուելու իր նպատակին։

Յեղափոխականութիւնն է, որ Դաշնակցութեան (նաեւ որեւէ այլ կազմակերպութեան) կ՛ապահովէ ժողովուրդին համակրանքը շահելու եւ պահպանելու վկայականը։ Յեղափոխականութենէ հեռացում եւ յեղափոխականութեան ներշնչումի տկարացում կ՛առաջնորդեն դէպի Դաշնակցութիւն-ժողովուրդ կապերու թուլացում։ Մինչդեռ, Դաշնակցութիւնը եղած է ու պիտի մնայ ժողովրդային լայն հող ու յենարան վայելող կազմակերպութիւն, թէ՛ մայր հայրենիքին եւ թէ Արտերկրի մէջ։ 126 տարիներու պատմութիւնը վկայութիւնն է այս ճշմարտութեան։

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

asbarez.com

Տպել Տպել