Դաշնակցութեան (Ծանր) Օրակարգը

Հ.Յ.Դաշնակցութեան Հայաստանի պետական գործիչներէն Վահան Յովհաննիսեան (այժմ հանգուցեալ) իր «Մանդիլիոն» վէպին մէջ, տեղ մը կ’ըսէ, թէ «այս դաշնակցականները յամառ մարդիկ են»։

Հիմա որ վերջ գտած են Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները, ընդհանուր տպաւորութիւնը (կամ հոգեբանութիւնը) այն է, որ վերջացաւ, հիմա կրնանք հանգիստ տուներնիս երթալ ու մեր առօրեայով զբաղիլ։

Այս մէկը կրնայ ճշմարտութիւն ըլլալ սովորական, պարզ քաղաքացիին կամ հայուն, սակայն ոչ՝ ինքզինք յարգող քաղաքական ուժի մը համար. յատկապէս Հ.Յ.Դաշնակցութեան։

Անցնող յատկապէս երկու տարիներուն ընթացքին, Հ.Յ.Դ.ն յաջողեցաւ անկիւնադարձ մը ստեղծել Հայաստանի քաղաքական կեանքէն ներս, երբ յամառ ու հետեւողական աշխատանքի շնորհիւ, յաջողեցաւ երկրի քաղաքական կառավարման համակարգը բարեփոխելու իր երկարամեայ ճիգերուն մէջ, խորհրդարանէն ներս ունենալով միայն ու միայն 5 պատգամաւոր։

Վաչէ Բրուտեան

Երբ հասան ընտրութիւնները, խորհրդարանական համակարգ ստեղծելու գաղափարին հակադրուած ուժեր «հաճոյքով» նետուեցան ընտրապայքարի։ Այս ընտրութիւններու արդիւնքները այլեւս յստակ են. ԱԺ մտան չորս քաղաքական ուժեր, որոնցմէ երկուքը դաշինքներ (Ելք եւ Ծառուկեան), իսկ միւս երկուքը կուսակցութիւններ (ՀՀԿ եւ Հ.Յ.Դ.)։ Ուրիշ խնդիր է, որ եթէ Գագիկ Ծառուկեանի անձը հաւասարութենէն դուրս բերենք, բան չի մնար այդ դաշինքէն. կամ եթէ ՀՀԿի պատկերէն դուրս բերենք նախագահ Սերժ Սարգսեանի անձը՝ դարձեալ բան չի մնար ամանին տակը։

Սակայն անցնինք մեր բուն ըսելիքին։

Մեծ հաշուով, Հ.Յ.Դաշնակցութեան օրակարգը Հայաստանն ու հայութիւնն են։ Աւելի յստակ՝ Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի ստեղծումն է, հիմնուելով ոչ միայն պատմական արժէքային համակարգին, այլ նոյնինքն միջազգային օրէնքին վրայ։ Աւելի յստակօրէն՝ Սեւրի դաշնագրին եւ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին վրայ։

Իր ռազմավարական նպատակները իրագործելու համար, Հ.Յ.Դ.ն իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրերէն մշակած է գաղափարական ամուր հիմք մը։ Այս հիմքին վրայ կառուցուած էր թէ՛ հայութեան ազատագրական պայքարը, թէ Սփիւռքի կազմակերպումը, թէ՛ Արցախի նորագոյն ազատագրական պայքարին Հ.Յ.Դ.ի մասնակցութիւնը եւ թէ՛ երկրի ներքին քաղաքական եւ ընկերային ֊ տնտեսական դրութեան մասին իր պատկերացումները։

Երբ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները կը ղեկավարէին կուտակային կենսաթոշակի նախագիծին դէմ պայքարը (զայն հասցնելով մինչեւ Սահմանադրական դատարան), այդ քայլը հիմնուած էր մեր գաղափարական սկզբունքներուն վրայ։ Երբ անցնող Ապրիլի պատերազմին ճակատ կը մեկնէին Դաշնակցութեան կամաւորները, այդ քայլը եւս հիմնուած էր մեր գաղափարական սկզբունքներուն վրայ՝ պաշտպանել հայրենիքին հողային ամբողջականութիւնը, իբրեւ խարիսխը գալիք Միացեալ Հայաստանին։ Երբ անցնող Դեկտեմբերին, երբ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համադրաբար կը ստեղծուէր պահեստազօրային գունդը, այդ մէկը եւս ունէր նոյն գաղափարական հիմնաւորումը։

Վերջապէս, երբ Դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութիւնը կը մշակէր ու կը հրապարակէր իր ընտրական ծրագիրը (փլաթֆորմ), զայն կը հիմնէր իր գաղափարական ֊ ծրագրային սկզբունքներուն վրայ, իբրեւ նախագիծ՝ մեր ժողովուրդին հետ Ազգային համաձայնութեան։ Համաձայնութիւն մը, որուն թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ ընկերային ֊ տնտեսական առաջադրանքներու իրագործումը պիտի հանդիսանայ այն ապահով խարիսխը, որուն վրայ պիտի կառուցուի ապահով, ուժեղ, բարգաւաճ, բայց մանաւանդ՝ արդա՛ր Հայաստանը։

Հայաստանի մէջ, այս պայքարի մարտադաշտը խորհրդարանն է առաջին հերթին։ Այդ պայքարը հիմա կը մտնէ նոր փուլ մը, որովհետեւ մէկ տարի վերջ, Հայաստան ամբողջութեամբ պիտի անցնի կառավարման խորհրդարանական դրութեան։

