«Հայրենիք»ի խմբագրական. Պատեր… Անապատներ

«Կարելի չէ գերագոյն յաղթանակ համարել, բոլոր կռիւներու ընթացքին, պայքարիլն ու նուաճելը: Գերագոյն յաղթանակը այն է, թէ երբ կը յաղթես առանց կռուելու»:

Սուն Ցու (544-496 Ք.Ա.)

Եթէ Սպիտակ Տան նոր վարձակալին փոխանցուի Սուն Ցու անունը, հաւանաբար ան շուտով պիտի ենթադրէ թէ խնդրոյ առարկայ անձը մեծահարուստ այն չինացիներէն է որ բաժնետոմսերու շուկային մէջ, առաջնահերթ դեր ունի եւ առանձինն տնտեսական քայլեր առնելով, կրնայ բարձրացնել կամ նուազեցնել բաժնետոմսեր:

Ո՛չ պարոն նախագահ, Սուն Ցուն այդ քու երեւակայած Ծայրագոյն Արեւելքի «Էսթապլիշմընթ»ին մաս չկազմէր, ո’չ դրամատեր է, ‘ոչ ալ երկնաքերներու կամ աշտարակներու տէր: Դեռ աւելի’ն, ան ապրած է Քրիստոսէ Առաջ…շատ առաջ, երբ կրօնական այդ տարբերութիւնները չկային, երբ բազմաթիւ երկիրներ գոյութիւն չունէին…երբ Քրիստափոր Գոլոմպոսներ եւ այլ երկրախոյզեր առաջին անգամ ըլլալով ոտք չէին կոխած Նոր Աշխարհին վրայ:

Նոր Աշխարհ մը, ուր բնիկ հնդիկներ կ՛ապրէին իրենց կեանքը, եւ այսօր արդէն իսկ տնտեսա-քաղաքական հաշիւներով եւ յաչս գոհացնելու քարիւղի ընկերութիւններ, կ՛օգտագործուին իրենց իրաւունքները:
Պարոն նախագահ, Սուն Ցուն չինացի հռչակաւոր ռազմագէտ մըն էր, նաեւ փիլիսոփայ: Անոր «Պատերազմին Արուեստը» գործը ցայսօր կը նկատուի ամենէն աւելի կարդացուող եւ ռազմավարութիւն դաստիարակող գլուխ գործոց մը:

Վերոյիշեալ խօսքին եւ այլ իմաստալից հաստատումներու մէջ, Սուն Ցու կը ներկայացնէ շինիչ գաղափարներ, որոնք կրնան արտառոց եւ անտրամաբանական նկատուիլ, սակայն խորքին մէջ տեղին եւ ճիշտ են այդ հաստատումները:

Պարո՛ն նախագահ, տասնեակ մը օրերէ ի վեր Սպիտակ Տան բանալին ստացած, արդէն իսկ անխոհեմ, անարդար եւ մտահոգիչ որոշումներ կ՛առնէք եւ հրահանգներ կը փոխանցէք, երեւոյթ մը, որ կրնայ իր ժխտական եւ կրաւորական հետեւանքներու յանգիլ:

Բնականաբար, բոլորիս փափաքն է ունենալ ներքին թէ արտաքին ապահով ենթակառոյց մը, որպէսզի կարենայ պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ: Պայթուցիկ կացութիւն մը, որուն յաւելեալ կրօնական բնոյթ եւ երանգաւորում փոխանցելը, կրնայ բոլորովին հակառակ ազդեցութիւն ունենալ եւ դաւանանքի մը պատկանող ջնջին համեմատութեան մը թիւը զգալիօրէն բարձրացնել:
Կրկին վերադառնալով Սուն Ցուի խօսքերուն, յաղթականը այն է որ գիտէ ե՞րբ զէնք վերցնել եւ ե՞րբ չվերցնել: Նաեւ յաղթականը այն կողմն է, որ կրնայ լաւապէս տիրապետել թէ՛ զօրաւոր եւ թէ՛ տկար ուժերուն վրայ:

Հետեւաբար, պէտք է լաւապէս թօթափել ձեր ստեղծած գերակայութեան բարդոյթը, կամ ալ այլոց համար տարբեր նկատուող ստորակայութեան բարդոյթը:
Մեքսիքայի սահմանին շուրջ պատ բարձրացնելու ձեր որոշման, առաջին քննադատը պիտի ըլլար նոյնինքն Սուն Ցուն, այն երկրի քաղաքացին, որուն Ա.Մ.Ն.-ի պարտքերը կը գերազանցեն երկնաքերերը: Հաւանաբար, ան պիտի առաջարկէր, որ այդ հարաւի պատին կողքին, ամբողջացնելու համար անապատային կացութիւնը, նմանօրինակ պատ մըն ալ պէտք էր հիւսիսային սահմանին վրայ կառուցուէր, կանխելու համար տեղացիներու դէպի Գանատա հոսքը:
Հուսկ, ահաբեկիչ երկիրներու ցանկին եւ ցանցին մասին խօսելով, տեղին է ակնթարթ մը վերատեսութեան ենթարկել ընդհանրապէս գործող ահաբեկիչներու հպատակութիւնն ու ահաբեկչութիւններու վայրն ու աղբիւրը…:

Ցաւօք…Կ՛ընթանանք դէպի պատ…պատեր…անտէր ու անտիրական անապատներ:

hairenikweekly.com

31.01.2017

Տպել Տպել