Ընկերվարութեան Վերադա՞րձը

Տասնամեակներէ ի վեր աշխարհի դիմագիծը արագօրէն կը փոխուի` բազում ու տարբեր ուղիներով դէպի լուսանցք մղելով երկրագունդի բնակչութեան լայն շերտեր: Վայրի ու վայրագ դրամատիրութիւնը իր աւետած համամարդկային բարօրութեան փոխարէն պարգեւեց համատարած թշուառութիւն. դեռ մօտաւոր անցեալին առողջ հասարակութիւններ հասած են սնանկութեան սեմին, երբ անդին ուրիշներ կը լողան նարգիսական պերճանքի մէջ:

Իրերու այս տխուր ընթացքին համար, դրամատիրական շրջանակներու կողքին, արհամարհելի չէ նաեւ երբեմնի ընկերվարական շարժումներու եւ կուսակցութիւններու պատասխանատուութիւնը: Նախորդ դարու ութսունական թուականներէն սկսեալ անոնք մէկ առ մէկ անձնատուր եղան վատառողջ ձեւով համաշխարհայնացող տնտեսութեան մարգարէներու շինծու տեսութիւններուն, որոնք, այսօր արդէն փաստ է, աշխարհը հասցուցած են նոր աղէտներու նախօրեակին: Ամէնուրեք խաղաղութիւնը արհամարհող ծայրայեղական շարժումները վերելքի մէջ են: Այս կերպարանափոխութենէն զերծ չեն մնար իրենք իրենց ժողովրդավարութեան փարոսի եւ դաստիարակի դերակատարութիւն սահմանած արեւմտեան պետութիւնները:

Ներկայի միջազգային տխուր ու մտահոգիչ հարթակին վրայ յոյսի նշոյլ մը երեւաց, երբ երեք շաբաթներ առաջ Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Զիգմար Գաբրիէլ ինքնագլուխ եւ բոլորովին անակնկալ կերպով յայտարարեց, թէ աշնան համար նախատեսուած երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածուն ինք պիտի չըլլայ, այլ` Եւրոպական խորհրդարանի նախկին նախագահ Մարթին Շուլց: Յաջորդ օրն իսկ կուսակցութեան վարկանիշները հսկայական ոստում արձանագրեցին, իսկ մասնագիտական հաստատութիւններ նախատեսեցին, թէ ուղղակի ընտրութեան պարագային ժողովրդային կամքը լայն մեծամասնութեամբ իբրեւ վարչապետ (կանցլեր) պիտի ընտրէր Մարթին Շուլցը:

Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական կուսակցութեան մեքենան շուարումի եւ իրարանցումի պահէ մը ետք սկսաւ ընդօրինակել ամերիկեան ընտրապայքարի մեթոտներ` մատնացոյց ընելով ընկերվարական թեկնածուի ենթադրաբար «քրէական» գործելաձեւը: Իսկ վարչապետ Մերքել հասկցուց, թէ ինք համաձայն չէ ընտրապայքարի այս ձեւին:

Մարդոց տեսա՞կն է, թէ՞ համաշխարհային վիճակի լրջութիւնն է, որ երկրի պատասխանատուները կը դնէ բարոյական քաղաքականութեան օրէնքներուն հետեւելու պարտադրանքին տակ: Մէկ կողմէն Զ. Գաբրիէլի իբրեւ իր կուսակցութեան երկրի գրաւիչ պաշտօնին համար թեկնածու ներկայանալու անառարկելի իրաւունքէն հրաժարումը, իսկ միւս կողմէ` Ա. Մերքելի ընտրապայքարի ամէն միջոց չընդունելու կեցուածքը, երբ դիմացի նոր թեկնածուն լուրջ կերպով կը վտանգէ իր վերընտրութիւնը: Զոյգ երեւոյթները անհետացած էին եւրոպական քաղաքական բեմէն վերջին տասնամեակներու ընթացքին:

Նոյն ձեւով անհետացած էր ընկերվար կուսակցութիւններու ընկերվար գաղափարաբանութիւնը: Շուլց կրկին կը խօսի ընկերային արդարութեան մասին, իր երկրին մէջ տիրական դարձած անարդարութեան մթնոլորտին մասին, զանց կ՛առնէ վերջին ժամանակաշրջանին իր կուսակցութենէն նե՛րս ալ մուտք գործած շուկայական բառամթերքը: Ակնբախ է, որ Գերմանիոյ հասարակութիւնը իբրեւ ապագայի յոյս կ՛ընկալէ Շուլցի խօսքը: Իր երիտասարդութեան ընթացքին կեանքի դժուար հանգրուաններէ անցած, ուսումը կիսատ թողած, ալքոլի մոլութենէն ինքզինք փրկած եւ մինչեւ Եւրոպայի խորհրդարան հասած եւ անոր նախագահի պաշտօնը յաջողութեամբ վարած Մ. Շուլց առայժմ գոնէ կը գրաւէ վերջին ժամանակները ձանձրոյթ պատճառող Գերմանիոյ քաղաքական առօրեան:

Ներկայ ժամանակներուն, երբ մեծ պետութիւններ կը պատրաստուին իրենք իրենց մորթին մէջ պատսպարուելու, երբ հազարումէկ դժուարութիւններով, համբերութեան ծով քանակներով ու տեւական խաղաղութեան տեսլականով մէջտեղ եկած Եւրոպական Միութիւնը ինքնասպանութեան վտանգը կը դիմագրաւէ, Գերմանիոյ մէջ առողջ ինքնագիտակցութիւն փաստող, Մարթին Շուլցի բերնով արտայայտուող եւ ուրիշներու կողմէ մեռած յայտարարուած ընկերվարութիւնը իր յարութիւնը կ՛աւետէ` միաժամանակ երաշխաւորելով ցամաքամասին վրայ նո՛յնպէս վտանգուած ժողովրդավարութիւնը:

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

aztagdaily.com

Տպել Տպել