«Ազդակ»ի Խմբագրական. Արցախեան Օրակարգը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն

(Արցախեան Ազատամարտի Սկզբնաւորման 29-ամեակին Առիթով)

Արցախեան ազատամարտի սկզբնաւորութեան հերթական նշումը բազմահայեացքային մօտեցումներ կը ներառէ` գաղափարականէն քաղաքական, մարտականէն տեղեկատուական, հայրենիքի անվտանգութենէն մինչեւ տարածաշրջանային խնդիրներ, բանակցային գործընթացներ, նշելու համար ամէնէն կարեւոր մարզերը:

Տրուած ըլլալով սակայն, որ ժամանակի իմաստով անմիջականօրէն մենք բաժնուած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններէն, քաղաքական դիտարկումի մօտեցումը կը կեդրոնանայ ընտրութիւններուն ընթացքին արցախեան նիւթին արծարծման վրայ:

Անմիջապէս կը նկատենք, որ նախընտրական արշաւի սկիզբէն բաւական ժամանակ առաջ «Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահը իր ելոյթով պարզ դարձուց, որ արցախեան հակամարտութեան հանգուցալուծման իր պատկերացումը պիտի տեղափոխէ ընտրական դաշտ:

Փորձ կը կատարուի այս ձեւով ընտրաքաղաքական դաշտը բեւեռացնելու, այն առումով, որ մէկ կողմէ կը նետուի իբրեւ թէ խաղաղութեան կողմնակիցներու, միւս կողմէ ռազմատենչներու միջեւ ընտրութեան խնդիրը:

Զիջելով զարգանալը ընդհանուր բանաձեւն է առաջին նախագահին, որ ամբոխահաճոյ նիւթերու առաջ մղումով կը փորձէ ընտրազանգուած կեդրոնացնել իր շուրջ: Պարզացուած ձեւով ընդգծելու համար հետեւեալ մտածողութիւնը: Արցախեան տարածքներու զիջումը մեր երկիրը պիտի ապաշրջափակէ երկկողմանիօրէն, տեղի տայ տնտեսական բարելաւման, ինչ որ իր հերթին` արտագաղթի կասեցման եւ երկրի զարգացման:

Պահ մը եթէ փորձենք այս մտածողութեան առաջ քաշումին ետին տեսնել ընտրութիւններուն գաղափարական լիցք տալու փորձ, ապա պիտի նկատենք հաւանաբար հակազդեցութեան կարգով ինքնապաշտպանողական մօտեցումներ յատկապէս իշխող կուսակցութեան կողմէ, որ բանակցիլը չի նշանակեր ռազմատենչութիւն, թէ հայկական կողմը փոխզիջումային լուծման տարբերակի համաձայն կ՛ըլլայ, պայմանով, որ նախ համաձայնուի կարգավիճակի խնդիրը:

Ներկայ պայմաններուն մէջ շատ տեսանելի չի թուիր ընտրական բանավէճերուն գաղափարականացման գործընթացը: Դաշինքներու կազմութիւնը եւ ցարդ կատարուած յայտարարութիւնները այդ ուղղութեան վրայ տեսանելիութիւն չեն ապահովեր ցարդ:

Բայց չի նշանակեր, որ խնդիրը չի վերադառնար իբրեւ օրակարգ: Առնուազն չէ բացառուած այդ հաւանականութիւնը: Առաջին նախագահին գլխաւորած համամասնական ընտրազանգուածին հաւաքելիք քուէներուն պատկերը պիտի ընդգծէ մերժումը` զիջելով զարգանալու քաղաքական մօտեցումին: Նոյն մօտեցումն էր, որ պատճառ դարձաւ իշխանափոխութեան եւ նոյն մօտեցումը խորքին մէջ պիտի մերժուի այս ընտրութիւններուն:

Տնտեսական բարելաւման ուղիներու մատնանշումը, խաղաղութեան վերահաստատման չհիմնաւորուած միջոցը ցոյց տալը, արտագաղթի կասեցման համար ոչ համոզիչ ելքեր ընդգծելը չեն յաջողիր ազդել ժողովուրդի քուէին վրայ, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, որոշած է ամէն գնով տէր կանգնիլ ձեռք բերուածին, ազատագրուածին:

Եւ այս առումներով, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընտրութիւնները պիտի ըլլան նաեւ վերահաստատումը արցախեան հակամարտութեան նկատմամբ հայրենի ժողովուրդին որդեգրած ազգային կեցուածքին:

aztagdaily.com

Տպել Տպել