Առաջին հերթին, այս խորհրդարանին մէջէն պիտի մղուի կռիւը՝ ի խնդիր մեր գաղափարական սկզբունքներուն եւ քաղաքական նպատակներուն։ Այս խորհրդարանին մէջէն պիտի մղուի մեր ժողովուրդի ընկերային ֊ տնտեսական շահերը պաշտպանելու կռիւը՝ իր բոլոր երեսներով։ Այս խորհրդարանն է, որ գործադիր իշխանութեան հսկելու պատմական դերը պիտի խաղայ, անկախ անկէ, թէ ո՞վ կամ որո՞նք են մեծամասնութիւնը հոն. որովհետեւ Դաշնակցութիւնը եւ դաշնակցականները «յամառ մարդիկ են»։

Կռիւի միւս ճակատը հանրային ֊ ժողովրդային բնագաւառն է, ուր մեծ է մարտահրաւէրը ժողովուրդին աւելի լայնօրէն բացատրելու մեր գաղափարական ու քաղաքական սկզբունքները, որպէսզի յառաջիկայ ընտրութիւններուն, թէ՛ մեծ Դրամագլուխին ազդեցութիւնը նուազի եւ թէ՛ ժողովուրդին կամքը առաւելագոյն չափով արտայայտուի։

Եւ տակաւին կայ սփիւռքեան ճակատը, ուր դաշնակցական գործիչները ծանր յանձնառութեան տակ են Հայաստանի ու հայութեան շահերը պաշտպանելու համար։ Հո՛ն է, որ ճիգ կը թափուի քոնկրէսականներուն մօտ, որպէսզի կանգնին արդարութեան կողքին. հո՛ն է որ աշխատանք կը տարուի ճանաչման ճամբով Թուրքիոյ վրայ ճնշումը ուժեղացնելու. հո՛ն է որ քաղաքական շփումներու ճամբով կ’առաջարկուի տնտեսապէս զօրակցելու Հայաստանին, որպէսզի կարենայ Սուրիայէն կամ Իրաքէն հասած հայորդիներուն համար աւելի նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել։

Սփիւռքի մէջ է, որ դաշնակցական գործիչները, իրենց քաղաքական կապերով, կը փորձեն դիւրացնել Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ գործակցութեան բանակցութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ Հայաստանի համար աւելի նպաստաւոր պայմաններու շուրջ համաձայնութեան յանգիլ։

Դարձեալ Սփիւռքի մէջ է, որ հայութեան կրթական ու ազգային կեանքը զարգացնելու խնդիրը մնայուն օրակարգի վրայ է դաշնակցական մարմիններուն մօտ։ Նոյն մարմիններուն օրակարգին վրայ են տեղ մը տեղական ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը, ուրիշ տեղ մը ամուսնութիւնները եւ բազմազաւակութիւնը քաջալերելու ճամբով ընկերային առողջ միջավայր ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը։

Աշխարհաքաղաքական անխնայ ռազմադաշտի վերածուած Սուրիոյ մէջ, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնն ու դաշնակցականները անկարելի փորձեցին, պաշտպանելու համար տեղւոյն հայութիւնը։ Ի հարկին վճարուեցաւ սուղ գին՝ մարդկային զոհերու եւ զոհողութիւններու ճամբով։ Բայց մնաց յամառ կամքը։

Սփիւռքի մէջ գործող դաշնակցական մարմիններուն համար երբե՛ք ինքնանպատակ չեն տեղւոյն համապետական կամ տեղական ընտրութիւններուն սեփական թեկնածուներ առաջադրելը, կամ այլ թեկնածուներու զօրակցիլը։ Ըլլա՛յ Հայաստանի, ըլլա՛յ Սփիւռքի մէջ, Դաշնակցութեան համար երբեք ինքնանպատակ չէ եղած պետական վարչամեքենայէն ներս կարեւոր պաշտօններ կամ պատասխանատուութիւն ստանձնելը։ Այս բոլորը ունին սկզբունքային հիմնաւորում եւ ուղեցոյց. այս ուղեցոյցը հայութեան շահերու պաշտպանութիւնն է, ուր որ ալ ըլլայ ատիկա։

Ահաւասիկ ամփոփ քարտէսագրումը Դաշնակցութեան մղած ու դեռ մղելիք կռիւի խրամատներուն, Թալիշէն մինչեւ Պրիւքսել, Պէյրութէն մինչեւ Ուաշինկթըն, Հալէպէն մինչեւ Պուէնոս Այրես։

Կ’ուզենք ճիշդ հասկցուիլ։ Այս մեծ քարտէսը նկարագրելու մեր ճիգը թող չմեկնաբանուի իբրեւ միանձնեայ հոգեբանութիւն։ Գործակցութիւնը միշտ ալ եղած է Դաշնակցութեան օրակարգին վրայ. Դաշնակցութիւնը միշտ ալ գործակցած է բոլոր այն ուժերուն հետ, որոնց հետ նպատակային հասարակ յայտարարներ կարելի եղած է ստեղծել։ Գործակցութիւն եղած է նոյնիսկ գաղափարականօրէն հակադիր ուժերու հետ, միշտ այն պայմանով, որ թիրախը մնայ ռազմավարական հասարակաց նպատակը։

Այս տողերուն մէջ, ոչ ոք թող փորձէ ամբոխավարութիւն տեսնել. մենք արձանագրեցինք միայն չորուցամաք իրականութիւնները, որոնք ծանր են։
Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ մղել իր կռիւը, այդ մէկը օտար ուժերուն համար հաճելի ըլլայ կամ ոչ։ Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ հետապնդել իր օրակարգը, ինչքան ալ ընդարձակ ըլլայ ատոր աշխարհագրութիւնը։

Ճիշդ էր Վահանը. «Այս դաշնակցականները յամառ մարդիկ են»։

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

13 Ապրիլ 2017
Լոս Անճելըս

Տպել Տպել