«Ազդակ»ի Խմբագրական. Ակնկալե՛լ Դաշնակցութենէն

Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 126-ամեակի նշումը կամ աւանդական ըսելաձեւի օգտագործումով «Դաշնակցութեան օր»-ը տօնակատարելը միաժամանակ համաժողովրդային փառատօնի եւ քաղաքական վարքագիծի հիմնադրոյթներու յայտարարութեան առիթ է:

Եւ եթէ մէկ կողմէ անցած ուղին ներկայացնելու, այնտեղ դիմագրաւուած դժուարութիւններու յաղթահարման համար որդեգրուած միջոցառումներուն մասին խօսելու պահն է, որմէ նաեւ` հետագայ ընելիքներու, նոր ուղիներու մատնանշման առիթ, բայց նաեւ ու անպայման ժողովրդային զանգուածին ամէնէն պատասխանատու դիրքերէ հանդիպելու խորհրդաւոր պահ:

Եւ պատահական չէ, որ «Դաշնակցութեան օր»-ը ճշդուած է պատասխանատու մարմիններու կողմէ` իրագործուածն ու չիրագործուածը համարատու կարգով զեկուցելու, եւ մանաւանդ գալիք օրերու համար նախատեսուած ծրագիրներու նախաբանները ներկայացնելու: Հրամայականներ, մարտահրաւէրներ, առաջնային գործունէութեան ընդհանուր խորագրային նշումներ եւ միասին յառաջիկային դիմագրաւելիք յանձնառութեան ճշդումներ:

Ներկուսակցական կարգով այդ բոլորը հանգամանօրէն կը քննուին: Մարմինները կու տան իրենց հաշուետուութիւնները, կ՛ընթանան քննարկումները ամէնէն խիստ մօտեցումներով եւ կը բանաձեւուին յառաջիկայ գործունէութիւնները:

Այս բոլորին հրապարակային ներկայացումը, զեկուցումն ու վարքագիծերու բացատրութիւնը առաջին անգամ կ՛ըլլան «Դաշնակցութեան օրուան» առիթով` համակիր զանգուածներուն:

Առաջին հրապարակայնացումը Դաշնակցութեան որոշումներուն կը կատարուի «Դաշնակցութեան օրուան» առիթով: Այս պատճառով ալ հնչած ամէն խօսք, արտայայտուած ամէն միտք, ամէն մտածում, մշակուած, ուսումնասիրուած, կշռադատուած` ամէնէն պատասխանատու ձեւով կը ներկայացուին ժողովուրդին:

Այդ որոշումներուն մէկ չնչին տոկոսը կը վերաբերի զուտ կուսակցական համակարգի, աշխատելաեղանակի, կամ աշխարհատարած կուսակցական ցանցային կառոյցի աշխատակարգին: Մնացեալը, ըստ էութեան, կը վերաբերին ժողովուրդին, հայութեան, պետութեան, հայրենիքին:

Եւ Դաշնակցութիւնը ճիշդ կը գնահատէ, երբ այդ որոշումներուն ամէնէն առանցքային բաժինը, ամէնէն դժուար իրականանալի մասը, իր ունեցած-չունեցած պիւտճէին առիւծի բաժինը կը տրամադրէ ժողովրդային ծրագիրներու, ժողովուրդի կարիքներուն հասնելու, կրթականէն մշակութային, ընկերայինէն տնտեսական, բնակարայինէն մինչեւ բժշկական:

Դաշնակցութիւնը իր 126-ամեայ գործունէութեան կենսափորձով իսկ արդար համոզումը փոխանցած է իր ժողովուրդին Դաշնակցութենէն ակնկալելու ամէն ինչ: Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումը, Արցախի միջազգային ճանաչումը, հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներու վերականգնումը` Դաշնակցութենէն ակնկալուած գործեր են: Ջաւախահայութեան ինքնավարութեան ամրագրումը, ռուսահայութեան կազմակերպումը, Արեւմուտքի մէջ քաղաքական գործօնի վերածուիլը` Դաշնակցութենէն ակնկալուած գործեր են: Միջին Արեւելքի մէջ հայութեան ֆիզիքական գոյութեան պաշտպանութիւնը, տարածաշրջանի հայաթափման դէմ պայքարիլը, արտագաղթողները դէպի հայրենիք ուղղորդելը` Դաշնակցութենէն ակնկալուած գործեր են: Թուրքեւազրպէյճանական միացեալ դաշինքին բոլոր տեսակի ոտնձգութիւնները կանխարգիլելը, կամաւորական շարժում կազմակերպելը, առաջնագիծ փութալը, նահատակ զինուորներու ընտանիքներուն օժանդակութիւն ապահովելը` Դաշնակցութենէն ակնկալուած գործեր են: Ներկայ աշխարհակարգի ապագաղափարականացման ընթացքներուն դէմ միջոցներ ձեռք առնելը, գաղափարական երիտասարդ պատրաստելու համար նորարար համակարգերու տիրապետումն ու անոնց օգտագործումը` Դաշնակցութենէն ակնկալուած գործեր են: Աղքատին, թշուառին, այո՛` մշակին ու բանուորին իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը հայրենի հողին վրայ թէ սփիւռքի տարածքին` Դաշնակցութենէն ակնկալուած գործեր են: Նշելու համար` ամէնէն հիմնական գործերը միայն:

Տօնակատարութեան վայր փութացած, «Դաշնակցութեան օրուան» հանդիսատես հայորդին անգամ մը եւս կը վերահամոզուի, որ Դաշնակցութիւնը պատուով կը շարունակէ կատարել իրմէ անդադար ակնկալուող գործերը:

Հայութիւնը պիտի շարունակէ ակնկալել Դաշնակցութենէն:

aztagdaily.com

Տպել Տպել