«Հայրենիք»ի խմբագրական. Աւատապետական համակարգ

Վերջերս բաւական մը մելան հոսեցաւ սահմանադրական հանրաքուէներու մասին:

Արցախի մէջ տեղւոյն բնակչութիւնը քուէարկեց ի նպաստ նախագահական համակարգի, իսկ ամիսներ առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կատարուած հանրաքուէին, խորհրդարանական համակարգը փոխարինեց ներկայ նախագահական համակարգին:

Ըստ երեւոյթին Ատրպէյճանի մէջ, տարբեր է կացութիւնը: Խորհրդարանական համակարգին մասին խօսիլն անգամ անտեղի է, իսկ նախագահական համակարգը այդչափ ալ գոհունակութիւն չի պատճառեր տասնեակ տարիներու աւատապետ Իլհամ Ալիեւի, որ երբեք չի փափաքիր վտանգի տակ գտնուիլ:

Հետեւաբար, անոր այլընտրանքն է իւրայատուկ համակարգ մը՝ աւատապետական, կամ աւելի ամրօրէն կառչած ըլլալու համար իր արմատներուն…եւ աթոռին՝ Ալիեւական համակարգ:
Համակարգ մը, որ ընտանեկան բնոյթ ունի:

Նախագահն է Իլհամ Ալիեւը, իսկ նորաստեղծ պաշտօնը՝ փոխ նախագահութիւնը վստահուած է, իր կողակից Մեհրիպան Ալիեւային: Նախագահին իրաւասութիւնը այնքան մը անսահման եւ անծայրածիր է, որ ան կրնայ լուծարքի ենթարկել Խորհրդարանը: Թէ ի՞նչ պայմաններու կամ իրադարձութիւններու արդիւնք: Այդ մանրամասնութիւններն ալ չեն նշուած անցեալ Սեպտեմբերին կատարուած հանրաքուէին, որուն արդիւնք կատարուած են այս «բարեփոխութիւններ»ը:

Անշուշտ հարցադրումներու շարքը կարելի է շարունակել եւ յայտնել թէ արդեօք ի՞նչ պայմաններու տակ կատարուած է այս հանրաքուէն, որուն ոչ մէկ կարեւորութիւն ընծայեցին, յատկապէս Եւրոպայի զանազան երկիրներու դէտերը: Անոնց համար յստակ էր թէ արդիւնքը՝ ընտրութենէն առաջ վճռուած էր:

Աւելի լաւ է այս դիտորդներու նիւթին մասին չխօսիլ Ալիեւ ամոլին հետ, մանաւանդ որ անոնք սաստիկ կերպով զայրացած են եւրոպացի դէտերու ներկայութենէն, վերջերս Արցախի մէջ կատարուած հանրաքուէին: Ամոլը ոչ թէ միայն ապօրինի նկատած է հանրաքուէն, այլ նաեւ ձերբակալման հռչակագրեր պատրաստած է զանազան դէտերու հասցէին…լրագրող Լափշինի ձերբակալումէն ոգեւորուած:
Կարճ փակագիծ մը բանալով եւ տասնեակ տարիներ անցեալ վերադառնալով, նշենք թէ Իլհամ Ալիեւ փոխարինած էր իր հայրը՝ Հայտարը, որուն առողջական վիճակը այնքան մը վատթարացած էր, որ իր պաշտօնը շարունակելու անկարելիութեան առջեւ գտնուած էր:

Նմանօրինակ կացութիւններու դէմ յանդիման գտնուելով, Իլհամ Ալիեւ դիմած էր այս իւրայատուկ եւ եզակի համակարգին, որուն մէկ այլ գլուխ գործոց որոշումներէն մէկն ալ այն է, թէ 18 գարուններ բոլորած երիտասարդ մը իրաւունք ունի մաս կազմելու Խորհրդարանին…եւ անշուշտ ընտրուելու նախագահ:

Յստակ է թէ որո՞ւն մասին կը խօսուի: Արդարեւ, Հայտար Ալիեւ կրտսեր արդեն իսկ 19 տարեկան է եւ կազմ ու պատրաստ մուտք գործելու աւատապետական համակարգէն ներս: Անշուշտ չմոռնանք դստերք Լէյլան եւ Արզուն, որոնք իրենց կարգին այդ համակարգէն ներս գործ ունին կատարելիք:

Հակառակ այս բոլորին, դեռ դիտմամբ «աչք կը խփուի» այս ահաւոր արտառոց եւ անմարդկային կացութեան դիմաց: Մարդկային իրաւունքներու անտեսումի, անարդարութեան եւ զեղծարարութեան մասին չէ որ կը խօսուի Պաքուի մէջ:

Հոն, բոլորովին դժոխային է կացութիւնը:

hairenikweekly.com

Փետրուար 27, 2017

Տպել Տպել